Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԱԾ Է ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԱՐԶԱՀԱՄԱԼԻՐԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹՅԵԱՆ ՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑԱԾ Է ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ ԵՒ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ

December 12, 2023
in Հայաստան
0
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԱԾ Է ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԱՐԶԱՀԱՄԱԼԻՐԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹՅԵԱՆ ՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑԱԾ Է ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ ԵՒ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւուշի մէջ ներկայ գտնուած է Դիլիջանի վերակառուցուած մարզահամալիրի բացման արարողութեան:

Վարչապետը շնորհաւորած է ներկաները մարզահամալիրի բացման առիթով եւ նշած է.

ՙԱյն, ինչ լսեցի քիչ առաջ, փոքր դառնացնող է, որովհետեւ հնչեց Դիլիջանի միակ մարզադպրոց արտայայտութիւնը: Այսինքն այս արտայայտութիւնը կրնայ ցոյց տալ ինքնին, թէ մենք ինչ ծաւալի խնդիրի առաջ կանգնած ենք եւ ինչ խնդիրներ պէտք է լուծենք, բայց իմ ըսածը անոր մասին չէ, չեմ ակնարկեր, որ դժուար է: Ինչքան ալ դժուար ըլլայ, այդ խնդիրները մենք պէտք է լուծենք: Ընդամէնը երկու օր առաջ կառավարութեան նիստինմ ընդունեցինք ՙՀայաստանի Հանրապետութեան մէջ ֆիզիքական կրթութեան եւ մարմնամարզի զարգացման 2024-2030 թուականներու ռազմավարութիւնը՚: Այդ ռազմավարութիւնը, մեծ հաշուով ասոր մասին է, որ մենք Հայաստանի մէջ մարզական ենթակառուցուածքը պէտք է զարգացնենք, բայց շատ կարեւոր է, որ այս ճանապարհին կառավարութիւնը միայնակ չըլլայ: Կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել GreenRock ընկերութեանª նման նախաձեռնութեան համար՚:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` կառավարութեան օրակարգը եւ խնդիրը շատ պարզ է. պէտք է այնպէս ընել, որ իւրաքանչիւր երեխայ, նոյնիսկ իւրաքանչիւր մեծահասակ, մարմնամարզով զբաղելու ենթակառուցուածքին հասանելիութիւն ունենայ: ՙԵւ մենք հիմա ալ բաւականին մեծ թիւով մարզական ենթակառուցուածքներ կը ստեղծենքª դպրոցներու տեսքով: Երկու օր առաջ դարձեալ կառավարութեան նիստին հնչեց, որ յառաջիկայ մէկ ամսուայ ընթացքին 25 մարզադահլիճներ շահագործման պիտի յանձնենք այն դպրոցներուն համար, որոնք չունին նման մարզադահլիճներ:

Կարեւոր է, որ այս հոլովոյթը շարունակուի եւ մասնաւոր հատուածն ալ կառավարութեան ռազմավարութիւններուն համահունչ ներդրումներ ընէ՚, նշած է Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով, որ կառավարութեան դերն է` ուղղորդել մասնաւոր այն ներդրումները, որոնք ընկերային պատասխանատուութեան շրջանակին մէջ են: ՙԲոլոր այդ ներդրումները պէտք է լիարժէք համապատասխանեն կառավարութեան կողմէ ընդունուած ռազմավարութիւններուն, որպէսզի մենք կարենանք համագործակցութիւն ստանալ՚, ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետը շրջած է մարզահամալիրին մէջ, ծանօթացած է իրականացուած շինարարական աշխատանքներուն: Վարչապետին ներկայացուած է, որ Դիլիջանի մարզահամալիրը վերջին անգամ նորոգուած էր 2006 թուականին£ Ծրագիրը իրականացուած է Դիլիջանի համայնքապետարանի եւ GreenRock Management Group միջազգային կառուցապատող ընկերութեան հետ համագործակցութեամբ£ Փոխուած է շէնքին արտաքին եւ ներքին ձեւաւորումը£ Ձեռք բերուած են նոր մարզական գոյք եւ սարքաւորումներ£ Պատասխանատուներու ներկայացմամբ, դպրոցին մէջ պիտի գործեն ըմբշամարտի, բռնցքամարտի, բազկամարտի, ֆութպոլի, սեղանի թենիսի եւ գեղարուեստական մարմնամարզութեան խմբակներ£ Այժմ դպրոցին մէջ կրնայ մարզուիլ աւելի քան 500 մարդ£ Մարզահամալիրը ապահովուած է նաեւ աղջիկներու մարզուելու համար նախատեսուած գոյքով£

Դիլիջանի մէջ վարչապետը ծանօթացած է նաեւ Յովհաննէս Շարամբէյեանի անուան գեղարուեստի դպրոցի հիմնանորոգման աշխատանքներուն£ Յուշարձան շէնքը նախկին տեսքին բերելու համար ամրակայման, հիմնանորոգման աշխատանքներուն համար օժանդակութեան ծրագրով յատկացուած է 232 միլիոն դրամ, որմէ կառավարութիւնը համաֆինանսաւորած է 93 միլիոն դրամ£

Նիկոլ Փաշինեան ծանօթացած է նաեւ Դիլիջան քաղաքի Կալինինի 256 հասցէէն մինչեւ Այգեստան 1/1 հասցէն ինկած հատուածի ասֆալթապատման աշխատանքներուն, որոնք արդէն աւարտած են: Ներկայացուած է, որ օժանդակութեան ծրագրի շրջանակին մէջ իրականացուած աշխատանքներու ընդհանուր պիւտճէն կազմածլ է 128 միլիոն դրամ, որուն 60%-ը համաֆինանսաւորած է Դիլիջանի համայնքապետարանը, իսկ 40%-ըª կառավարութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԸ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ

Next Post

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԷՆ 75 ՏԱՐԻ ԱՆՑ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱԿԱՆԱՏԵՍ ԸԼԼԱԼ ՆՈՐ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ.

Next Post
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԷՆ 75 ՏԱՐԻ ԱՆՑ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱԿԱՆԱՏԵՍ ԸԼԼԱԼ ՆՈՐ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ.

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԷՆ 75 ՏԱՐԻ ԱՆՑ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱԿԱՆԱՏԵՍ ԸԼԼԱԼ ՆՈՐ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ.

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.