Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵՑԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

December 6, 2023
in Գաղութային
0
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵՑԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

 

 

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին ու Լիբանանի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններուն, Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ:

Աւանդութիւն դարձած է, որ մեր եկեղեցւոյ լուսաւորիչներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով, Լիբանանի Հայոց Թեմի կիրակնօրեայ վարժարանները, իրենց ուսուցչական կազմով ու աշակերտութեամբ, միախմբուին Անթիլիասի Մայրավանք` նշելու նաեւ ՙԿիրակնօրեայի Օր՚ը:

Արդարեւ, Ս. Պատարագը մատուցեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի ՙՆարեկացի՚ մանկապատանեկան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները: Ս. Պատարագի աւարտին, կիրակնօրեայ վարժարաններու մեծ ընտանիքը, գլխաւորութեամբ պատասխանատու հայր սուրբին եւ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Սարգիսեանին ու Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեանին, բարձրացաւ Վեհարան, ուր Մայրավանքի կիրակնօրեայի ուսուցիչ Արին Մարգարեանը բացման խօսքով հանդէս եկաւ: Ապա, իւրաքանչիւր շրջանի կիրակնօրեայ ներկայացուց կոկիկ յայտագիր մը` սաղմոսասացութեամբ եւ շարականի երգեցողութեամբ:

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց իր բարձր գնահատանքն եւ իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց մանուկներուն: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Մայրավանքէն ներս խումբ մը փոքրիկներու ներկայութեան գեղեցիկ տեսարանին, ուր անոնք ամէն Կիրակի կը հաւաքուին եւ Աստուծոյ խօսքը ստանալով, առաւել եւս հոգեւոր սնունդով կը լիցքաւորուին: Ի վերջոյ, Մայրավանքի պարտէզին մէջ, Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու պատասխանատուները եւ խումբ մը փոքրիկներ տնկեցին մշտադալար ծառ մը, որպէս խորհրդանիշ իրենց հաւատքի արմատաւորման:

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ-Ն ԵՒ ՌԴ-Ն ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԵՌԱՀԱՂՈՐԴԱԿՑՄԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՄԻՋՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

Next Post

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Next Post
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.