Գրեթէ ամէնամեայ աւանդութիւն դարձած է Ս. Ծնունդի Խթման գիշերուան խրախճանքը՝ կազմակերպութեամբ Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան:
Ուրբաթ, 5 Յունուար 2024-ի երեկոյեան, «Ալ Սարայ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցող ճաշկերոյթ-պարահանդէսին ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան, Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեան եւ անդամներ, Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ ՀԿԲՄ-ի ատենապետ Արամ Մալեան, ՀՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Միսաք Նաճարեան, ՍԴՀԿ մասնաճիւղերու եւ յարակից միութիւններու ընդամներ եւ Տ.Ո.Ե.Մ.-ի մեծ ընտանիքը:
Ճաշարանը ամբողջութեամբ լեցուցած ներկաները բարձր տրամադրութեամբ հաւաքուած էին վայելելու Սուրբծննդեան մթնոլորտը, որ իր երգերով եւ կատարողութեամբ ճոխացուց Յովիկ Թաֆրանեան՝ «Կիլիկիա» նուագախումբի ընկերակցութեամբ:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Տ.Ո.Ե.Մ.-ի ատենապետ Ընկ. Սեւակ Իզմիրլեան, որ նախ նշեց, որ հակառակ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական զանազան խոչընդոտներու, Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւնը լիբանանահայ Ուսանողական-երիտասարդական տարողութեամբ բոլոր միջոցառումներուն մէջ բերաւ իր գնահատելի մասնակցութիւնը: Ընկ. Իզմիրլեանի խօսքով, հնչակեան ուսանողական-երիտասարդական միաւորը կը շարունակէ իր դաստիարակչական, գաղափարախօսական գործընթացը, սերունդներ պատրաստելու իր հերթական հանդիպումներու շարքը: Ան նաեւ ընդգծեց նուիրումով եւ անսակարկ գործունէութեամբ հետեւորդները ըլլալու Սարգիս Տխրունիի գաղափարախօսութեան եւ հայրենասիրութեան մեծ դպրոցին: Իր խօսքի աւարտին, Տ.Ո.Ե.Մ.-ի ատենապետը երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն գաղափարակիցներուն եւ ազգայիններուն, որոնք հաւատալով Տ.Ո.Ե.Մ.-ի առաքելութեան, սատարեցին անոր գործունէութեան յաջողութեան:
Այնուհետեւ, հանդիսութիւնը վարեց Ընկ. Գօգօ Մխճեան, ներկաները հրաւիրելով որախ պահեր անցընելու եւ նոր տարին դիմաւորելու լաւատեսութեամբ: Խրախճանքին հաճելի մթնոլորտը երաշխաւորեց երգիչ Յովիկ Թաֆրանեանը, որուն երգեցողոթիւնը մերթ ընդ մերթ կ’ընդհատուէր նուիրատուութեան յայտարարութիւններ կատարելու, ներկաներուն քոթիյոններ բաժնելու եւ վիճակահանութեան արդիւնքները ներկայացնելու համար:
Օրուան վերջին բաժնով նաեւ տեղի ունեցաւ տօնական կարկանդակի հատում, որուն յաջորդեց կուսակցական երգերու կատարումը, մասնակցութեամբ հնչակեան երիտասարդներու, որոնք մինչեւ գիշերուան ուշ ժամեր հայրենասիրական ոգին դրսեւորեցին մասնակցելով երգեցողութեան:
Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող բազմապիսի դժուարութիւններուն, Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւնը յաջողեցաւ այս խրախճանքով զուարթ եւ ցնծագին տրամադրութեան առիթ ստեղծել, որուն համար կը շնորհաւորենք Միութեան ատենապետն ու անդամները եւ անոնց կը մաղթենք լիակատար յաջողութիւն իրենց բոլոր գործունէութիւններուն մէջ:
ԹՂԹԱԿԻՑ