ՙԱրարատ՚ օրաթերթը ՙՀայ ֆիլմ 100՚ շարքով պիտի ներկայացնէ ՙՄետիամաքս՚ի եւ Երեւանի պետական համալսարանի Լրագրութեան բաժանմունքի պատրաստածª հայկական ֆիլմարուեստի եղափոխութիւնը եւ դրամատիկական շրջանները:
ՁԻՒՆԱԳՈՒՆԴԸ ԳԼՈՐՈՒԵԼՈՎ ԿԸ ՄԵԾՆԱՅ. 5 ԴԵՐԱՍԱՆª 5 ՙԱՅՑԵՔԱՐՏ՚
Հայ ֆիլմը իր պատմութեան հարիւր տարիներու ընթացքին ունեցածլ է բազմաթիւ դերասաններ, որոնք նշանակալի դերեր խաղացած են ոչ միայն ֆիլմի, այլեւ հայկական ֆիլմի պատմութեան կերտման մէջ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրըª իրենց դերերով, նպաստած է հայ ֆիլմարուեստի ծաղկման եւ ՙգլորած՚ է հայ ֆիլմի զարգացման ՙձիւնագունդը՚£
Պատիւը խորտակող Էլիզպարովը
Թէ՛ թատրոնին, թէ՛ ֆիլմին մէջ Հրաչեայ Ներսիսեանը մեծ վարպետութեամբ պատկերած է հայ դրամատուրկի կերպարները: Անոր ստեղծագործական յաջողութիւններէն մէկը Անտրէաս Էլիզպարովի կերպարն էր ՙՊատուի համար՚ ֆիլմին մէջ:
Ներսիսեանը վարպետօրէն բացայայտածէ դրամատիրական աշխարհի խոշոր գիշատիչիª Էլիզպարովի կերպարին տիպական եւ անհատական գծերը: Ներսիսեան-էլիզպարովը մեծ դրամատիրոջ քաղաքային տիպն էª արտաքնապէս բարեկիրթ, մտաւորականի պահուածքով, սակայն անոր մէջ ամուր նստած է գաւառացի վաճառականը£ Ներսիսեան բացայայտած է Ալեքսանտր Շիրվանզադէի հերոսի ոչ միայն ընկերայինն էութիւնը, բնաւորութեան գիծերը, այլեւ վարքագիծի հոգեբանական շարժառիթները, անոր ապրած իւրատեսակ հոգեբանական տրաման:
ՙՊատուի համար՚ ֆիլմը մեծ տպաւորութիւն գործած էր հանդիսատեսին վրայ: Անոր մասին առանց հիացմունքի չի կրնար խօսիլ նաեւ ֆիլմագէտ Դաւիթ Մուրատեանը, որ յատկապէս բարձր կը գնահատէ ֆիլմին մէջ Աւետ Աւետիսեանի եւ Հրաչեայ Ներսիսեանի կերտած կերպարները:
ՙԱւէտ Աւետիսեանը եւ Հրաչեայ Ներսիսեանը միասնաբար անցած են հայ ֆիլմի ամբողջ պատմութեան միջով: Անոնց ամենահետաքրքրական զոյգը, իմ կարծիքովս, եղած է ՙՊատուի համար՚ ֆիլմը, ուր Հրաչեայ Ներսիսեանը կը խաղար Էլիզպարովի դերը, իսկ Աւետ Աւետիսեանըª Սաղաթէլի: Անոնք երկուքն ալ կը մարմնաւորէին իրարմէ բացարձակապէս տարբեր գեղարուեստական անհատականութիւններով օժտուած կերպարներու£
Մէկ կողմէ Աւետ Աւետիսեանըª գիշատիչ Սաղաթէլին, միւս կողմէ Հրաչեայ Ներսիսեանըª Էլիզպարովին, որուն նաեւ քիչ մը խիղճը կը տանջէ, քանի որ իր դստեր ճակատագրին հարցը կ՛որոշուէր: Եւ սա իրօք անոնց հիանալի եւ անմոռանալի համագործակցութիւնն էր ֆիլմարուեստին մէջ եւ յատկապէս ՙՊատուի համար՚ ֆիլմին մէջ՚£
Դրամատիրական աշխարհի ծնունդ Զիմզիմովը
ՙՊէպօ՚ ֆիլմի բեմադրիչ Համօ Բեկնազարեանի համար Սունդուկեանի համանուն ստեղծագործութիւնը կ՛ընդգրկէ վաթսունական թուականներու իրականութիւնը: Տաղանդաւոր հայ գրող Սունդուկեանը չի ջանար հիմնովին դիմակազերծ ընել եւ սպանիչ հարուած տալ իր դասակարգին, ան չի բողոքեր իր ժամանակի դասակարգի սկզբունքներուն դէմ£ Ան կը ջանայ մեղադրել իր դասակարգի առանձին ներկայացուցիչներըª զիմզիմովներուն: Սունդուկեանի համար գոյութիւն ունին ՙբարի՚ եւ ՙչար՚ մարդիկ, եւ Զիմզիմովը վերջիններու թիւին կը պատկանին:
Այդ տարիներու բոլոր յայտնի հայ դերասանները ներգրաւուած էին ֆիլմին մէջ: Յատկապէս իր կոթողային դերով աչքի ինկած է Զիմզիմովի դերակատար Աւետ Աւետիսեանը: Թէպէտ Համօ Բեկնազարեանը ի սկզբանէ զայն նախատեսած էր Պէպոյի դերին համար, սակայն հետագային որոշումը կը փոխէ:
ՙԵս անձամբ ծանօթ եմ, անձամբ տեսած եմ զիմզիմովներու նման տիպեր: Թիֆլիսի մէջ ես կը ծառայէի յայտնի առեւտրական-վաշխառուներու տան մէջ: Ահա այդ ժամանակներէն սկսեալ իրազեկ կը դառնայի այդ տիպերու վատ գործունէութեան: Մինչեւ հիմա ալ դեռ տպաւորուած են իմ ուղեղին մէջ այդ մարդոց կենցաղը, վարքը եւ արարքը: Այդ վաշխառու վաճառականները կեանքին մէջ կոպիտ, չար անձնաւորութիւններ էին: Երբ ես ստանձնեցի Զիմզիմովի դերը, ինծի համար շատ հեշտ էր այդ վաշխառուի տիպը: Ես կ՛աշխատէի ճշգրիտ պատկերաւորել եւ իրական կերպով տալ ու ստեղծագործել վաշխառու Զիմզիմովին, որպէսզի հանդիսականները, նամանաւանդ նոր սերունդը անգամ մը եւս հասկնայ, թէ ինչ դաժան էր անցեալը, երբ երկրին տէրերը զիմզիմովներն էին: Ֆիլմի համար խաղալը կը պահանջէ մեզմէ, այսինքնª դերասաններէն, աւելի լուրջ եւ հոգատար վերաբերմունք դէպի դերը: Եւ ես Զիմզիմովի տիպի պատկերման մօտեցած եմ լրջօրէն եւ շատ աշխատած եմ այդ տիպին վրայ՚:
Տարիներ անց այդ ֆիլմին ամբողջ ձայնաշարը, այսինքնª հնչիւնային մասը արդէն վնասուած էր£ 1964-ինª ՙՊէպօ՚ ֆիլմի յոբելեանին առիթով, որոշուած էր վերաձայնագրել զայն: Բայց մէկը այլեւս չկար, այլեւս ողջ չէին ո՛չ Հրաչեայ Ներսիսեանը, ո՛չ Համբարձում Խաչատրեանը, ո՛չ Դաւիթ Մալեանը£ Մէկ մարդ միայն մնացած էրª Աւետ Աւետիսեանը: Ֆիլմագէտ Դաւիթ Մուրատեանը նոյնպէս հրաւիրած էինª ֆիլմին մէջ երեխայի դերը ձայնագրելու համար, եւ անոր յիշողութեան մէջ դաջուած էր Աւետ Աւետիսեանըª ձայնագրման տաղաւարին մէջ Զիմզիմովի դերը ձայնագրելու ատեն:
ՙԵւ ես ձայնագրման տաղաւարին մէջ էի, իսկ այնտեղ մեն-մենակ կը ձայնագրուէր Աւետ Աւետիսեանը: Այդ մէկ կողմէ տխուր տեսարան էր, միւս կողմէª գեղեցիկ, որովհետեւ այդ պատմական մենակութեան մէջ Աւետ Աւետիսեանը կը կատարէր իր պարտքը այդ ֆիլմին հանդէպ՚, կը պատմէ Դաւիթ Մուրատեանը:
Ուժեղ եւ պայքարող անհատականութիւն Սիրանոյշը
ՙՄեր մանկութեան թանկօն՚ ֆիլմը, որուն բեմադրիչը Ալպերթ Մկրտչեանն էր, հայ ֆիլմի մեծագոյն նուաճումներէն մէկն է: Այն Մինսքի մէջ կայացած համամիութենական 18-րդ փառատօնին արժանացած է գլխաւոր մրցանակին: Գլխաւոր դերերէն մէկուն մէջ Կալիա Նովենցն էª դերասանուհի մը, որ միակն է ամբողջ հայկական ֆիլմարուեստին մէջ, որ Վենետիկի փառատօնին մրցանակ ստացած է կնոջ դեր մարմնաւորելու համար:
Ֆիլմի բեմադրիչ Ալպերթ Մկրտչեանի բնորոշմամբª ֆիլմին մէջ գլխաւոր հերոսուհի Սիրանոյշն ու դերակատար Նովենցը գտած են միմեանց£
Սկիզբը Կալիա Նովենցը հրաւիրած էին երկրորդական դերի մը համար, բայց վերջինս մերժած էր զայն, ու իր յամառութեան եւ տաղանդին շնորհիւ հասած էր այն բանին, որ իրեն յանձնեն Սիրանոյշի դերը:
ՙԶիս դարձեալ կանչեցին, որ փորձեն, եւ այդ ընթացքին Մկրտչեանը կը համոզէր, որ չվիրաւորուիմ. ՙԴուն շատ հանդարտ ես, դանդաղաշարժ: Սենարը աւարտելէն յետոյ զգացի, որ կերպարը հեռացած է քեզմէ՚:
ՙԵս մեղաւոր չեմ, որ մինչեւ հիմա ինծի հանդարտ կանանց դերեր տուած են, բայց ես հանդարտ մարդ չեմ, ես խենթ եմ՚£
Հազիւ այդ բառը ըսի: Բոլորը ծիծաղեցան: Չեմ յիշերª բառերու ինչ տեղատարափ թափեցի: Մկրտչեանը ուշադիր կը զննէր զիս, ու երեւի իմ այդ պոռթկումը շատ բան որոշեց: Մինչ այդ սիրած դերեր ունեցած էի, բայց այդ շատ վաղուց էր, Լենինականի թատրոնին մէջ, իսկ ֆիլմի սենարը կարդացած էի, շատ հաւնած, շատ կ՛ուզէի լաւ խաղալ՚, իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ կ՛ըսէ դերասանուհին:
ՙԻմ նախկին դերերուն մէջ ես երկրորդական դերեր կատարած եմ: Եւ ես յոգնած էի հլու հնազանդ, խեղճ կանանց կերպարները մարմնաւորելէ: Իսկ ՙՄեր մանկութեան թանկօ՚-ին մէջ իմ կերտած Սիրանոյշը անոնց հակադրութիւնն է, ան մեր իրականութեան ծնունդն է. ուժեղ, պայքարող անհատականութիւն է: Սիրանոյշի բնաւորութեան գիծերէն զիս ամէնէն շատ յուզած են անոր մեծ սէրը ամուսինին, երեխաներուն, հայրենի քաղաքին նկատմամբ, եւ անոր անկոտրում բնաւորութիւնը՚:
Դաւիթ Մուրատեանի բնորոշմամբª այս ֆիլմը հայ ֆիլմի աննախադէպ նուաճումներէն է, որ բարձրացուցած է դերասանուհիին անունը, թէպէտ անկէ առաջ ալ ան ճանչցուած եղած է:
ՙԱյս ֆիլմին մէջ ան կատարեալ անկեղծութեամբ հանդէս կու գայ, այսինքնª այնտեղ խաղ ե՛ւ կայ, ե՛ւ չկայ, որովհետեւ ամբողջովին ներքին էութենէն, հոգիէն կը խաղայ: Կալիա Նովենցը մեծ արտայայտչականութեամբ մարմնաւորած է այդ ֆիլմի գլխաւոր հերոսուհիին դերը: ՙՄեր մանկութեան թանկօն՚ դարձաւ համաժողովրդական ֆիլմ, եւ անոր մէջ շատ մեծ էր Կալիա Նովենցի ստեղծագործական ներդրումը՚, կ՛ըսէ ֆիլմագէտը:
Դաւիթ Բեկի հաւատարիմ զինակից Ստեփանոս Շահումեանը
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը լի է զաւթիչներու եւ թշնամիներու դէմ մղած պայքարի դրուագներով£ Պայքար, որ յաճախ կը տարուէր անհաւասար ուժերով, բայց կ՛աւարտէր հայերու յաղթանակով: Այս մասին է նաեւ ՙԴաւիթ Բեկ՚ պատմական ֆիլմը£
Պատմական մեծ կտաւ յղանալը մէկ բան է, զայն նկարելը մէկ այլ բան էր, այն ալ պատերազմի տարիներուն, երբ Հայրենական մեծ պատերազմն էր, եւ սթուտիոյի տղամարդոց մեծ մասը մեկնած էին ռազմաճակատ: Ֆիլմի բեմադրիչըª Համօ Բեկնազարեանը, դիմակայելով բոլոր փորձութիւնները, կը նկարէ զայն£
ՙԺամանակի այդ դաժանութեան մէջ դրական բան մըն ալ կար: Իմ երկարատեւ ստեղծագործական փորձառութեան մէջ երբեք չէ եղած հայրենասիրական ֆիլմ ստեղծելու այդպիսի ոգեւորութիւն, այդպիսի աննախադէպ ցանկութիւն՚, իր յուշերուն մէջ կը գրէ բեմադրիչը:
Նկարահանուելով Հայրենական մեծ պատերազմի տարիներունª ֆիլմը հայրենասիրական մեծ ոգիով տոգորած էր հանդիսատեսը, եւ անոր մէջ կարեւոր դերակատարում ունէին ֆիլմի առանցքային հայրենասիրական կերպարներըª Դաւիթ Բեկը եւ անոր հաւատարիմ մարտական ընկեր Ստեփանոս Շահումեանը, որուն ընտրութեան հարցով չէր սխալած Համօ Բեկնազարեանը: Դաւիթ Բեկի մարտական զինակից Ստեփանոս Շահումեանի դերին մէջ ժողովրդական արուեստագէտ Դաւիթ Մալեանն է£
ՙՀայկական ՍՍՀ ժողովրդական արուեստագէտ Դաւիթ Մալեանը ստեղծած է կրքոտ հայրենասէր մարտիկիª Դաւիթ Բեկի հաւատարիմ զինակիցի գրաւիչ կերպարը: Ան տաքարիւն է մարտի մէջ, մեղմª լիրիկական դրուագներու մէջ: Բերդի դարպասներուն մօտ տեղի ունեցած ամենաբարդ տեսարանը, որ ան վարեց զուսպ ու առանց աւելորդ զգացականութեան, կրնայ դասուիլ ֆիլմի լաւագոյն դրուագների շարքը՚, կը գրէ Համօ Բեկնազարեանը:
Չնայած որ ֆիլմի առանցքային գաղափարը հայրենասիրութիւնն էր, իսկ Ստեփանոս Շահումեանըª անոր անմիջական արտայայտողը, այնուամենայնիւ այդ հայրենասէր կերպարի կողքին զուգահեռաբար կը պատկերուի նաեւ սիրահարը: Այս առումով իր գեղեցկութեամբ հիասքանչ, ռոմանտիկ-ասպետական դրուագ է Մելիք Ֆրանկիւլի դարպասներուն մօտ կատարած դրուագը, երբ Շահումեանը կու գայ իր սիրելիին հետ հանդիպման: Իջնելով ձիէնª Շահումեանը առանց շտապելու կը թակէ դարպասըª այրելով իր հարսնացուն արագ տեսնելու ցանկութենէն: Բայց դարպասները չեն բացուիր:
Հանճարեղ գիտնական Արտիոմ Մանուէլեանը
ՙԲարեւ ես եմ՚-ը սահմանագծային ֆիլմ է հայ ֆիլմի պատմութեան մէջ, որովհետեւ իր հետ բերած է գեղարուեստական նոր լեզու եւ նոր աշխարհայեացք: Ֆիլմը նկարահանուած է 1960-ականներու կէսերուն, եւ այդ վերնագիրը ինքնին արդէն խորհրդանշական էր, որովհետեւ ՙես՚-ը այդ վերնագրի մէջ ունէր յատուկ նշանակութիւնª անհատի արժէքը, անհատըª որպէս ամբողջ աշխարհ մը. մինչ այդ խորհրդային եւ հայկական ֆիլմին մէջ, ըստ խորհրդային գաղափարախօսութեան, անհատը երկրորդական էր, իսկ այս ֆիլմը փոխեց այդ մօտեցումը: Այդ ժամանակուայ սերունդին համար այս ֆիլմը դարձաւ ուղենիշ:
Ֆիլմի գլխաւոր դերակատարը Արմէն Ճիկարխանեանն էր, որ մինչ այդ խաղցած էր տարբեր ֆիլմերու մէջ, բայց իր կայացումը ե՛ւ հայկական, ե՛ւ ոչ հայկական ֆիլմին մէջ կատարուեցաւ այս ֆիլմով: Դաւիթ Մուրատեանի համար Արմէն Ճիկարխանեանը բացառիկ արուեստագէտ էր, որ այս ֆիլմին մէջ կը խաղոար հայ մտաւորականի կերպար, որ մինչեւ այդ մեր ֆիլմերուն մէջ բովանդակային առումով չկար:
ՙԱյդ մտաւորականի նախատիպը ակադեմիկոս Արտիոմ Ալիխանեանն էրª վիթխարի մասշտաբի գիտնական, որ Հայաստանի մէջ հիմնադրեց տիեզերական հետազօտութիւններու կեդրոն եւ մասնակցութիւն ուէր սովետական աթոմային ռումբի ստեղծման մէջ: Արմէն Ճիկարխանեանը այս մարդու կերպարը կը խաղարª շատ լաւ հասկնալով, թէ ով կը ներկայացնէր: Այսպէս` մենք ունեցանք հայ մտաւորականի առաջին կերպարը մեր ֆիլմին մէջª ոչ որպէս մասնագիտութիւն, այլ որպէս մտածողութիւն՚, կ՛ըսէ Դաւիթ Մուրատեանը:
Արտիոմի դերակատար Արմէն Ճիկարխանեանը սկիզբէն մինչեւ վերջ կը տանի իր դերը եւ ունի հմայք: Մանուէլեանի դերակատար Արմէն Ճիկարխանեանին շատ լաւ ծանօթ էր թատերական եւ ֆիլմասէր հասարակութիւնը: Արուեստագէտ մը, որուն ստեղծագործութեան մէջ ամէնէն առաջ կը գրաւեն ճշմարտացի, պարզ, մեղմ արտայայտչամիջոցները, կեանքի խոր ընկալումը առանց կեղծ պոռթկումներու, առանց շատախօսութեան, առանց կաշիէն ելլելու արտայայտելը: Ճիկարխանեանը ճշմարիտ, հաւատի եւ այժմէական արուեստագէտ է, եւ անոր ստեղծագործական խառնուածքի այս էական գիծերը դրսեւորուած են նաեւ Արտեմ Մանուէլեանի դերակատարման մէջ: Ճիկարխանեանի Արտեմը խորասոյզ եւ նուրբ հոգեբանութեան տէր մարդ է:
www©mediamax©am
(2023)
Նկար 1
Դրուագներ ՙՊատուի համար՚ ֆիլմէն
Նկար 2
Դրուագներ ՙՊէպօ՚ ֆիլմէն
Նկար 3
Դրուագներ ՙՄեր մանկութեան թանկօն՚ ֆիլմէն
Նկար 4
Դրուագներ ՙԴաւիթ Բեկ՚ ֆիլմէն
Նկար 5
Դրուագներ ՙԲարեւ ես եմ՚ ֆիլմէն