Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԿՐՆԱՅ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻԼ ՄԻՆՉԵՒ 2025

January 19, 2024
in Միջազգային
0
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԿՐՆԱՅ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻԼ ՄԻՆՉԵՒ 2025

Կազայի պատերազմի սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, Քաթարէն դեղորայք ուղարկուեցաւ Կազայի մէջ արգելափակուած իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցի քաղաքայիններուն: Այսուհանդերձ, Համաս նոր պայմաններ առաջադրեց համաձայնութիւնը գործադրելու համար, պահանջելով իսրայէլացի գերիներուն յատկացուած դեղի մէկ տուփին դիմաց հազար տուփ յատկացնել պաղեստինցիներուն: Յիշեցնենք, որ քաթարեան-ֆրանսական միջնորդութեամբ նախանցեալ գիշեր համաձայնութիւն գոյացած էր մարդասիրական օգնութիւն փոխանցելու պաշարուած պաղեստինցիներուն, միաժամանակ դեղ տրամադրելով պաղեստինեան կազմակերպութիւններուն քով արգելափակուած իսրայէլացիներուն:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ըստ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի արժեւորումին, Համասի դէմ պատերազմը երկար պիտի տեւէ եւ կրնայ շարունակուիլ մինչեւ 2025 թուական:

Պաղեստինեան առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Կազայի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած յարձակումներուն ընթացքին զոհուած մարդոց թիւը բարձրացաւ առնուազն 24.500-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւըª աւելի քան 61.500-ի: Ըստ նախարարութեան երէկուան յայտարարութեան, 24 ժամուան ընթացքին ինկած է 163 զոհ ու 350 վիրաւոր եւսª իսրայէլեան 16 սպանդի պատճառով:

Համասի ՙՔասսամ՚ զինեալ թեւը յայտարարեց, որ Կազայի Խան Եունէս շրջանին մէջ թիրախաւորած է իսրայէլեան զօրախումբ մը եւ անոր անդամներուն հետ բախածª պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնաս:

Իսրայէլեան բանակը միւս կողմէ նշեց, որ սպայ մը եւ զինուոր մը մահացած են Կազայի հիւսիսային շրջանին մէջ երէկ տեղի ունեցած մարտերու ընթացքին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՈՒԺԵՐ-ՀՈՍԱՆՔ ԲԱՆԱՎԷՃ

Next Post

ՊԱՔՈՒՆ ՊԱՏԺԵԼՈՒ ԿՈՉ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ

Next Post
ՊԱՔՈՒՆ ՊԱՏԺԵԼՈՒ ԿՈՉ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ

ՊԱՔՈՒՆ ՊԱՏԺԵԼՈՒ ԿՈՉ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.