Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳԻՏԱԿԱՆ

December 6, 2023
in Գիտական
0
ԳԻՏԱԿԱՆ

 

 

 

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՄԵԾ ԳՐՈՂ

ԼՐԱԳՐՈՂª

ԸՌՆԷՍԹ ՀԵՄԻՆԿՈՒԷՅ (1899-1961) – Բ. ՄԱՍ

Ամերիկացի մեծ գրող, նորավէպի եւ պատմուածքի հեղինակ, լրագրող եւ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակակիր: Ան իր գրական ոճով մեծ ազդեցութիւն ձգեց 20-րդ դարու երեւակայական գրականութեան վրայ: Հեմինկուէյ իր բոլոր երկերուն մէջ ներկայացուց մարդուն կեանքը ինչպէս որ է, երբեմն անոր աւելցուց երեւակայութիւնª կեանքին տալու համար այլ տեսք. տեսք մը, որ կու գար մարդու իղձէն եւ ժամանակին ապրած մանկական յիշատակներէն:

Նոր էջ մը բացուեցաւ Հեմինկուէյի կեանքին մէջ, երբ ան մօտեցաւ Քարիպեան ծովու եւ Սպանիոյ  աշխարհներուն: Այո՛, անոնք աշխարհներ էին գրողին համար: Հոն ան տեսաւ մարդոց տաքարիւն վերաբերմունքը, սակայն նոյն ատեն կեանքի հանդէպ անոնց ունեցած կրաւորական դիրքը: Ցուլամարտի ընթացքին ցուլին կամ ցլամարտիկին մահը հասարակ դէպքեր էին: Կեանքը չունէր այն իմաստը, որուն ինք կը հաւատար, ըլլալով անկլօ-սաքսոն համակարգի անձ մը: 1934-ին գնեց առագաստանաւ մը, որու միջոցով ծանօթացաւ Քարիպեան ծովու աշխարհին: Իր հերոսները այլեւս ձկնորսներ եւ բնութեան կապուած համեստ մարդիկ էին: ՙThe Old Man And The Sea՚ երկը, որուն համար շահեցաւ ՙՓուլիցըր՚ արուեստի մրցանակը, այդ շրջանին մէջ ապրող ծեր ձկնորսի մը կեանքն էր: Կեանքի դժուարութիւնները, բնութիւն-մարդ պայքարը եւ մարդոց իղձերը նիւթերն էին այդ երկին, որ իրաւամբ գլուխգործոց մը կը համարուի:

Հեմինկուէյի անակնկալ մահը անձնասպանութեամբ, ցնցեց բոլոր իր երկրպագուները: Ան իր գրիչով եւ կեանքի փորձառութեան ներկայացումով բաւական յարգուած գրող էր: Ան մարդուն, համեստ մարդու կեանքին ամենամեծ ներկայացնողն էր: Ժառանգական հիւանդութիւն մը կը կարծուի, որ պատճառն էր իր հոգեկան անկումին եւ ի վերջոյ անձնասպանութեան: Ան նաեւ քանիցս հետապնդուած էր ԱՄՆ-ի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ իր վարած ազատ կեանքին եւ յարաբերութիւններուն պատճառով: Այդ ժամանակաշրջանին զարգացած էր հակահամայնավար շարժումը եւ վերածուած էր քաղաքական ու կեանքի փոլիսոփայութեան: Գրողներ եւ արուեստագէտներ կը հալածուէին իրենց համայնավարութեան հանդէպ իրենց համակրանքին համար: Կարդանք Հեմինկուէյի խօսքերը աւելի լաւ հասկնալու համար զինք:

ՙԲոլոր մարդոց կեանքը կ’աւարտի նոյն ձեւով: Միայն մանրամասնութիւնները, թէ ինչպէս ապրեցաւ եւ ինչպէս մեռաւ,  կը զանազանեն մարդիկ իրարմէ՚:

ՙԲնաւ մի մտածէք, թէ պատերազմը, որքան որ անհրաժեշտ ըլլայ, կամ որքան արդարացուած, ոճիր չէ՚:

ՙԲոլոր իսկական վատ բաները կը սկսին անմեղութեամբ՚:

ՙԲարոյականը այն է, որու աւարտէն ետք հանգիստ կը զգանք, իսկ անբարոյականը այն է, որու աւարտէն ետք գէշ կը զգանք՚:

 

 

ՏԻԵԶԵՐՔ

ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Տիեզերքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ՆԱՍԱ-ի ուղարկած  տիեզերական պաշտպանութեան համակարգի (Double Asteroid Redirection Test (DART)) պատկանող մարմինը բախում ունեցաւ երկնաքարի (asteroid) մը հետ եւ զայն շեղեց իր ուղիէն: Տասը ամիս ճամբորդելէ ետք ճշդուած ուղղութեամբ մը, բախումը տեղի ունեցաւ յաջողութեամբ Երկուշաբթի օր, 25 Սեպտեմբեր 2022-ին, ժամը 19:14-ին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ժամանակով: Այս առաջին փորձն էր իր տեսակին մէջ:

Dimorphos երկնաքարին հետ բախումի հետեւանքով, ան փոխեց իր թաւալումի ծիրը: Dimorphos փոքր էր, հազիւ 160 մեթր տրամագիծով: Անշուշտ ապագային կրնայ ըլլալ որ շատ աւելի մեծ երկնաքար մը ուղղուի դէպի Երկիր: Այս փորձը փաստեց, որ կարելի է երկնաքարի մը ուղին փոխել Երկիրէն ղրկուած մարմինի մը հետ բախումի միջոցով հազարաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

 

 

ՙՍայընս Տէյլի՚

 

 

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԻՍԼԱՄԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ – Դ. ՄԱՍ

Այս թիւով պիտի շարունակենք սերտողութիւնը ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Ան-Քլեմանթին Լարոքի երկին, որուն մէջ մասնագէտը կը ներկայացնէ իսլամը որպէս կրօնք եւ քաղաքական իշխանութեան հասնելու ձեւ: Պիտի սերտենք նաեւ, թէ ինչպէս կարգ մը երկիրներ իսլամը կը շահագործեն որպէս քաղաքացիական պատերազմի զէնք ու իշխանութեան հասնելու ձեւ:

Իսլամները իրենք զիրենք կը կոչեն ՙումմա՚ կամ համայնք: Այս համայնքը կը հետեւի Իսլամի օրէնքին ու ՙՔորան՚ի գրութեան: Իսլամիսթներու նպատակն է Իսլամի օրէնքը վերածել քաղաքականութեան ու Իսլամը փոխադրել կրօնքէն քաղաքական դաշտ, այսինք կառավարել Իսլամի օրէնքով եւ ըստ ՙՔորան՚ի ցուցմունքին:

Իսլամ կրօնքը երեք ձեւ կ’որդեգրէ կրօնքի վարդապետութիւնը տարածելու եւ քաղաքական որոշումի մակարդակին հասցնելու համար: Առաջին ձեւն էª ՙալ հարաքա ալ սիյասիյյա՚ կամ քաղաքական կուսակցութիւններուն մէջ որդեգրել Իսլամը որպէս կենսաձեւ եւ ընտրութեամբ հասնիլ իշխանութեան: Երկրորդ ձեւն էª ՙալ տահուա՚ կամ կրօնքին միանալու հրաւէր: Այսինքն բարեսիրական միութիւններու աշխատանքին միջոցով եւ դասախօսութիւններով տարածել Իսլամի վարդապետութիւնը: Երրորդ ձեւն էª ՙալ ժիհատ՚ կամ կրօնքը տարածել գործածելով բռնութիւն ու կատարել ահաբեկչութիւն դէմ դնողներուն դէմ:

Այս ձեւերէն ամէն մէկը ունի իր հետեւորդները եւ աշխատանքի ձեւը: Այս պիտի ըլլայ մեր սերտողութեան նիւթը աւելի լաւ ճանչնալու համր Իսլամ կրօնքը:

 

 

ՙGeopolitique Des Islamismes՚, Anne-Clementine Larroque, Point Delta 2014

 

 

ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԷՋ – Ա. ՄԱՍ

19-րդ դարուն սկսաւ հոգեբանութեան օգտագործումը արուեստի մէջ: Այսինքն նկարիչներ, գրողներ, քանդակագործներ եւ արուեստի մարզի մէջ արտադրողներ սկսան օգտագործել հոգեբանութիւնը որպէս կերպարի ստեղծումի, զարգացումի միջոց: Հասկնալով տիպարին հոգեբանութիւնը, մենք կրնայինք շարժել այդ տիպարը իր հոգեբանութեան օգտագործումով: Կրնայինք հոգեբանական լուծում գտնել կերպարի ամէն մէկ որոշումին, արարքին: Ուրեմն, հոգեբանութիւնը այդ օրէն սկսեալ մտաւ արուեստի մէջ եւ օգտագործուեցաւ արուեստին տալու թռիչք, որուն չէր հասած դարերէ ի վեր:

Մեծ գրողներ իրենց կերպարին աւելի մարդկային խորք տալու համար մտան հոգեկան աշխարհը անոր: Վերլուծեցին անոր աշխարհը, զարգացուցին կերպարը ըստ վիճակի եւ զայն հասցուցին գեղեցիկ մակարդակի մը: Կերպարը թուղթի վրայ ստեղծուած արարած մը չէր այլեւս, այլ հոգեկան աշխարհ եւ խորք ունեցող էակ մըն էր, որ կ’ազդէր իր շրջապատին վրայ եւ կ’ազդուէր անկէ:

Ֆրանսացիներ Մարքիզ Տը Սատ, Ֆլոպէր, ռուս Տոսթոյեվսքի եւ շատ ուրիշ գրողներ այն արուեստի  գործիչներն էին, որոնք օգտագործեցին մարդուն հոգեբանական աշխարհը իրենց կերպարները ստեղծելու համար:

19-րդ դարուն սկսաւ հոգեբանութեան օգտագործումը արուեստի մէջ: Այսինքն նկարիչներ, գրողներ, քանդակագործներ եւ արուեստի մարզի մէջ արտադրողներ սկսան օգտագործել հոգեբանութիւնը որպէս կերպարի ստեղծումի, զարգացումի միջոց:   Ֆրանսացիներ Մարքիզ Տը Սատ, Ֆլոպէր, ռուս Տոսթոյեվսքի եւ շատ ուրիշ գրողներ այն արուեստի  գործիչներն էին, որոնք օգտագործեցին մարդուն հոգեբանական աշխարհը իրենց կերպարները ստեղծելու համար:

 

 

Աղբիւրª The Encyclopedia of Psychology

 

 

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ – Գ. ՄԱՍ

Այս շարքով պիտի շարունակենք ներկայացնել Լիբանանի մէջ հայերու գոյութեան մասին: Շատ հին ժամանակներէ հայ ժողովուրդի զաւակներ կայք հաստատած են Միջերկրական ծովու արեւելեան ծովափի շրջանին, Անտիոքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ:

Ըստ արաբ պատմիչներու, խաչակիրներու օրով թէ՛ արաբական եւ թէ՛ խաչակիրներու բանակներուն մէջ հայ զինուորներ եւ զօրավարներ կային:

Վաւերաթուղթերու չգոյութեան պատճառով լիբանանահայ գաղութի հնագոյն շրջանի սկզբնաւորութիւնը կարելի չէ որոշ թուականով մը ճշդել: Մենք պիտի ջանանք պատմիչներու վկայութեամբ ներկայացնել քանի մը հաւաքական գաղթականութիւններ մօտաւոր կամ հաւանական թուականներով:

Ք.Ե. 539 թուականին, պարսիկներու Խոսրով թագաւորը պատերազմեցաւ յոյներու դէմ: Ան գրաւեց Անտիոքը եւ Եդեսիան ու քրիստոնեայ գաղթականներ փոխադրեց իր գրաւած նոր սահմանները: Այս պատահեցաւ Քրիստափոր հայրապետին օրով: Շատ հաւանական է որ յունական բաժինին մէջ գտնուող հայեր, յոյն կառավարիչներու խստութենէն ձանձրացած, գաղթեցին պարսիկներու կողմը, այսպիսով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հաստատելով առաջին նկատառելի գաղթականութիւնը:

 

 

Աղբիւրª ՙՀայերը Լիբանանի Մէջ՚, Ս. Վարժապետեան , 1951

 

 

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

ՋՈՒՐ ԽՄԵԼՈՒ ԲԱՐԻՔՆԵՐԷՆ

Ըստ Եւրոպական Սրտաբանութեան Ընկերակցութեան մասնագէտներուն, բաւարար ջուր խմելով մենք մեր սիրտը պիտի պահենք առողջ: Եւրոպայի սրտաբանութեան համագումարին, խումբ մը գիտնականներ ներկայացուցած են այն վարկածը, թէ բաւարար ջուր խմելով մենք պիտի կարենանք պաշտպանել մեր սիրտը կամ դանդաղեցնել որեւէ վտանգ, որ կը սպառնայ անոր աշխատանքին:

Ըստ մասնագէտներու, կիներ պէտք է խմեն օրական 1,6 լիթրէն մինչեւ 2,1 լիթր ջուր, իսկ տղոց պարագային այս թիւը 2-էն 3 լիթր է: Շատ մը երկիրներու մէջ կատարուած սերտողութիւնը ցոյց կու տայ, որ մարդիկ այս միջինէն շատ աւելի նուազ ջուր կը խմեն: Երբ քիչ ջուր կը խմենք, մարմնին մէջ սոտիումի համեմատութիւնը կ’աւելնայ եւ հաւասարակշռութիւնը պահելու համար, մարմինը կը փորձէ պահել ջուրըª պատճառ դառնալով սիրտի յոգնութեան, որովհետեւ ան յաւելեալ ճիգ կը թափէ: Ուրեմն ջուր խմենք մարմնին մէջ աղերու հաւասարակշռութիւնը պահելու համար:

 

Աղբիւրª https://www.sciencedaily.com

 

ՄՇԱԿՈՅԹ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԸ – Դ. ՄԱՍ

Հայկական պարին սկիզբը կ’երթայ մինչեւ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, երբ պատմական Հայաստանի կրօնքն էր հեթանոսութիւնը եւ հանդիսացած է հայ ժողովուրդի բնաւորութիւնը նկարագրող գեղագիտական վառ արտայայտչամիջոցներէն մէկը£ Պարին միջոցով կարելի է տեսնել հայ ժողովուրդին մտածողութիւնը, հոգեկան աշխարհը եւ բնութեան ու կեանքի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը£

Հայկական պարը կրնանք դասաւորել ըստ կատարումի ձեւի, ձեռքերը բռնելու ձեւի եւ բովանդակութեան:

Կատարումի երեք ձեւ կայª

1) Պարերգեր ª պարեր, որոնք կը կատարուին երգերով:

2) Պարեր, որոնք կը կատարուին երաժշտական գործիքներով:

3) Պարեր, որոնք կը կատարուին երգերով եւ երաժշտական գործիքներով:

Ձեռքերը բռնելու ձեւերն ենª 1) ճկոյթներով, 2) ափերով, 3) խաչաձեւ ափերով, 4) ուսերով, 5) գօտիէն բռնելով:

Պարի բովանդակութեան տեսակներն ենª 1) Առասպելական, 2) Դիւցազներգական, 3) Լիրիքական, 4) Պաշտամունքային, 5) Ճանապարհի, 6) Լարախաղացներու, 7) Աշխարհիկ, 8) Աշխատանքային, 9) Ռազմական, 10) Erishta, 11) Վերվերի, 12) Փափուռի, 13) Գորանի, 14) Շորոր (ճօճք), 15) Թամզարա (պար), 16) Աստուածածինի պար, 17) Լորքէ, 18) Ծաղկաձորի, 19) Թամուր աղա, 20)  Էջմիածին, 21) Ֆնճան, 22) Թարս պար, 23) Լուտկի, 24) Երեք ոտք, 25) Շավալի, 26) Խոշ բիլազիգ, 27) Թռթռուկ, 28) Սրաբար, 29) Քոչարի, 30) Մըշու խըռ, 31) Քերծի, 32) Ռոստամ բազի, 33) Եարխուշտա, 34) Իշխանաց պար, 35) Ինը ոտք, 36) Տասներկու ոտք:

 

(Շարունակելի)

 

Աղբիւրª ՙՈւիքիփետիա՚

 

 

ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ԷՆՏՐՈՅՏ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՎՏԱՆԳ – Դ. ՄԱՍ

Բջիջային հեռախօսի ՙԷնտրոյտ՚ համակարգը իր մէջ կը պարունակէ շատ մը կէտեր, որոնք կրնան դիւրութեամբ շրջանցուիլ ու վտանգել օգտագործողին տեղեկութիւնները:

Ապահովութեան ամենակարեւոր պայմաններէն մէկն է ուշադրութիւն դարձնել այն ծրագիրներուն, որոնք ինքնաբերաբար կը ներբեռնուին (download) առանց ձեր հաւանութեան: Այս տեսակ ծրագիրներ վտանգաւոր կը համարուին, որովհետեւ չէք գիտեր թէ ձեր անձնական տեղեկութեան ո՞րմասը պիտի ուղարկէ իր ունեցած հասցէին: Այսպիսի ծրագիրներ պէտք է ջնջել ձեր բջիջային հեռախօսէն եւ եթէ պէտք է դուք ներբեռնեցէք զայն:

Ծրագիր մը չօգտագործած քննեցէք նոյն գործը կատարող տարբեր ծրագիրներª գտնելու համար ամենաորակաւորը եւ ամենադիւրին օգտագործելին:

Միշտ ընդօրինակեցէք (backup) ձեր տեղեկութիւնները  արտաքին հասցէի մը մօտ: Միշտ պէտք է պահել ձեր տեղեկութիւնները որեւէ հարցի պարագային վերստին օգտագործելու համար զանոնք:

 

 

Աղբիւրª ՙwww.makeuseof.com՚

 

 

Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

 

 

Share98Tweet61
Previous Post

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Next Post

 ԿԱՅԾ-ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ (ՓԱՐԻԶ) ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅª ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ԵՓՐԵՄԵԱՆԻ

Next Post
 ԿԱՅԾ-ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ (ՓԱՐԻԶ)  ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅª ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ԵՓՐԵՄԵԱՆԻ

 ԿԱՅԾ-ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ (ՓԱՐԻԶ) ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅª ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ԵՓՐԵՄԵԱՆԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.