Այս պահուն Հայաստան-Ատրպէյճան բարձր մակարդակով որեւէ հանդիպման մասին պայմանաւորուածութիւն չկայ£ Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ արտաքին գործերու փոխնախարար Վահան Կոստանեանըª պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօ՞ք բանակցութիւնները փակուղի մտած են£
ՙԱյս պահուն որեւէ յստակ հանդիպման մասին պայմանաւորուածութիւն չկայ£ Առաջնորդներու մակարդակով հանդիպում տեղի չէ ունեցած, բայց միջնորդները որոշակի աշխատանք կը տանինª նոր հանդիպում կազմակերպելու ուղղութեամբ£ Կը սպասենք, որ նոր հանդիպում տեղի կ՛ունենայ. հանդիպման մակարդակի, վայրի եւ միջնորդի մասին այս պահուն կը դժուարանամ ըսել՚, նշեց Կոստանեան£