Երկուշաբթի, 4 Դեկտեմբերի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ բանաստեղծական ասմունքի երեկոյ մը Փարիզի Ալֆորվիլ շրջանին մէջ:
Երեկոն կազմակերպած էր Կայծ-Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, Հայ Երիտասարդաց Կեդրոնէն ներս: Միջոցառման ներկայ էին ՍԴՀԿ Փարիզի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ եւ Ալֆորվիլի քաղաքապետութեան անդամ Ընկ. Սարօ Մարտիրեանը եւ անդամները, ֆրանսական համալասարանի դասախօս եւ գիրքերու հեղինակ Դոկտ. Հայկանուշ Գրքեաշարեանը, ինչպէս նաեւ գրասէր կոկիկ հասարակութիւն մը, որ եկած էր ունկնդրելու եւ մերթ ընդ մերթ մասնակից դառնալու ասմունքի կատարողութեան:
Բացման խօսքը կատարեց Ընկ.հի Արմիկ Տաքէսեան-Մկրտիչեանը, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց լիբանանահայ հանրածանօթ ասմունքող Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանը, որ Լիբանանէն ժամանած էր Փարիզ, նեկայացնելու համար իր հոգիին խորքէն փխած յուզումներն ու ապրումները, ինչպէս նաեւ ջերմացնելու ներկաներուն սրտերն ու հոգիները իր յատուկ ոճով:
Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան ասմունքողª Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Նոր Սերունդի վարչութեան եւ ներկաներուն, անցաւ յայտագրին:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած ասմունքի ընթացքին, ան ներկայացուց արեւմտահայ եւ արեւելահայ բանաստեղծներու գոհարներէն, մագնիսացած պահելով սրահը իր բարձր կատարողութեամբ:
Անոր բացառիկ յիշողութեան, անսխալ առոգանութեան, ձայնի ելեւէջներուն եւ բեմական կեցուածքին, ինչպէս նաեւ զուսպ շարժումներուն ներկաները պարզապէս հիացած էին, եւ շատ յաճախ չէին կրնար զսպել իրենց արցունքները: Բանաստեղծութիւններու ընտրութիւնը այնքան համահունչ էր, որ ներկաները ասմունքողին հետ կը թեւածէին դէպի հայոց լեռնաշխարհը, մերթ յուզումով եւ մերթ ըմբոստութեամբ:
Երեկոն առաւել եւս ճոխացաւ, երբ կարգ մը ասմունքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ վաստակաւոր եւ տաղանդաշատ դաշնակահարուհի Սոնա Գրիգորեանը իր հրաշալի կատարողութեամբ:
Երեկոյի աւարտին ներկաները յոտնկայս ծափահարութիւններով իրենց հիացմունքն ու գնահատանքը յայտնեցին Անիին, շեշտելով որ օտար ափերուն մէջ ինչքան կարիքը ունին հաղորդուելու այսպիսի բարձր մակարդակի երեկոներով, եւ թէ իւրաքանչիւր գաղութի մէջ պէտք են կրկնուին նման երեկոները:
Շնորհակալութիւն Փարիզի Կայծ-Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան այս գեղեցիկ եւ անմոռանալի երեկոյի կազմակերպման համար, եւ յարատեւ յաջողութիւն լիբանանահայ հանրածանօթ եւ շնորհալի ասմունքող Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանին, մաղթելով դարձեալ վայելել զինք մեր գաղութէն ներս:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ