ԸՍԱԾ Է ՍԻՆԱՆԵԱՆ
ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի կարծիքովª խնդիրները, որոնք այսօր ծառացած են Հայաստանի առջեւ, յաճախ կը պարունակեն իրաւական տարր եւ քանի որ հայկական սփիւռքին մէջ առկայ է հսկայական իրաւաբանական ներուժ գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ, ուստի մասնագիտական հմտութիւններ ու գիտելիքներ ունեցող իրաւաբաններու ներուժի օգտագործումը հայկական օրակարգին առնչուող հիմնահարցերու լուծման գործում պիտի ապահովէ մեծ արդիւնք£
Սինանեան նշեց, որ Երեւանի մէջ կայացած սփիւռքահայ եւ հայաստանեան իրաւաբաններու համաժողովին, ինչպէսեւ յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուող բոլոր միջոցառումներուն վերջնանպատակը հայկական ներուժի ներգրաւումն է Հայաստանի ներպետական ընդհանուր աշխատանքներուն մէջª ամրացնելով պետականութիւնը, անվտանգ դարձնելով պետութեան հիմքերն ու ուժեղացնելով հայկական սփիւռքը£ Տուեալ համաժողովը տեղի ունեցաւ ՙՅանուն հայկական շահերու եւ օրէնքի գերակայութեան՚ նշանաբանով£
ՙՆման համաժողովներու ժամանակ միշտ մեր առջեւ նպատակ կը դնենք ստեղծել ցանցայնութիւնª այս պարագային իրաւաբաններու եւ այն մասնագէտներու միջեւ, որոնց գործունէութիւնը կ՛առնչուի իրաւագիտութեան հետ£ Համագործակցութեան առումով շատ կարեւոր են քանի մը բաղադրիչներ£ Նախª ուղղութիւնը, որ պէտք է յստակացուի գործընկերներու հետ համատեղ քննարկումներու միջոցով, երկրորդª համատեղ աշխատանքներու ներդաշնակութիւնը, երրորդª աշխատանքի արդիւնքներու ճիշդ շահագործումը£ Մեր աշխատաոճը բոլոր հարցերու լուծման ճանապարհին համագործակցութեան սկզբունքի կիրառումն է՚, ըսաւ Սինանեան£
Անոր պնդմամբª այն, որ համաժողովին կը մասնակցէին ՀՀ իրաւադատական համակարգի, գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչները, կը վկայէ կազմակերպուած միջոցառման կարեւորութեան մասին, քանի որ առանց մասնագիտական կարողութիւնները օգտագործելու, առանց օրէնքներու մշակման եւ օրէնսդրական բարեփոխումներու հնարաւոր չէ հասնիլ ցանկալի արդիւնքի£
Համաժողովի քննարկումէն առաջ, որ կը կրէր ՙՍփիւռքի իրաւաբանական համայնքին դերը ՀՀ օրէնսդրական բարեփոխումներուն աջակցելու գործին մէջ՚ անուանումը, Սինանեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ իր ղեկավարած գրասենեակը կ՛առաջնորդուի սփիւռքի հետ համագործակցութեան առնչուող յստակ գաղափարախօսութեամբ, որ խարսխուած է երկուստեք անկեղծութեան եւ սփիւռքի համար Հայաստանի դռները հնարաւորինս լայն բանալու հոգեբանութեան վրայ£
ՙԵթէ նախապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները գլխաւորապէս հիմնուած եղած են բարեգործութեան, նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու եւ ստանալու վրայ, ինչ որ երկարաժամկէտ կտրուածքով կործանարար եղած է բոլորիս համար, ապա վերջին երեք-չորս տարիներու ընթացքին մօտեցումը արմատապէս փոխուած է եւ այն հիմնուած է կենսական գաղափարները իրագործելու ճանապարհին ընդհանուր ուժերը օգտագործելու վրայ£ Ուժ ըսելովª չենք ընկալեր լոկ ֆինանսական հնարաւորութիւնները£ Ճիշդ է, սփիւռքը այդ իմաստով ունի մեծ ներուժ, սակայն այդ մեր առաջնահերթութիւններու ցուցակին մէջ կը գրաւէ վերջին տեղը, կարեւորը նախեւառաջ մեր հայրենակիցներու մասնագիտական հնարաւորութիւններու օգտագործումն է, մեր պետականութեան կերտման բեռի ու պատասխանատուութեան հաւասար կրումը, որովհետեւ Հայաստանը կը մարմնաւորէ ամբողջ հայութեան իղձերը՚, պարզաբանեց Սինանեան£
Սփիւռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատարը իրականացուող ծրագրերու շարքին առանձնացուց ՙԻ գործ՚ նախագիծը, որ մեկնարկած է 2020 թուականէն եւ կը հրաւիրէ սփիւռքահայ մասնագէտներըª աշխատելու ՀՀ պետական կառավարման համակարգին մէջ£ Ըստ պետական հաստատութիւններու կարիքներունª ծրագրի շրջանակին մէջ սփիւռքահայ մասնագէտները կը սկսին աշխատիլ եւ հնարաւորութիւն կ՛ունենան ներդնելու իրենց փորձն ու գիտելիքները կառոյցներու բարելաւման, քաղաքականութեան եւ ծրագրերու զարգացման աշխատանքներուն մէջ£ Սինանեանի տեղեկացմամբª մինչ օրս դիմած են 1750 մասնագէտներ 30-է աւելի երկիրներէ, որոնցմէ 150-ը աշխատանքի անցած են հայաստանեան տասնեակ գերատեսչութիւններու մէջ£ Նախորդ տարիներու մասնակիցներուն 70 տոկոսը հայրենադարձուած է£ Մասնակիցներէն ոմանք նշանակուած են բարձր պաշտօններու, ինչպիսիք ենª ՀՀ Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահի, տնտեսութեան փոխնախարարի, Նորամուծութեան եւ ձեռներէցութեան ազգային կեդրոնի ղեկավարի եւ այլ պաշտօններ£
Ընթացքի մէջ է նաեւ սփիւռքի յանձնակատարներու հիմնարկի գործարկման ծրագիրը£ Առաջին նշանակումը տեղի ունեցած է երկու ամիս առաջ Լեհաստանի մէջ£ Թեկնածուները համայնքներու ներկայացուցիչներն են, որոնք ունին համապատասխան ներուժ եւ կը հասկնան համատեղ ջանքերով պետականաշինութեան բեռը կիսելու կարեւորութիւնը£ Իսկ ինչ կը վերաբերի իրավաբաններուն, Սինանեան ընդգծեց, որ տուեալ մասնագիտութիւնը առանձնայատուկ է, արհեստավարժ իրաւաբանները կ՛աշխատին բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ առանց անոնց մասնագիտական գործունէութեան ոչինչ տեղէն կը շարժի£
ՙՄեր նպատակն է, որ այս կարեւոր օղակը յաւուր պատշաճի գործէ Հայաստանի մէջ, քանզի բոլորիս ցանկութիւնն է, որ Հայաստանը ըլլայ օրէնքի երկիր, օրէնքի գերակայութեամբ պետութիւն՚, եզրափակեց սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը£