Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ժողով գումարեց ԱՄՆ-ի արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքընի հետ ու անոր տեղեկացուց, թէ դէմ է պաղեստինցի ժողովուրդի որեւէ տեղահանութեան Կազայի հատուածէն: Ան կոչ ուղղեց բանալու Կազայի հետ սահմանը ու մարդասիրական օժանդակութիւն ղրկելու բնակչութեան: