Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

October 3, 2023
in Գաղութային
0
ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

 

 

Արցախ աշխարհին դիմագրաւած վերջին աղէտը ծանր հետեւանքներ ունեցաւ մեր ժողովուրդին համարª ստեղծելով անորոշութեան մթնոլորտ£ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ կրկնուեցաւ 21-րդ դարուն£ Դարձեալ նահատակներ, քանդումներ եւ աքսոր…£ Դարեր շարունակ հայու արիւնով, արցունքով ու ստեղծագործ ոգիով շաղախուած Արցախը կը գտնուի թշնամիին արիւնոտ ձեռքերուն մէջ£ Մեր ժողովուրդը չէ յուսահատած, որովհետեւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալը կ՛ըսէ ՙյոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր՚ (Հռ 5.5)£ Հայ ժողովուրդը, Աստուծոյ օրհնութեամբ, կառչած է իր ամուր հաւատքին ու վճռականութեան£ Քրիստոս խաչո՛վ կերտեց յարութիւնը£ Այսօր, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, մեր ժողովուրդը կոչուած է իր հաւատքն ու յոյսը ամուր պահելուª նայելով Խաչեալին ու խաչէն ճառագայթող հզօր պատգամին£

Արդարեւ, Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր 2023-ին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին եւ Արցախի ու արցախահայութեան զօրակցութեան օրուան առիթով, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ£ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը£

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ, առաջին հերթին, նշեց Վարագայ Ս. Խաչին տօնին կարեւութիւնըª յայտնելով, որ Ս. Խաչի չորս տօներէն վերջինըª Վարագայ Ս. Խաչը, յատուկ է հայ եկեղեցւոյ£ Ան անդրադարձաւ պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդին ՙխաչելութիւններուն՚ եւ ընդգծեց պատմութեան ընթացքին տառապանքներուն դիմաց մեր ժողովուրդին ցուցաբերած հաւատքին զօրութիւնը£

Սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Խաչի տօները առիթ են մեր կեանքին մէջ վերահաստատելու Խաչին շարժիչ ոյժը եւ Խաչեալին փրկագործական զօրութիւնը£ Մանրամասնելով Վարագայ Ս. Խաչի տօնը, ան ըսաւ, որ 7-րդ դարուն Ներսէս Գ. Շինող կաթողիկոսին օրով հաստատուած է այս տօնը, երբ Վարագ լերան վրայ Թոդիկ ու Յովել ուխտաւոր եկեղեցականներու անդուլ աղօթքներով ու ճգնութեամբ, երկնային հրաշքով մը կը յայտնաբերուի Ս. Հռիփսիմէ Կոյսին պատկանող Ս. Խաչին մասունքը£

Անդրադառնալով ներկայ կացութեան, քարոզիչ սրբազանը նշեց, որ 4-րդ դարէն ի վեր հայ ժողովուրդին ինքնութեան անքակտելի արժէքներ դարձած ազգութիւնն ու քրիստոնէութիւնը կ՛արտացոլան պատմութեան մէջ£ Կը տեսնենք, որ հայութիւնը, Քրիստոսի նման խաչի Ճամբէն քալելով, տակաւին կը բարձրացնէ ՙԽաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն, Տէ՜ր Յիսուս՚ աղօթքը, յատկապէս այս օրերուս, որովհետեւ այսօր նո՛յն եաթաղանը կը բարձրանայ մեր ազգի հերոսական Արցախի ու արցախահայութեան վիզինª ընդմիշտ սպառնալով ոչնչացնել Հայաստանն ու հայութիւնը£ Քարոզի ընթացքին Թորգոմ սրբազանը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած. ՙԱստուա՜ծ Անմեկնելի, բազում են ճամբաներդ, անիմանալիª փրկագործական հրաշքներդ, մինչ Քու ամենաբուժիչ ու յաղթական ներգործութեանդ ամէն ժամանակէ աւելի այսօ՛ր է, որ պէտք ունինք մենքª հայ ազգը ու հայրենիքը, տարագիր ու սգաւոր արցախահայութիւնը, վիրաւոր ու սովատանջ հայ մանուկները, նահատակուած առիւծ զաւակներու հերոսածին մայրերը, քոյրերն ու եղբայրները, դաւադրաբար բռնագրաւուած արծուեբոյն մեր Արցախը, եւ տակաւինª ամենահսկիչ Քու նայուածքիդ իսկ առջեւª անորոշութեան ու նոր պատերազմներու վտանգին մէջ տուայտող Հայաստան աշխարհը ու անլուր տառապանքներու աքցանին մէջ բռնուած սփիւռքահայութիւնը, որոնք միահամուռ պաղատանքով մը, Տէ՜ր Ամենազօր, Սուրբ Խաչի՛դ իսկ զօրութիւնը կ՛աղերսեն աշխարհի բոլոր անկիւններէն անխտիր՚£

Ապա, սրբազան հայրը քաջալերեց հաւատացեալները չյուսահատելու, չընկրկելու եւ սատանային կամքին չյանձնուելուª այնքան ատեն, որ Ս. Խաչը ունինք որպէս ապաւէն ու պաշտպան£ Փաստօրէն, Եղեռնի օրերուն, Խաչը եղաւ Գողգոթայի ճամբաներէն յարութիւն տուողը մեր նախահայրերուն եւ մեզի պարգեւեց կեանք ու աստուածային օրհնութիւններ£ ՙԻնչպէս Ցեղասպանութեան, նաե՛ւ ներկայի ծանր օրերու մէջ, շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելաշունչ Ս. Աթոռին ժողովրդանուէր ծառայութեան, Աստուծոյ օգնութեամբ կարելի եղաւ մարդասիրական, կառուցողական, ընկերային, ազգային ու բարեսիրական տեսակ-տեսակ բնոյթի օժանդակութիւն իրականացնել ե՛ւ Հայաստան-Արցախին, ե՛ւ հայկական վիրաւոր գաղութներու կեանքին մէջ՚, ընդգծեց սրբազանը եւ աւելցուց, որ մեր Ս. Աթոռը մինչեւ օրս կը շարունակէ իր ժողովուրդին կողքին ըլլալ£

Քարոզի աւարտին, սրբազան հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ արցախահայութեան նուիրուած զանազան ձեռնարկներու եւ ազգակերտ աշխատանքներու կողքին, վերջերս նաեւ Հայրապետական Ս. Աթոռին կողմէ յառաջացուցած է յատուկ մարմին մը, որ շուտով կը սկսի մարդասիրական նոր ծրագիրներու ճամբով անհրաժեշտ օժանդակութիւն մատակարարել գաղթական ու տարագիր արցախահայութեան£

Յաւարտ Ս. Պատարագին, հանդիսապետութեամբ Նորին Սրբութեան, տեղի ունեցաւ Արցախին ու արցախահայութեան նուիրուած յատուկ աղօթք եւ կատարուցեաւ հոգեհանգստեան կարգª Արցախ հայրենիքին պաշտպանութեան ու պահպանութեան համար նահատակուած մեր հերոս հայորդիներու հոգիներուն համար£

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՏԱՆԳԷՆ

Next Post

ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ  ԱՂՕԹՔԻ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԳª Ի ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹՅԱՆ

Next Post
ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ  ԱՂՕԹՔԻ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԳª Ի ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹՅԱՆ

ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ  ԱՂՕԹՔԻ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԳª Ի ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹՅԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

November 28, 2023
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ ՏԱՍԸ ԱՄՍՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱՃԱԾ Է 9,2 ՏՈԿՈՍՈՎ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ ՏԱՍԸ ԱՄՍՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱՃԱԾ Է 9,2 ՏՈԿՈՍՈՎ

November 28, 2023
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՍԻԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԱԾ Է ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԸՆԹԱՑԻԿ ԾՐԱԳՐԵՐՆ ՈՒ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐԸ

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՍԻԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԱԾ Է ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԸՆԹԱՑԻԿ ԾՐԱԳՐԵՐՆ ՈՒ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐԸ

November 28, 2023
ՄԱՆՈՒԷԼ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԷՆ ՅՕԳՈՒՏ ՀՀ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷԻՆ ՊԻՏԻ ԲՌՆԱԳԱՆՁՈՒԻ ՇՈՒՐՋ 1 ՄԻԼԻԱՌ 800 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ, 8 ԻՆՔՆԱՇԱՐԺ

ՄԱՆՈՒԷԼ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԷՆ ՅՕԳՈՒՏ ՀՀ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷԻՆ ՊԻՏԻ ԲՌՆԱԳԱՆՁՈՒԻ ՇՈՒՐՋ 1 ՄԻԼԻԱՌ 800 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ, 8 ԻՆՔՆԱՇԱՐԺ

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.