Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ՙՇԻՖԱԱ՚ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

November 17, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ՙՇԻՖԱԱ՚ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Կազայի պատերազմին կիզակէտը երէկ վերստին բժշկական կարեւորագոյն կեդրոնն էրª ՙՇիֆաա՚ հիւանդանոցը, որ արեւածագի ժամերէն սկսեալ ականատես դարձաւ իսրայէլեան զինուորական յատուկ գործողութեան, օրեր տեւած ծանր ռմբակոծումներէ ետք: Իսրայէլացի զինուորները մասնաւորաբար խուզարկեցին համալիրին ստորին յարկերը, որոնք ենթադրաբար կը ծառայեն որպէս պատերազմը տնօրինելու Համասի կեդրոնատեղի եւ կ’առաջնորդեն հիւանդանոցին տակ գործող գետնափոր ուղիներուն: Քանի մը ժամ տեւած գործողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ հրաձգութիւն, իսկ իսրայէլացիները պնդեցին, որ հիւանդանոցէն գտած են զէնք, զինամթերք եւ ռազմական այլ սարքեր: Պաղեստինեան կողմը իսկոյն ժխտեց իսրայէլեան պնդումները ու վերահաստատեց, որ հիւանդանոցը չի գործածեր զինուորական նպատակներով: Համասի համաձայն, թշնամիին սուտը արդէն յայտնի է բոլորին: Կազայի մէջ իշխող Համասի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ գործողութեան ընթացքին բախումներ չեն եղած, սակայն կարգ մը հիւանդասենեակներ կրած են նիւթական վնաս, մինչ հիւանդները կը գտնուէին համալիրի մէկ այլ շէնքին մէջ: Երեկոյեան ժամերուն իսրայէլեան բանակը դուրս եկաւ հիւանդանոցէն եւ սկսաւ որոնումներ կատարել անոր շրջակայքը, յայտարարելով թէ հիւանդներուն համար բժշկական օգնութիւններ կը տրամադրէ հիւանդանոցի մուտքին: Համալիրի տնօրէն Մոհամմատ Ապու Սըլմիէ յայտնեց, որ հիւանդանոցին մէջ բազմացած են զոհերըª սկսեալ շտապ օգնութեան բաժանմունքէն մինչեւ վերջին կառոյցը, ուր չկայ ելեկտրականութիւն, ջուր կամ թթուածինի պաշար: Նշեալ սահմանափակումներուն պատճառով, հիւանդանոցին մէջ մահացաւ 7 հիւանդ եւս, հիւանդանոցի զոհերուն թիրը բարձրացնելով առնուազն 20-ի:

Իսրայէլեան բանակը երէկ նաեւ ներխուժեց Կազայի մէջ պաղեստինեան խորհրդարանի շէնքն ու որոշ ժամանակ ետք զայն պայթեցուց:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հաւաստիացուց, որ ՙհակառակ բոլոր կոչերուն, բանակը մուտք գործած է Շիֆաա հիւանդանոց, որովհետեւ տեղ չկայ, ուր մենք չենք հասնիր՚, պնդեց վարչապետը: Բանակի զօրամաս մը այցելած ատեն Նեթանիահու խոստացաւ թէ՛ ապահովել գերիներուն ազատ արձակումը, թէ՛ հետապնդել ու ձերբակալել Համասի անդամները:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ Կազայի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին կորսնցուցած է երկու սպայ եւս: Ուստի, 7 Հոկտեմբերէն ի վեր մահացած իսրայէլացի զինուորներուն թիւը բարձրացաւ 368-ի, 59 ոստիկանի կողքին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՓԼԱՆՇԵԴՆԵՐՈՒ ԵՒ QR ՔՈՏԵՐՈՒ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸª ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Next Post

ԿՐԱԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԿՈՉԵՐ

Next Post
ԿՐԱԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԿՈՉԵՐ

ԿՐԱԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԿՈՉԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.