Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՌՈՒՊԻՆԱ  ՃԻԿԷՐԵԱՆԻ  ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

October 30, 2023
in Յօդուածներ
0
ՌՈՒՊԻՆԱ  ՃԻԿԷՐԵԱՆԻ  ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

 

Թուականէս տարի մը առաջ կորսնցուցինք Ռուպինան, որուն մահը ցնցեց իր քոյրերը, իր դասընկերուհիները, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի իր գործակիցները եւ բոլոր բարեկամ-բարեկամուհիները: Անակնկալօրէն յայտնաբերուած իր հիւանդութիւնը զինք առաւ իր յորձանուտին մէջ, ուր քանի մը ամուան ընթացքին պատճառեց իր անսպասելի մահը:

Ռուպինային ծանօթանացայ, երբ BCW այժմ LAU օգնականուհին էի, ուսումնական տեսչուհիին (Academic Dean), ու պաշտօնիս բերումով մօտէն կը հետեւէի ուսանողուհիներու ակադեմական յառաջընթացին: Ռուպինան աւարտելէ ետք ՀԲԸՄիութեան Դարուհի-Յակոբեան վարժարանը, եկած էր մեր հաստատութիւնը 1965-ին, ու չորս տարուան ուսումնառութենէն ետք, 1969-ին ան կը ստանար իր BA տիտղոսը պատմութեան մասնագիտութեամբ եւ մանկավարժական Normal Diploma-ով: Այդ տարիներու ընթացքին էր որ իր դասախօսներուն իսկ վկայութեամբ, ան կը համարուէր որպէս արտակարգ ուսանողուհի պատմութեան ճիւղին մէջ: Անոնք իր մէջ կը տեսնէին ապագայի պատմութեան դասախօսուհին` համալսարանական մակարդակով: Հակառակ սոյն նախատեսութիւններուն, Ռուպինան չընդգրկեց ուսուցչական ասպարէզը եւ դարձաւ վարիչ-քարտուղարուհի Fercometal եւ Hikmat Tannous ընկերութիւններուն, ուր 48 տարի առանց ընդմիջման ծառայեց հաւատարմաբար:

Ռուպինան իր համալսարանական պատրաստութիւնը օգտագործեց լծուելով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ-Սեւան Մշակութային եւ Վահրամ Փափազէան թատերախումբի վարչութիւններուն որպէս գործունեայ անդամ, իր կարեւոր նպաստը բերելով անոնց կազմակերպած բարձրորակ ձեռնարկներուն: Ան բացառիկ նուիրումով եւ խանդավառութեամբ կը կատարէր իր վարչականուհիի պարտականութիւնները: Ռուպինան խիզախ էր նետուելու եւ իրագործելու մեծ ծրագիրներ, որոնց իրականացման համար չէր խնայեէր որեւէ ճիգ: Իր վերաբերմունքը գործակիցներուն հանդէպ կը յատկանշուէր ազնուութեամբ, յարգանքով եւ գործակցութեան բարձր ոգիով: Այդ էր պատճառը, որ ան այնքան սիրուած էր ու գնահատուած բոլորին կողմէ:

Ռուպինան իր մտային հորիզոնը ընդլայնելու նպատակով կը հետեւէր լիբանանեան երաժշտութեան, գրականութեան, ընկերային գիտութիւններու շուրջ կազմակերպուած ձեռնարկներուն եւ կը լիցքաւորուէր անոնցմով: Չէր փախցներ նաեւ հայ կեանքին մէջ դրսեւորուող գրական, Հայ ազգային դատին հետ առնչուող դասախօսութիւններն ու հարցազրոյցները եւ կլոր սեղանները: Իր հետաքրքրութեան գլխաւոր մտասեւեռումը թէեւ Հայոց պատմութիւնն էր իր անցեալի ու ներկայի դրսեւորումներով ու խնդիրներով: Հայրենիքի վերջին անփառունակ վիճակը` Արցախի մեծ մասի կորուստով ու հազարներու հասնող երիտասարդ զոհերով իր առօրեայ մտահոգութեան առարկան էին:

Ռուպինային արուեստներու եւ յատկապէս գեղանկարչական արուեստի հանդէպ իւրայատուկ սէրը առաջնորդեց զինք ծանօթանալու Երեւանի մէջ հայրենի վաստակաւոր արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանին, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր հայ արուեստի գործերուն հաւաքագրման, պահպանման ու ծանօթացման: Ան երկարամեայ տնօրէնն էր Հայաստանի ազգային պատկերասրահին եւ վարած էր նաեւ ՙՄարտիրոս Սարեան՚ տուն-թանգարանին տնօրէնի պաշտօնը: Ռուպինան մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ, երբ Շահէն Խաչատրեան ՀԵԸ-ի հրաւէրով եկաւ Պէյրութ: Ան ընկերակցեցաւ հիւր արուեստագէտին, զայն առաջնորդելով Զմմառու վանքը եւ այլ մշակութային կեդրոններ, դպրոցներ, եկեղեցիներ, Հայկազեան համալսարան եւ այլ վայրեր: ՀԵԸ-ի Մշակութային յանձնախումբին հետ գործակցաբար կազմակերպեց դասախօսական ձեռնարկներ եւ հանդիպումներ արուեստագէտներու հետ: Շահէն Խաչատրեան ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի գործերու մեկնաբանման նուիրուած հատոր ունի եւ շատ մը աշխատասիրութիւններ, որ պատճառ եղաւ որ դասախօսութիւններէն մին Այվազովսկիի նուիրուի: Այդ օրերուն մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ լիբանանահայ գաղութի մշակութային կեանքին մէջ:

Բարեսիրական աշխատանքները մաս կը կազմէին Ռուպինային էութեան: Լիբանանի  վերջին տնտեսական տագնապի օրերուն, Սուրբ Էջմիածնայ Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի որպէս վարչականուհի, իր ժամանակը տրամադրեց նպաստաբաշխումի անոնց աշխատանքներուն եւ կանոնաւոր կերպով ներկայ էր նպաստաբաշխման կեդրոնները, ատենապետուհի Տիկ. Անահիտ Տանձիկեանի կողքին, հոգեկան մեծ բաւարարութիւն զգալով կարօտեալներուն օգնութեան հասնելով: Իր բարեկամական շրջանակին մէջ գտնուողª օգնութեան կարօտ անձերուն նաեւ կը հասնէր թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս: Իր կարեկից հոգիով հոգաց իր հօրը, մօրը եւ եղբօրը` Ռաֆֆիին: Անոնց ցաւերուն ցաւակից ըլլալով եւ մահամերձ անոնց վերջին օրերուն խնամող հրեշտակը հանդիսացաւ: Ինչպիսի սիրով եւ գուրգուրանքով ան նուիրուեցաւ իր հարազատներու խնամքին: Ռուպինային ապրած կեանքը իմաստաւորուած էր քրիստոնէական, ազգային ու մշակութային արժէքներով: Անոր սկզբունքը եղած էր ծառայել հայ մշակոյթին իր միութենական գործունէութեան ընդմէջէն: Ռուպինան Դարուհի-Յակոբեան իր մայր հասատատութենէն ստացած հայեցի դաստիարակութեամբ կառչած մնաց իր ազգային ինքնութեան: Քրիստոնէական սկզբունքներով առաջնորդուելով ան հասաւ անկարին ու տկարին, բերելով իր նպաստը անոնց կեանքի բարելաւման ի խնդիր:

Ռուպինային կորուստին ցաւը իրենց սրտին մէջ խոցուած իր քոյրերը` Անին եւ Սիլվան, քեռայրները` Կարօն եւ Վարուժը,  քրոջ որդիներըª Վիգէնն ու Սեպուհը, ազգականները եւ այլ հարազատներ, նաեւ բազմաթիւ դասընկերուհիներ, բարեկամուհիներ եւ միութենական գործակիցներ անհուն սիրով կը պահեն իր յիշատակը իրենց սրտերուն մէջ:

Թող անթառամ մնայ Ռուպինային յիշատակը բոլոր զինք ճանչցողներու հոգիներուն մէջ:

 

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍՈՄՈՆԵԱՆ

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Next Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ – 3

Next Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ - 3

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.