ԴԱԼԱՐ ԵՍԱՅԻ ԱՂՊԱՇԵԱՆԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸª
ԻՆՔՆԱՏԻՊ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐՈՒ ՃՈԽ ՀՈՅԼՈՎ
Նկարչական արուեստը, իր պաստառային թէ շրջանակային տարբերակներով, միշտ ալ գրաւած է իւրայատուկ տեղ ու դեր, որովհետեւ, որքան ալ թատրոնը, կերպարուեստը, երգարուեստը, շարժապատկերը, իրենց զանազան արտայայտութիւններով, գոյներով եւ երանգներով յատկանշելի ըլլան, ան կ՛առանձնանայ իր բազմակողմանիութեամբ, բազմաշնորհութեամբ ու բազմագրաւչութեամբ:
Նկարչական արուեստը, աշխարհի ժողովուրդներուն համար հանդիսացած է այն կալուածը, ուր ան դարձած է այնպիսի բեմահարթակ մը, որ մարդկութիւնը, բնութիւնը, դիմաքանդակութիւնը, տեսարանապաշտութիւնը ու բազմաթիւ այլ ու քովնտի պատկերներ կը զուգորդէ, կ՛ընդգրկէ, կը միացնէ, կը խորհրդանշէ, իր դիպուկ ճառագայթումներով, լուսաւորումներով, շեշտադրումներով եւ անուանարկումներով:
Վստահաբար, այս է պատճառը, որ նկարչական արուեստը լայն ժողովրդականութեան արժանացած է, արուեստասէր հասարակութիւններ զայն նկատելով այն պատուանդանը, ուրկէ կարելի է խորաչափել ու գնահատել բազմագոյն երեսներ եւ երեւոյթներ, որոնք իրենց տեսականիով եւ որակով կրնան խայտաբղէտ համանկարներու հորիզոններ բանալ:
Պատահական չէ, որ, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապներուն-ապահովական, քաղաքական, տնտեսական եւ այլն, արուեստը կը մնայ գերիշխող ու փնտռուած, իր հարուստ ոլորտներով, ընդ որումª նկարչականը գտնուելով առաջին գիծի վրայ:
Կը նշանակէ թէª լիբանանցի արուեստագէտ եւ արուեստասէր հասարակութիւնը ո՞րքանով կառչած է նկարչական արուեստի կախարդականութեան, ո՞րքանով կ՛ապրի անոր հմայքներով ու գեղեցկութեամբ, ո՞րքանով անիկա կը հրապուրէ ու կ՛ոգեւորէ զինք:
Յիշատակելի է նաեւ, որ լիբանանցի ու լիբանանահայ բազմաթիւ տաղանդաւոր գեղանկարիչներ, իրենց ստեղծագործութիւններով ոչ միայն արժեւորած են իրենց շնորհալիութիւնները, այլեւ հարստացուցած լիբանանեան գեղարուեստի այս մարզը, դառնալով անուանի ու հեղինակաւոր վաստակաւորներ, պատիւ բերելով իրենց հայրենիքին:
Ասով է, որ Լիբանանի մէջ նկարչական արուեստին կը տրուի յատուկ իմաստ, դպրոցներէն եւ արուեստանոցներէն ներս կարեւորելով զայն, հասցնելով արժանաւոր ու խոստմնալի սերունդներ, մինչ գեղարուեստից տուներն ու հիմնարկները գործելով ամէնուրեք, ճոխ ու բազմաշերտ իրենց ցուցադրութիւններով կը լիացնեն ու կը գերեն դիտորդները:
***
Այդպիսի նշանաւոր ցուցասրահ-կեդրոն մըն էª ՙMARFA՚-ն, (իմաª նաւահանգիստ հասկացողութեամբ), որ գտնուելով նաւահանգիստի լանջին, արդէն դարձած է արուեստի եւ արուեստագէտներու հաճելի եւ ուսանելի հաւաքավայր մը:
Արուեստանոցի տնօրէնութիւնը, գլխաւորութեամբ ժրաջան Տիկ. Ճումանա Օսէյլիի, կազմակերպած էր յատուկ ցուցահանդէս մը, Լոնտոնէն հրաւիրելով լիբանանահայ Դալար Եսայի Աղպաշեանը, որպէսզի ան իր նորագոյն գործերը ցուցադրէ արուեստասէր հասարակութեան:
Նշելի է, որ Դալարը 2018-ին, արդէն նոյն արուեստի տան մէջ հանդէս եկած է ցուցադրութեամբ, արժանանալով մեծ գնահատանքի եւ արձանագրելով բարձր յաջողութիւն:
Ան 1998-էն ի վեր կը գծէ եւ իր գործերը ցուցադրուած են Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Լիբանանի եւ UAE-ի մէջ, ինչպէսª Պէյրութի Սըրսոք պալատին մէջ (2003, 2004, 2007) եւ այլ նշանաւոր ու հանրածանօթ կեդրոններու, Պէյրութ թէ այլուր:
Իսկ 2005-ին, Պէյրութի ֆրանսական դեսպանատան մշակութային կեդրոնին, ապա, 2015-ին, Տուպայի մէջ եւս ցուցադրած է իր գործերը, հուսկª արժանանալով Անգլիոյ Ճոն Մուրզ բարձրարժէք մրցանակին:
Այժմ, ան կ՛ապրի Լոնտոնի մէջ ու հոն կը շարունակէ ստեղծագործել, անմիջական ապագային յաջորդաբար նաեւ ցուցադրելով Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ:
Դիտել տանք, որ Դալարը շրջանաւարտ է ՀԲԸ Միութեան Դարուհի Յակոբեան վարժարանէն, ապա, աւարտածª Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուեստից բաժինը, ստանալով BA վկայականըª 2003-ին, այնուհետեւ մասնագիտանալով Լոնտոնի Արուեստի ու Գծագրութեան բաժնին մէջ, MA տիտղոսովª 2008ին, յետոյ ալ շարունակելով ուսումը Լոնտոնի Պըրքպէք համալսարանին մէջ 2010-ին:
2003-2007-ին, դասախօսած է Լիբանանի ՙՄանար՚ համալսարանին մէջ (Թրիփոլի), ինչպէս նաեւ Լոնտոնի NHM եւ VLA թանգարաններուն մէջ (2009-ին եւ 2010-ին):
***
Ցուցադրութեան բացումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2023-ին, ՙՄարֆա՚ի ցուցասրահին մէջ, ժամը 6:00-ին, ի ներկայութեան արուեստասէր ընտրանի հասարակութեան մը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի, Գանատայի ու Ֆրանսայի դեսպաններուն, որոնք ճեմելով սրահներուն մէջ, իրենց հիացմունքն ու սքանչացումը յայտնեցին, զմայլելով պաստառներու տպաւորիչ ու գօտեպնդիչ գեղեցկութիւններուն:
Դալարը, արուեստասէր ներկաներուն հետ իր հանդիպումը սկսաւ, նախª բացատրութիւններ տալով իր արուեստի հնարքներուն, ոճերուն եւ եղանակներուն մասին, ապա, ներկայացնելով իւրաքանչիւր նկարի մասինª իր պատկերացումները, շարժառիթներն ու ուղեգիծերը, որոնք տուն տուած են այս գեղարուեստական ակունքներուն, իր ներաշխարհի մտածողութեամբ ու զգացականութեամբ բնանկարներ ստեղծելու, դրոշմելու եւ կենդանացնելու գծանկարային արուեստին իրականացման յատկանիշերով:
Այս բացատրութիւնները, մերթ ընդ մերթ, ֆրանսերէնով, կը թարգմանուէին արուեստագիտակ Լեթիսիայի կողմէ, որ աւելի աշխոյժ կը դարձնէր զրուցավարութիւնը:
Արուեստագիտուհիին վկայութեամբ.
– Ամէն ինչ ծառ է, ունենալով իր ճիւղերը, տերեւներն ու ծաղիկները, որոնք կը գտնուին ու կը շնչեն կենդանութեան եւ անդէականութեան միջեւ, առանց որ իրարմէ բաժնուին կամ անջատուին:
– Իմ բնապատկերներս դանդաղաշարժ անցումներ են, դաշտանկարային նիւթերով, բայց, միշտ անոնց մէջ գտնելով իրապաշտական տեսարաններ, որոնք կը վերապրին կամ կը նշմարուին մեր շրջապատին ու միջավայրին մէջ, զանոնք տեսնելու եւ շօշափելու ճշմարտութեամբ:
Բացայայտ է, որ Դալարը փիլիսոփայական խորքով ու լիցքով ողողուած արուեստագիտուհի մըն է, որ ունի իր ուրոյն տեսիլքն ու աշխարհը եւ ատոնց վրայ հիմնուելով կը ստեղծագործէ, միշտ ինքնատիպ գիծերով ու պատկերներով, հայեացքներով եւ արտայայտամիջոցներով, դառնալով իր կոչումին հարազատ կրողը:
Թէեւ իր պաստառները օղակուած շղթաներով զիրար կ՛ամբողջացնեն ու կը համալրեն, սակայն իւրաքանչիւրը իր մէջ կը պարփակէ ու կը խորացնէ մարդն ու բնութիւնը, շարժումն ու յատկանիշը, որոնց միջոցով կը ձեւաւորուի ու կը դրոշմուի ճոխաճրագ բնապատկերի մը այս կամ այն նկարագրութիւնը ու թարգմանութիւնը, վերածուելով խօսուն ու էացնող լիարժէքութեան մը:
Թափանցելու համար Դալարի բնապատկերներու շահեկանութեան եւ արդիականութեան մէջ, անհրաժեշտ է ունենալ սուր դիտողականութիւն, փափկանկատ զգացողութիւն ու պայծառ դատողութիւն, որովհետեւ ամէն մէկ անկիւնի ու ծալքին մէջ կայ թաքնուած ու պարզորոշ միտք մը, նորութիւն մը, այժմէականութիւն մը, որոնք ձուլուելով իր ամբողջականութեան մէջ, ծնունդ կու տան իրապաշտական դպրոցի բարիքներուն, ճառագայթական փայլուն ցոլքերով:
Վերջին հաշուով, Դալարին արուեստը ԿԵԱՆՔՆ է, իր լիիրաւ մասնիկներով եւ յենակներով, այն կեանքը, որ կապուած է ՀՈՂԻՆ հետ եւ մէկը միւսին կու տայ փայլք ու հմայք, ատոր մէջ տեսնելով յաւիտենականութեան երթը, իր զանազան ճիւղաւորումներով ու բաժանումներով:
Կասկած չկայ, որ Դալարը, իր ինքնուրոյնութեամբ եւ իւրայատկութեամբ, գեղարուեստական բնագաւառին մէջ ունի իր ինքնադրոշմ տեղը ու կը պարուրուի սլացիկ անհատականութեամբ մը:
Կը շնորհաւորենք մեր սիրելի արուեստագիտուհին, կը գնահատենք անոր արուեստի թռիչքը, մաղթելով անսահման յաջողութիւններ ու բարգաւաճ հեռանկարներ, օր մըն ալ իր գործերը տեսնելով հայրենի ոստաններուն մէջ:
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Ծանօթ.- Ցուցահանդէսը կը տեւէ ԵՐԿՈՒ ամիս:
Նկար 1. Արուեստագիտուհինª Պարոյր Աղպաշեանի հետ
Նկար 2. Just After Seven
Նկար 3. Mamoth at the Museum