Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

 ՙԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՊԷՏՔ Է ԱՆՎՏԱՆԳ ԵՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՏՐՈՒԻ՚

Կ՛ԸՍԷ ՄԻՅԱԹՈՎԻՉ

January 15, 2024
in Հայաստան
0
 ՙԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՊԷՏՔ Է ԱՆՎՏԱՆԳ ԵՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՏՐՈՒԻ՚

 

ՙՀայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները իրենց խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ պէտք է կեդրոնանան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ եւ հակամարտութենէն տուժած բոլոր անձերուն համար հաստատեն մարդու իրաւունքներու կայուն երաշխիքներ՚, ըսած է Եւրոպայի Խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյաթովիչըª հրապարակելով իր դիտարկումները 2023 թուականի Հոկտեմբեր 16-23-ին Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Լեռնային Ղարաբաղ այցէն յետոյ: Տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ էր, որ նման իրաւապաշտպան առաքելութիւնը կրցաւ այցելել ԼՂ:

Ողջունելով Հայաստանի իշխանութիւններուն ջանքերըª Լեռնային Ղարաբաղէն ժամանած բոլոր կարիքաւորներուն առաջին տարրական օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ, յանձնակատարը ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած ԼՂ հայերուն եւ, մասնաւորապէս, խոցելի խումբերու պատկանողներուն, պէտք է երաշխաւորուի անհրաժեշտ աջակցութեան հասանելիութիւն անմիջական, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ: ՙԵւրոպայի Խորհուրդի անդամ երկիրները պէտք է կեդրոնանան ֆինանսական աջակցութեան վրայ, ապահովեն, որ տեղահանուածներու եւ զանոնք ընդունող բնակչութեան մարդասիրական կարիքները լիովին բաւարարուին՚, աւելցուցած է յանձնակատարը:

Միյաթովիչ ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղահանուած ԼՂ հայերուն պէտք է հնարաւորութիւն տրուի վերադառնալու ապահով եւ արժանապատիւ, նոյնիսկ եթէ այդ ենթադրական կը թուի այս պահուն, ներառեալ ճկուն լուծումներ գտնելու միջոցով, մասնաւորապէսª կապուած անոնց քաղաքացիութեան եւ իրաւական կարգավիճակի հետ: ՙՄինչ հնարաւոր վերադարձը, պէտք է անյապաղ ուղիներ գտնել, այդ շարքինª անվտանգութեան երաշխիքներ հաստատելով, որ ղարաբաղցի հայերը ժամանակաւորապէս մուտք գործեն իրենց տուները կամ սովորական բնակութեան վայրերը եւ այցելեն գերեզմաններ, ուր թաղուած են հարազատները: Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է ապահովել, որ ղարաբաղցի հայերուն թողած ունեցուածքը պաշտպանուած ըլլայ թալանէ, գողութենէ կամ զաւթումէ: Այն սակաւաթիւ հայերը, որոնք մնացած են Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ, նոյնպէս պէտք է օգտուին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութենէն, այդ շարքինª ազատ տեղաշարժի իրաւունքէն՚, նշած է Միյաթովիչ:

ՙՄիջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտման եւ հակամարտութեան հետ կապուած մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներու մասին բոլոր մեղադրանքները պէտք է արդիւնաւէտ եւ անյապաղ հետաքննուին, մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկուին արդար, անկախ եւ անաչառ դատավարութենէ յետոյ: Այդ կը ներառէ մեղադրանքներª կապուած Լաչինի միջանցքի արգելափակման հանգամանքներու, ղարաբաղցի հայերու զանգուածային տեղահանման եւ Սեպտեմբեր 19-20-ի ռազմական գործողութեան հետ՚, ըսած է յանձնակատարը£

Տունիա Միյաթովիչի դիտարկումներուն մէջ արծարծուած մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ այլ հարցերը կը ներառեն մարդիկը ականներէ եւ պատերազմէ մնացած պայթուցիկներէ պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը, հակամարտութեան պատճառով ձերբակալուած անձերու վիճակը, ներառեալ անոնց կալանքի պայմաններն ու ընտանիքներու հետ շփման մակարդակը, հակամարտութեան ընթացքին անյայտ կորսուածներու ճակատագիրը պարզելու եւ անոնց ընտանիքներուն պատասխաններ տալու կարեւորութիւնը: Ի վերջոյ, յանձնակատարը երկու երկիրներու իշխանութիւններուն կոչ ըրած է պայքարելու ատելութեան խօսքի դէմ եւ խթանելու փոխըմբռնումն ու վստահութիւնը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՓԱՐԻԶ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԳՈՐԾԱՐԱՐԻՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Next Post

ԼՌԵԼԵԱՅՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԼՌԵԼԵԱՅՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

ԼՌԵԼԵԱՅՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.