Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ 7 Հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր սկսած Կազայի հատուածին մէջ տեղի ունեցող պատերազմի ընթացքին 2511 զինուորներ վիրաւորուեցան, որոնցմէ 1099 վիրաւոր ցամաքային գործողութեան սկիզբէն ի վեր:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ Քաթարի միջնորդութեամբ դեղ պիտի հասցնեն իսրայէլացի գերիներուն, որոնք կը մնան բանտարկուած Համասի մօտ: