ՃԱՇԿԵՐՈՅԹª ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՙԱՐԵԳ՚ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
Լիբանանը 2019-ի Սեպտեմբերէն ի վեր կը դիմագրաւէ անկայունութեան եւ անորոշութեան չհանդարտող ալիք մը, ձախորդութիւններու եւ աղէտներու անաւարտ շղթայ մը: Յեղափոխութեան յաջորդեց ընդհանուր աշխարհը կաթուածահար ըրած Քովիտը, այնուհետեւ Պէյրութի նաւահանգիստի մահաբեր պայթումը, տնտեսական ու ընկերային անվերջանալի ճգնաժամը, իսկ ներկայիսª տարածաշրջանային հակամարտութիւնները, ամէն օր պատերազմի սպառնալիքին դէմ-յանդիման դնելով երկիրը:
Սակայն հակառակ տիրող անապահով պայմաններուն եւ անորոշ կացութեան, լիբանանահայ գաղութը կը շարունակէ գոյատեւել իրեն բնորոշ անկոտրում կամքով, տոկունութեամբ, կեանքի հանդէպ սէրով: Լիբանանահայ գաղութը իր բոլոր շերտերով որոշած է կառչած մնալ կեանքին, գաղութի պահպանման, բոլոր հնարաւոր ձեւերով հայկական կառոյցները ամուր պահելով եւ անոնց գործունէութեան շարունակականութիւնը ապահովելով:
Լիբանանահայ կազմակերպութիւնները երկար տարիներու վաստակ ունին եւ այդ աշխատանքը գնահատելը եւ արժեւորելը բոլորիս պարտականութիւնն է: Այս է պարագան նաեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ԱՐԵԳ պարախումբին, որուն հիմնադրութեան 40-ամեակն է: Առ այդ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն, ԱՐԵԳ-ի յոբելենական տօնակատարութիւնը առիթ էր վերահաստատելու ՆՍՄՄ-ի յանձնառութիւնը հայ մշակոյթին եւ կառչածութիւնը գեղարուեստի հրաշագործ եւ կենսատու ուժին:
Շաբաթ, 28 Հոկտեմբերի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը նուիրուած ԱՐԵԳ պարախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակին:
Ճաշկերոյթին նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին մեթր Սերժ եւ Մարօ Չուխատարեանները:
Ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեանը, Լիբանանի Շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ տէր եւ տիկին ընկեր Վանիկ Տագէսեանը եւ անդամներ, Պէյրութի քաղաքապետարանի անդամ եւ ՀԿԲՄ-ի ատենապետ Արամ Մալեանը, ՀՄՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տէր եւ տիկին ընկեր Միսաք Նաճարեանը, ՍԴՀԿ Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան երիտասարդները, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ներկաներ:
Բացման խօսքը կատարեց Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետուհի Ընկ.հի Անի Եփրեմեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ներկաներունª նշեց. ՙԱնբնական պայմաններու մէջ կրցանք յաջողեցնել այսօրուան ճաշկերոյթը, շնորհիւ լիբանանահայուն տոկուն կամքին, կեանքին հանդէպ ունեցած սէրին եւ հայ մշակոյթի նկատմամբ ցուցաբերած գնահատանքին ու քաջալերանքին՚: Ան աւելցուց, որ այսօրուան գեղեցիկ, ճոխ սեղաններուն եւ ճոխ մթնոլորտին ետին կայ աներեւելի բաժինը, որն է այդ հսկայ աշխատանքը, որ ստանձնած է Նոր Սերունդի վարչութիւնը երկար տարիներէ ի վեր, պահելով եւ պահպանելով հայ մշակոյթը, պատանիին ու երիտասարդին սրտին ու հոգիին մէջ դրոշմելով սէրը հանդէպ հայկական պարերուն եւ երաժշտութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահինª տէր եւ տիկին մեթր Սերժ եւ Մարօ Չուխատարեաններուն, աւելցնելով որ գաղտնիք մը բացած չ՛ըլլար, եթէ ըսէ, որ սիրելի Մարօն թոռնուհին է Հնչակեան կուսակցութեան վաստակաւոր անդամª հանգուցեալ Ընկ.հի Ազնիւ Կիտուրեանին, ըսելով որ այսօրուան Նոր Սերունդի վարչութիւնը կազմուած է անոր շունչին տակ եւ ստացած է անոր գաղափարական դաստիարակութիւնը:
Խօսք առաւ օրուան նախագահ մեթր Սերժ Չուխատարեանըª շեշտելով հայ մշակոյթը արժեւորելու եւ քաջալերելու անհրաժեշտութիւնը: Ան միաժամանակ ընդգծեց հայ ժողովուրդին միասնական ըլլալու հրամայականը, առանց խտրականութեան ու հատուածականութեան: Ան նաեւ շնորհաւորեց ԱՐԵԳ պարախումբին 40-ամեակը, գնահատելով ՆՍՄՄ-ի ազգանուէր գործունէութիւնը:
Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ լիբանանահայ տաղանդաւոր երիտասարդ երգիչ Ռազմիկ Խանճեանը, որ շնորհիւ իր հարուստ ու ճոխ երգացանկին եւ հաճելի կատարողութեան կրցաւ գոհացնել բոլոր ներկաները հայկական, արաբական եւ յունական երգերով:
ԱՐԵԳ պարախումբին յաջողութեան եւ վերելքին համար կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնք մեծապէս պիտի նպաստեն հայ պարարուեստի գոյատեւման:
Ատենապետուհի Անի Եփրեմեան կատարեց պարախումբին պատմականըª հիմնադրութեան օրէն մինչեւ օրս, նշելով որ պարախումբը որպէս պարուսոյց ունեցած է հայրենի բազմաթիւ վաստակաւոր արուեստագէտներ, որոնք ժամանած են հայրենիքէն եւ անոնց շունչին տակ կազմուած է պարախումը եւ կը շարունակէ 40 երկար տարիներէ ի վեր:
Այս յատուկ առիթով, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան գնահատելէ ետք վարչութեան կատարած աշխատանքը, թելադրեց ներկաներունª վստահիլ իրենց զաւակները ՙՆոր Սերունդ՚ին, որովհետեւ այնտեղ անոնք պիտի ստանան տարբեր կրթութիւն եւ դաստիարակութիւնª խարսխուած հայապահպանման եւ մշակոյթի ամուր հիմքերու վրայ:
Պարախումբի 40-ամեակին առթիւ պատրաստուած յատուկ կարկանդակի հատումին համար բեմ հրաւիրուեցան օրուան նախագահն ու տիկինը, ինչպէս նաեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան վարչութիւնը:
Սրահէն ներս կը տիրէր բացառիկ խանդավառ մթնոլորտ, ուր բոլոր ներկաներուն տրամադրութիւնները շատ բարձր էին եւ անոնք կ’արտայայտուէին շուրջպարերով եւ երգերով:
Վարձքը կատար Նոր Սերունդի վարչութեան, որովհետեւ այս յաջողութիւնը կազմակերպչական երկար աշխատանքներու արդիւնք է, մասնաւորապէս երկրի ապահովական աննպաստ պայմաններուն մէջ:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ