Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄՆԵՐԸ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

December 14, 2023
in Հայաստան
0
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄՆԵՐԸ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

 

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարտին Գալստեանի կարծիքովª բոլորին մօտ կայ այն ընկալումն ու գիտակցումը, որ գնաճը չարիք է, հետեւաբար Կեդրոնական դրամատունը իր ամբողջ գործիքակազմով մշտապէս պիտի պայքարի, որպէսզի Հայաստանի մէջ գնաճը ըլլայ ցած ու կառավարելի, որովհետեւ այդ է այն գլխաւոր նախապայմանը, որու առկայութեան պարագային երկիրները կ’ունենան կայուն եւ աշխոյժ զարգացող տնտեսութիւն£

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Գալստեան նշեց, որ ցած, կայուն եւ կանխատեսելի գնաճային միջավայրը թոյլ կու տայ ներդրումներ կատարել եւ նման պայմաններու մէջ հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի նաեւ աշխատավարձերու պարբերաբար վերանայման համար, հետեւաբար ցած ու կանխատեսելի գնաճ ունենալը գերնպատակ է£

Գալստեան տեղեկացուց, Կեդրոնական դրամատան Խորհուրդը որոշած է վերաֆինանսաւորման տոկոսադրոյքը իջեցնել 0,25 տոկոսային կէտովª սահմանելով 9,25 տոկոս£ 2023 թուականի Նոյեմբերին 12-ամսեայ գնաճը նուազած էª նախորդ ամսուան վերջը կազմելով -0,5 տոկոս, իսկ 12-ամսեայ բնական աճը Հոկտեմբերին կազմած է 0£ Չորրորդ եռամսեակին համաշխարհային եւ Հայաստանի հիմնական գործընկեր երկիրներու տնտեսական աշխուժութիւնը կը շարունակէ դանդաղիլ£

ՙԸնթացիկ տարուայ համար տնտեսական աճին առնչուող մեր կանխատեսումները որոշակիօրէն աւելի բարձր են, քան մենք նոյնիսկ կ՛ակնկալէինք նախորդ կանխատեսումներու ժամանակ եւ տարուայ կտրուածքով տնտեսական աճը պիտի ըլլայ 8,3 տոկոս£ Իսկ ինչ կը վերաբերի յաջորդ տարուան, ապա 2024 թուականին համար եւս բաւականին կայուն աճ կը սպասենքª 6,1 տոկոս£ Հիմնական շարժիչ գործօնները կը շարունակեն կապուած ըլլալ պահանջարկի հետ£ Խօսքը հիմնականին մէջ սպառման մասին է£ Օրինակª մանրածախ առեւտուրի մասով 12-ամսեայ կտրուածքով Հոկտեմբերին 17 տոկոսով աճ արձանագրուած է£ Ընդհանուր առմամբª միւս տարուայ վերջին գնաճը աւելի մօտ պիտի ըլլայ մեր նախանշուած թիրախին՚, ըսաւ Գալստեան£

Share61Tweet38
Previous Post

ՅՈՒՆՈՒԱՐ-ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է 2,2 ՄԻԼԻՈՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿ

Next Post

ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ

Next Post
ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.