ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԱԳՆԱՊԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄ
Լիբանանի Ընկերային ապահովագրութեան հիմնադրամը սկսած է փոխանցում կատարել հիւանդանոցներուն երիկամունքի լուացումի ծախքի փոխարէն: 2023 տարուան սկիզբէն ի վեր 249 միլիառ լիբանանեան ոսկի փոխանցուած է հիւանդանոցներունª այս նպատակին համար:
Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան ընդունեց Իտալիոյ դեսպանը եւ յայտնեց, որ նախարարութեան ծրագրին մաս կը կազմէ Լիբանանի արտադրութեան մակարդակի բարձրացումը, կարենալ արտածելու համար եւրոպական երկիրներ: Ըստ նախարարին, լիբանանեան ճարտարարուեստին մակարդակը յարատեւ բարձրացումի մէջ է ու մօտ է այն օրը, երբ ճարտարարուեստը պիտի վերադառնայ իր առաջուան առաջնորդող դիրքերուն:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԱՐՑԱԽՑԻՆ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ – Գ. ՄԱՍ
Արցախէն տեղահանուած քաղաքացիներու տառապանքը թեթեւցնելու համար, Հայաստանի կառավարութիւնը տունի վարձքի եւ ծառայութեան վճարումի օժանդակութիւն կը կատարէ: Ոչ մէկ արցախցի պէտք է զգայ ինքզինք ընկճուած: Այս պէտք է ըլլայ նշանաբանը Հայաստանի կառավարութեան: Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Սփիւռքը միասին աշխատելու պարագային, արցախցին կրնան պահել Հայաստանի մէջ:
Արցախցին Հայաստանի մէջ պահելու ամենադիւրին ձեւն է քննել իւրաքանչիւր Արցախի քաղաքացիին արհեստը: Բանալ հաշիւ մը անոր անունով եւ ստանալ օժանդակութիւն այդ ծրագրին համար: Ձեւով մը փոքր գործատեղիի հաստատում, հողագործական, ծառայութեան, առեւուրի կամ արտադրութեան մարզերուն մէջ: Այս գործին հսկելու համար հաստատել պետական գրասենեակ մը, որ շրջաններուն մէջ նաեւ կը զբաղի իւրաքիւնչիւր տեղահանուածի պարագայով: Կարեւորը այն է, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը չզգան որ լքուած են իրենց ճակատագրին: Այլապէսª կը գաղթեն երկրէն:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ
ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՏԱԳՆԱՊԸ ԵՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ – Բ. ՄԱՍ
Կազայի մէջ բռնկած պատերազմը սկսած է իր ժխտական հետեւանքները ունենալ շրջանի պետութիւններուն վրայ: Անապահովութեան զգացումը եւ պատերազմի մը բռնկումին վախը կը մղեն գործարարներ նոր գործ չսկսելու, այլ մնալու ձեռնպահ նոր գնումէ կամ նոր գործի մը սկսելէ: Իսրայէլի տնտեսութիւնը կրեց մեծ վնասª քաղաքներու, նաւահանգիստի եւ օդակայանի փակումին պատճառով: Իսրայէլի շատ մը քաղաքացիներ, որոնք կը կրեն նաեւ օտար երկրի մը անցագիրը, սկսած են մեկնիլ երկրէն: Հակառակ գաղթը արդէն իրականութիւն է, որ պիտի աւելնայ պատերազմը երկար տեւելու պարագային: Պաղեստինցին, լիբանանցին եւ սուրիացին վարժուած են զրկանքին, որուն պատճառը Իսրայէլ կոչուած ցեղապաշտական պետութիւնն է, սակայն իսրայէլացի քաղաքացին վարժուած չէ: Այս է տարբերութիւնը:
Իսրայէլի օրական վնասը պատերազմին պատճառով կը հասնի 245 միլիոն ԱՄՆ տոլարի: Երկրին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը յայտնեց, որ երկրին տնտեսական աճը այս տարի պիտի ըլլայ 2,3 առ հարիւր, նախատեսուածին փոխարէն: Պարտքի տոկոսը պահեց 4,75 առ հարիւր համեմատութեան վրայ, որ ամենաբարձրն է 2006 թուականէն ի վեր: Երկրին դրամանիշը արժեզրկուեցաւ եւ պիւտճէի բացը պիտի հասնի 3,5 առ հարիւրի:
ԵՒՐՈՊԱ
ՍՂԱՃԸ ԳԼԽԱՒՈՐ ԳԼԽԱՑԱՒ
Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը Եւրոպայի մասին իր վերջին տեղեկագրով հաղորդեց, որ հիմնական սղաճը կը նուազի, սակայն կը սպասուի որ շատ երկիրներու մէջ մինչեւ 2025 սղաճը պիտի մնայ այս մակարդակին վրայ: Միայն 2026-ին կրնայ հասնիլ Ուքրանիոյ պատերազմէն առաջուան մակարդակին: Եւրոպական շատ տնտեսութիւններու մէջ հիմնական սղաճը տակաւին բարձր է, յատկապէս ծառայութեան մարզին մէջ: Աշխատավարձերը արագօրէն կ’աճին, գերազանցելով սղաճը որոշ տնտեսութիւններու մէջ, յատկապէս Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու մէջ: Երկու տարուան ընթացքին Եւրոպայի մէջ սղաճը հասած էր 25 առ հարիւրի: Հունգարիոյ մէջ 2022 թուականի վերջաւորութեան սղաճը հասած էր 25 առ հարիւրի, իսկ գիները 2020 թուականի վերջաւորութեան մինչեւ 2023 թուականի Օգոստոսը աճած են 41 առ հարիւր համեմատութեամբ:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱ
ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՄԵՂՄԱՑՈՒՄ
Քարիւղի գինը նուազեցնելու համար միջազգային շուկային վրայ, ԱՄՆ կը փորձէ նուազեցնել պատժամիջոցները Վենեզուելայի նկատմամբ: Պատժամիջոցներու նուազումը տեղի պիտի ունենայ քարիւղի արտադրութիւնը աւելցնելու համար:
ԱՄՆ
ԱՆՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕՆԸ – Բ. ՄԱՍ
Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչակազմը կը շարունակէ պարտքի վրայ հիմնուած իր տնտեսական համակարգը: Անհաշիւ ծախսելու այս արշաւը վտանգի գործօններ կը պարունակէ իր մէջ: Պարտքի կուտակումը բոլոր հատուածներուն մէջ, սկսեալ կառավարութենէն, հասնելով ընկերութիւններու եւ ընտանիքներու, իր մէջ կը պարունակէ վտանգ, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլաով ան սկսած է մօտենալ անկառավարելիի սահմանին: Ներկայիս ԱՄՆ-ի պարտքը, որ հասաւ 33 հազար միլիառ ԱՄՆ տոլարի, կը գերազանցէ երկրին համախառն արտադրութիւնըª 25 միլիառ ԱՄՆ տոլար: Դրամատուները կը գտնուին դժուար կացութեան առջեւ, որովհետեւ պարտքի տրուած դրամէն մաս մը սկսած է չվճարուիլ ու կանխիկ գումարի պակասը եւ բարձր տոկոսը կը դժուարացնեն պարտքի դրամ տալը:
Հակառակ այս կացութեան, տակաւին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կը յենի ԱՄՆ տոլարի փոխարժէքին վրայ, օժանդակութիւն տալու համար Իսրայէլին եւ Ուքրանիոյ: Նոյնիսկ քննարկում չի կատարուիր ամավարկի կամ պիւտճէի բացը նուազեցնելու մասին: Բացը այս տարի հասած է մրցանիշային 1700 միլիառ ԱՄՆ տոլարի: Ըստ մասնագէտներու, ԱՄՆ կայուն քայլերով կը մօտենայ տնտեսական մեծ աղէտի մը: ԱՄՆ-ի եօթը նահանգներ արդէն վաւերացուցած են օրինագիծեր, որոնք ԱՄՆ տոլարի կողքին կ’ընդունին ոսկին ու արծաթը որպէս վճարումի միջոց: Այս որոշումները կը յստակացնեն ԱՄՆ տոլարին շուրջ վտանգը եւ մեր վարկածին ճշմարտացիութիւնը:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ՇՐՋԱՆ
Ներկայիս ականատես կը դառնանք փոխանցման ժամանակաշրջանի մը աշխարհի տնտեսական համակարգին մէջ: Համաշխարհայնացումի ձեւը, որ հիմնուած էր աժան աշխատավարձով աշխատող արեւելեան Ասիոյ գործաւորներու վրայ եւ այդ ապրանքը առանց մաքսի վճարումի արտածել տարբեր երկիրներ, սկսած է կամաց-կամաց տեղի տալ: Տակաւին համակարգ մը չկայ, որ փոխարինեց զայն: Փոխանցման շրջան մըն է, որուն աւարտը յայտնի չէ: Այդ համակարգին ձեւը պիտի որոշուի Արեւմուտք-Արեւելք բախումի արդիւնքին հիման վրայ: Բազմաբեւեռ աշխարհի համակարգը պիտի ըլլայ կորիզը այդ տնտեսական համակարգին, որ պիտի տիրէ աշխարհի վրայ: Ներկայիս, Չինաստան որ պիտի վարէ Արեւելքի բեւեռը, կը փորձէ սիրաշահիլ զարգացող հարաւային կիսագունդի երկիրները, հարաւային Ամերիկայի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ:
Ըստ Ուժանիւթի համաշխարհային կազմակերպութեան նախատեսութեան, բնական կազի օգտագործումը պիտի հասնի իր գագաթնակէտին 2030 թուականին: Այդ թուականէն ետք այն պիտի սկսի նուազիլ: 2011 թուականէն սկսեալ բնական կազի օգտագործումը աւելցաւ տարեկան 2 առ հարիւր համեմատութեամբ:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԱՐԺԷՔԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ (Labour theory of value)
Աշխատանքի արժէքի տեսութիւնը կը հաստատէ, որ ապրանքի մը գինը կ’որոշուի այն ժամանակով, որ կը տրամադրուի անոր արտադրութեան համար: Այս վարկածը հաստատուեցաւ ամերիկացի տնտեսագէտ Ատամ Սմիթի եւ գերմանացի տնտեսագէտ Քարլ Մարքսի կողմէ: Ապրանքի արտադրութեան համար դրուած ժամանակն էր որ պիտի որոշէր ապրանքին գինը ու գործաւորին վարձատրութիւնը: Եթէ գործատէրը գործաւորին աշխատանքի արժէքէն պակաս վճարէր, այդ կը կոչուէր շահագործում: Այս շահագործումի դէմ պայքարն էր որ օգտագործուեցաւ ընկերվարական շարժումին կողմէ, շահագործուող գործաւորը պաշտպանելու համար: Սակայն, ապրանքին արժէքը կ’որոշուի նաեւ այդ ապրանքին պահանջարկով: Եթէ արտադրուածը մեծ պահանջարկ չունի, արժէքը կը նուազի շուկային մէջ:
Աղբիւրներª ՙՏը Էքոնոմիսթ՚, ՙՌաշա Թուտէյ՚, ՙԱռաւօտ՚ եւ ՙԱլ Տիյար՚
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ