Ռուսական դաշնութեան նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ Ռուսիա չէր փափաքեր, որ երկրին նախագահը չկարենայ այցելել Հայաստան: Այսպէս արձագանգեց Ռուսիաª Հայաստանի կողմէ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումին: Կանոնադրութիւն մը, որ միջազգային օրէնքը կը պարտադրէ Հայաստանին: Ըստ այդ օրէնքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եթէ այցելէ Հայաստան, պէտք է ձերբակալել զայն ու յանձնել Միջազգային դատարանին: