95 տարիներ առաջ նենգաբար զգետնուեցաւ անª որովհետեւ ուխտաւոր մըն էր. գաղափարի՛ ուխտաւոր:
Համամարդկային, ազգային թէ ընկերային մեծ ու վեհ գաղափարներ կենսակոչուելու համար, պարտադրաբար կարիքն ունին ուխտաւորներու: Շարքային զանգուածներ, առհասարակ սովորական մարդիկ, բնականաբար, կը տատամսին կամ կը թուլանան վսեմագոյն գաղափարներու դիմաց: Մինչ օրուան դաժան հրամայականներէ ծնած անձնդիր ուխտաւորներ, քանդելով բազմապիսի արհեստական պատնէշներ, կը կամաւորագրուին մեծ ուխտինª որպէս հաւատարիմ ու հաւատաւոր մարտիկներ:
Սարգիս Քէտէրեան (Տխրունի) ուխտաւորը իր կեանքի ուխտագնացութիւնը սկսաւ Կիլիկիոյ Սիս քաղաքէն եւ հոն արդէն ուխտած էր ըլլալ գաղափարի աննկուն զինուորª դեռ վաղահասª երդում տալով Հնչակեան Կուսակցութեան բոսորագոյն դրօշին: Կուսակցութեան առաջադրած դաւանանքը զուտ ազգային բնոյթ չունէր բնաւ: Ուխտեալը իր կեանքի անբաժան մաս պարտաւոր էր դարձնել նաեւ ճնշեալ ժողովուրդներու եւ իրաւազուրկ խաւերու անհաւասար պայքարը: Ուխտեալը պարտէր իմանալª որ յանուն արդարութեան պայքարը կեանքի կենսաձեւ էր, գերագոյն նպատակ եւ զոհողութեանց ամենանուիրական խթանը: Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր ծննդեան առաջին օրէն իսկ այս սկզբունքը դարձուցած էր իր գաղափարական զինանոցին հիմնական տարրը: Վերնախաւերու, փարթամասէր շերտերու, շահագործող ու վաշխառու խաւերու բուռնօրէն ընդդիմացող դասակարգին առաջին ու մարտաշունչ պաշտպաններէն էր անª ազգային ազատագրութեան զուգահեռª ընկերային հաւասարութեան ձգտող իր աներեր սկզբունքով:
Այս գիտակցութեամբ եւ բոլորանուէր յանձնառութեամբ ուխտաւոր Տխրունին իր կեանքը առնչեց անզիջում եւ անդադրում գօտեմարտով Կիլիկիոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ե՛ւ հրապարակային ելոյթներով, ե՛ւ հրապարակագրութեամբ, ե՛ւ դաստիարակչական ու կազմակերպչական աշխատանքներով, ե՛ւ մամուլով: Այս յանդուգն ծառացումին դիմաց, բնականաբար, պիտի անհանգստանային ֆրանսական գաղութարար ուժեր, յետադիմականներ, լուսամերժ խաւարասէրներ, թուլակամներ: Ուխտաւորին պայքարը ինքնին պայքարն էր արաբական դատին, յափշտակեալ շերտին արդարաձայն աղաղակին եւ գաղթակայաններու մէջ ծուարած թշուառ ու չքաւոր, բնահան ու հայրենաբաղձ բեկորներուն:
Արդարեւ, ի՞նչպէս պայքարեցաւ ուխտաւորը.- պիտի հարցնեն շատեր: Ի՞նչ կռուան ունէր հնչակեան զինուորագրեալը.- պիտի փորփրեն հարցասէրներ:
Իր ողջ էութեամբ ըլլալով հնչակեան ուխտաւոր, ուրեմնª ընկերվարութեան եւ լաւատեսութեան բարեմասնութիւններով օժտուած, կեանքի մռայլ ամպերէն անդին տեսաւ լոյսը, յոյսը եւ գաղափարապէս լուսաւորեց շուրջբոլորըª առաջնորդելով մոլոր ու շփոթ ամբոխները: Նախª հայոց խլեակները լուսաւորեց Խ. Հայաստանի հզօր փաստովª յայտարարելովª ՙՀո՛ն, Արարատի փէշերուն պիտի զարնենք մեր վրանները՚. եւ այս այն ժամանակաշրջանին, երբ շատեր թերահաւատ էին, չարամիտ էին եւ չէին վարաներ ցեխ ու մուր շպրտել Հայաստանի հասցէին: Լուսաբաշխ ուխտաւորը հայրենասիրութեան դասն ու հաւատամքը դարձուց անսակարկելի կէտ-նպատակ: Լոյս էր պէտք այդ օրերուն եւ ուխտաւորը ի հեճուկս խաւարամէտ մարդոցª եղաւ լոյսի զինուոր: Միւս կողմէ, ուխտաւորը կը համակրէր արաբ զանգուածներուն, որ նոյնպէս զոհն էր մեծերու գծուծ հաշիւներուն: Ազգային եւ կրօնական տարբերութիւնները մէկդի դրած, արաբներուն մօտ ուխտաւորը տեսաւ այն դաշնակից ուժը, որ կարիքն ունի լոյսի, արդարութեան եւ մարդկային տարրական իրաւունքներու: Այս վճռական վարքագիծը, որ ցայտուն էր արդէն, գրգռեց բռնատիրութեան մականը, որ հալածելով ուխտաւորըª Հալէպէն զինք աքսորեցին Արուատ կղզի, մեկուսացուցինª ենթադրելով որ կը կքի, կ՛անճրկի ուխտաւորը: Բայց, ի՜նչ հեգնանք, ուխտաւորը գաղափարապէս ջրդեղուած այն պողպատեայ կամքն էրª որ տոկաց եւ շարունակեց իր անյեղլի ուխտագնացութիւնը:
Ուխտաւորը հասաւ Պէյրութª նոյն առաքելութեամբ: Ոչ վայրը եւ ոչ պայմանները կրնային շեղել ուխտաւորին երթը: Եւ ան այս անգամ ուսուցչութեամբ եւ երիտասարդական աշխատանքներով իր լուսաւոր ջահը վառեց նորափթիթ երիտասարդութեան մօտ: Հնչակեան գաղափարական դպրոցը արդէն իր սաղմին մէջն էր, սկսած էր ուռճանալ, ծաղկիլ եւ վտանգ սպառնալ շատերու: Եւ ահա դաւադրութիւնը չուշացաւª խաղաղեցնելու համար խռովեալ ֆրանսացի գաղութատէրները: Իրենց համար արդարութեան, ազգային եւ մարդկայնական ձայները տհաճ ու խռպոտ աղմուկներ էին: Եւ հետեւաբարª վճիռը եղաւ բաւականին սարսռալիª եղբայրասպան գնդակով տապալել ուխտաւորը (17 Յունուար 1929): Ուխտաւորը արիւնլուիկ ինկաւª մեծ ուխտագնացութեան երկար ճանապարհին… ինկաւ լուսաճաճանչ ջահը ձեռքին… ինկաւ հայրենիքի կարօտը սիրտին… ինկաւ արդարութեան պայքարը կիսատ ձգած… սակայնª ինկաւ անմահանալու համար:
Ուխտաւորը երիտասարդ հասակին հեռացաւ այս աշխարհէնª ճանապարհ բանալով նոր ուխտաւորներու, ուխտապահ ընկերներու, ուխտի եւ գաղափարի զինակիցներու:
ՙՊարծա՛նք քեզի հազա՛ր պարծանք, ո՛վ մեծ անմահ Տխրունի՚ երգով, հնչակեան պինդ շարքերը, տասնեակ տարիներէ ի վեր, տարբեր գաղութներու մէջ, կը նորոգեն իրենց ուխտըª իրենց աչքերն ու միտքերը յառած մեծ ուխտաւորին: Յստակ է թէ ինչու.- ուխտաւորին սկսած գործն ու առաքելութիւնը շարունակելª անայլայլօրէ՛ն եւ անվարանօրէ՛ն: Եւ ի՞նչ կրնար հրիտակել ուխտաւորը որպէս սրտի ու գաղափարի մխիթարանքª եթէ ոչª նոր ուխտաւորներուն պատգամելª մնա՛լ անսակարկօրէն հայրենասէր, ըլլա՛լ անշահախնդրօրէն ընկերվարական եւ հաւատա՛լ գաղափարական այն ուխտինª որ կը տարածէ արդարութիւն, հաւասարութիւն, լոյս եւ յոյս:
Խունկ ու յարգա՛նք մեծ ուխտաւորի անթառամ յիշատակին, որ 95 տարիներ առաջ ինկաւª սրբազան ուխտը սիրտին: