Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի 75-ամեակին նուիրուած երեկոյին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանին£
ՙԱյստեղ ես կ’ուզէի աւելցնել Հայաստանի խիզախութիւնը, որ որոշեց միանալ Հռոմի կանոնադրութեան, շատ ուշագրաւ ժեսթ մըª հաշուի առնելով, որ վերջին քանի մը ամիսները իրենց բաժին ողբերգութիւնները բերին այս երկրին եւ այս ժողովուրդին՚, ըսած է Մաքրոն£ Այս մասին X-ի իր էջով յայտնած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տեքոթինյին£