Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԷՆ 75 ՏԱՐԻ ԱՆՑ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱԿԱՆԱՏԵՍ ԸԼԼԱԼ ՆՈՐ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ.

December 12, 2023
in Հայաստան
0
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԷՆ 75 ՏԱՐԻ ԱՆՑ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱԿԱՆԱՏԵՍ ԸԼԼԱԼ ՆՈՐ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ.

 

ՔՆՆԱՐԿՈՒՄª ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ՄԷՋ

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ մեկնարկած է ՙՑեղասպանութիւն յանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ պատժելու մասին պայմանադրութիւնը 75 տարի անց՚ խորագրով կլոր-սեղան քննարկում:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Էտիթա Գզոյեան նշեց, որ չնայած պայմանադրութիւնը ամենաշատը վաւերացուած մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային փաստաթուղթերէն է, սակայն աշխարհը կը շարունակէ ականատես ըլլալ նոր ցեղասպանութիւններու:

ՙԱյսօրուայ մեր կլոր-սեղան քննարկումը նպատակ ունի ցեղասպանագէտ գիտնականներու ելոյթներուի միջոցով քննարկել, թէ ցեղասպանութեան պայմանադրութիւնը այս 75 տարիներու ընթացքին արդեօք նպաստա՞ծ է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ ցեղասպաններու պատժման, թէ՞ ոչª հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած բռնի տեղահանումը: 2023 թուականի Սեպտեմբերին արցախահայութեան բռնի տեղահանումը նոր հարցեր բարձրացուց Ցեղասպանութեան պայմանադրութեան կիրառման, մեկնաբանման եւ կանխարգիլման գործառոյթի հետ կապուած: Այս հարցին ներքոյ ալ, պատմական ակունքներէն գալով, պիտի քննարկենք եւ որոշակի առաջարկներով հանդէս պիտի գանք՚, ըսաւց Էտիթա Գզոյեանը:

Ան նշեց, որ բանախօսները կ’անդրադառնան ցեղասպանութիւններու իրաւական, պատմական եւ մշակութային առումներուն, ինչպէս նաեւ կը քննարկեն ատելութեան խօսքի դերը ցեղասպանութիւններու իրականացման մէջ:

Միջոցառման մասնակից, դասախօս Նաիրա Սահակեանը, որ հիմնականին մէջ կ՛ուսումնասիրէ Ատրպէյճանի եւ մասնաւորապէս այդ երկրի պաշտօնեաներուն քաղաքական ընթացքը, որ հիմնականին մէջ կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ, ընդգծեց, որ արդէն 75 տարիէ Ցեղասպանութեան պայմանադրութիւն կայ, բայց անկէ յետոյ մարդկութիւնը ականատես եղած է բազմաթիւ ցեղասպանութիւններու, որոնք տեղի ունեցած են, ինչպէս նաեւ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած բռնի տեղահանումը, որ, ըստ մասնագէտին, նոյնպէս կարելի է որակել որպէս ցեղասպանութիւն:

Ան մանրամասնեց, թէ ինչպէս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը իր տարբեր ելոյթներուն մէջ կը փորձէ հայերը ապամարդկայնացնելու զանոնք որպէս սպառնալիք ներկայացնելª նշելով, որ այդ ցեղասպանութեան իրականացման քանի մը փուլերէն մէկն է£

ՙՍա կարեւոր է անով, որ, եթէ նայինք թէ ինչ փուլերով տեղի կ՛ունենան ցեղասպանութիւնները, ապա պիտի նկատենք, որ այդ քանի մը քայլերու մէջ ապամարդկայնացումը առանցքային տեղ կը գրաւէ: Սա այն դէպքն է, երբ դիմացինին մէջ թշնամիի կերպար ստեղծելու համար զայն կը փորձես զրկել բոլոր մարդկային յատկանիշերէն եւ անով իսկ զայն կը ներկայացնեն որպէս թիրախ, որ կարելի է ոչնչացնել£ Դիմացինը ոչ-մարդկային էակ ներկայացնելէ բացի, զայն կը ներկայացնես նաեւ որպէս քու գոյութեանդ համար վտանգաւոր տարր, եւ սա ենթագիտակցութեան մէջ կը ստեղծէ իրադրութիւն, որ դուն հարկադրուած ես դիմացինը սպաննել, հակառակ պարագային ան քեզ պիտի վնասէ՚, մանրամասնեց ան:

Ըստ մասնագէտինª Ատրպէյճանի նախագահը եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը  կիրառեն նոյն այս մեթոտները հայ ժողովուրդին դէմ ատելութիւն սերմանելու նպատակով:

Share61Tweet38
Previous Post

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԱԾ Է ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԱՐԶԱՀԱՄԱԼԻՐԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹՅԵԱՆ ՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑԱԾ Է ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ ԵՒ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ

Next Post

ՈՒԺԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՈՒԺԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ

ՈՒԺԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.