Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջª Աննա Յակոբեանի հետ աշխատանքային այցով մեկնած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն:
Նախատեսուած է վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
ՀՀ վարչապետը Նոյեմբեր 10-11-ին Փարիզի մէջ պիտի մասնակցի ՙԽաղաղութեան 6-րդ համաժողով՚-ին:
Համաժողովի բանախօսները պիտի ըլլան` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիվապօն, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն, Փարիզի ՙԽաղաղութեան համաժողովի՚ նախագահ Անխել Կուրիան եւ շարք մը այլ պետութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ£
Բանախօսներու շարքին ընդգրկուած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը£