Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ասիական զարգացման դրամատան նախագահ Մասացուկու Ասաքաւան:
Փաշինեան բարձր գնահատած է ՀՀ կառավարութեան եւ Ասիական զարգացման դրամատան միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնը եւ ընդգծած է, որ այն կը նպաստէ մեր երկրին մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացման: Նիկոլ Փաշինեան յաւելած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգիռ է նոր նախագիծերու իրականացմամբ` ընդգծելով, որ ենթակառուցուածքներու զարգացումը գործադիրի համար ունի առաջնահերթ նշանակութիւն:
Մասացուկու Ասաքաւան արդիւնաւէտ գնահատած է Հայաստանի հետ փոխգործակցութիւնը եւ նշած, որ Ասիական զարգացման դրամատունը պատրաստ է ընդլայնելու համատեղ ծրագրերը:
Այս ծիրին մէջ, քննարկուած են սէյսմիկ անվտանգութեան բարելաւման ծրագրի շրջանակին մէջ դպրոցներու կառուցման, ճանապարհաշինութեան, առողջապահական ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ այլ ուղղութիւններով ընթացիկ ծրագրերն ու նոր նախագիծերու իրականացման հնարաւորութիւնները: