Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

September 21, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Խմբագրական
0

 

 

ՓԱՌՔԴ ՇԱ՜Տ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ

 

Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ծննդեան տարեթիւը ինքնաբերաբար մեզ կը մղէ շարք մը մտորումներու:

Հայոց պատմութեան ընդհանուր համայնապատկերէն դիտած, հայրենի հողին վրայ հայկական պետականութեան վերականգնումը ապահովեց հայութեան գոյատեւման իրաւունքը: Դարերէ ի վեր, գրեթէ երազ դարձած պատրանք մը, ի վերջոյ դարձաւ շօշափելի իրականութիւն, որ ի հարկէ հայութեան համար արժած էր նահատակներու փաղանգներ, անտեղիտալի բուռն պայքարներ, անհաւասար գուպարներ, անչափելի զոհողութիւններ: Յաջորդական սերունդներու նուիրական կտակն էր, որ կեանքի կոչուեցաւ 1918-ին` սրտի չափ փոքրիկ տարածքի մը վրայ: Փիւնիկն էր որ յառնած էր մոխիրներու ընդմէջէն: Փիւնիկէն ետք` արծիւն էր որ պիտի սաւառնէր հայրենի երկինքին վրայ` որովհետեւ պիտի կայանար ան, մաքառէր ու տոկար` հակառակ թշնամեաց նենգ ցանկութեան:

Երեք հանրապետութիւններու օղակուած շղթային վերջին հանգրուանն էր երրորդ հանրապետութիւնը, որուն 32-րդ ամեակն է այսօր. անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան թուականը արդարեւ, որ ինքնին նոր էջ մը կը բանար մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ:

Այսօր, վերյուշ մը իսկ բաւարար է ընդնշմարելու, որ ինչպիսի՜ փոթորկայոյզ իրադարձութիւններու ականատեսն եղանք անցնող տարիներուն: Տարբեր մակարդակներու վրայ եւ տարբեր հանգամանքներու բերումով հայրենի պետականութիւնն ու ժողովուրդը դիմակալեցին բուռն ելեւէջներու փորձանաւոր եւ վտանգալից փուլերը: Խոչեր ու խութեր եղան անպակաս` քիչ մը բոլոր կողմերէն յայտնուող: Բացարձակ խաղաղութեան պահերը եղան ցանցառադէպ եւ անդորրաւէտ մթնոլորտը` հազուադէպ: Բազմակողմանի ճակատներու վրայ երրորդ հանրապետութիւնը ունեցաւ ցնցումներ, ինչպէս նաեւ` ընկերային-քաղաքական-ռազմական-տնտեսական եւ հոգեբանական ալեկոծումներ: Իրապաշտութիւնը կը պարտաւորեցնէ խոստովանելու, որ ինքնակայացման խարխափումներուն ակունքները կը գտնուին յա՛տկապէս մեր մէջ եւ հետեւաբար ամէն ձախողութեան ետին չորոնենք արտաքին գործօնները սոսկ: Ժամանակն է ըլլալու իրատես, առարկայական եւ ճշմարտատես` որպէսզի սթափօրէն գնահատենք այն` ինչ որ ունինք: Արժեւորենք այն` ինչ որ ձեռք բերուած է ի գին անմնացորդ նուիրուածութեանց:

Երրորդ հանրապետութեան փայլուն օրերը չեն այսօր: Անկախութեան շեփորահարները կորսնցուցած են իրենց նախկին թափը: Բայց, բոլոր պարագաներու տակ ոչ ոքի արտօնուած է եղերամայր ըլլալու եւ կամ յուսահատութեան պատմուճանը զգեցած` ողբասացութիւններ յանկերգելու:

Ընդհակառակը: Սեպտեմբեր 21-ի այս առաւօտ, հայրենատիրութեան եւ անկախ պետականութեան գաղափարականով լիցքաւորուելու պահն է որ պիտի ըմբոշխնենք ազգովին: Եթէ կատարեալ ու փայլուն չէ ամէն ինչ, այս պիտի չնշանակէ մնալ ձեռնածալ ու հանդիսատես: Եւ ի՞նչ է պետականաշինութեան եւ անկախութեան նախապայմանը, եթէ ոչ համազգային մասնակցութիւն հայրենիքի կերտումի ծանրածանր աշխատանքին: Իւրաքանչիւրը իր կարողութեամբ եւ հնարաւորութեամբ ի հարկէ: Աշխատանք, որ ոչ կարիքն ունի հրաւէրի եւ ոչ հրահանգի: Այլ` նուազագոյն գիտակցութեան եւ յանձնառութեան պարզապէս:

Հակառակ բացասական ու ճնշիչ տուեալներու, անկախութեան տօնի այս փուլին, յանուն անհամար նահատակներու եւ ի խնդիր վաղուան պայծառ այգաբացին, հայրենիքի առկայութիւնը, անոր փառքն ու բանակը, ժրաջան եւ հողին կառչած ժողովուրդը կը մխիթարեն բոլորս: Մեր ունեցածին տէրն ըլլալու հրամայականը առաջնահերթ է այսօր, զայն գուրգուրալն ու խնամելը էական պարտաւորութիւն: Երազային կարգախօսները արդէն հնամաշ են դարձած ու ճապաղած: Ամէն ինչ թանձր գոյներով մրոտելու ոչնչապաշտութիւնը աւելի քան կործանարար է այս փուլին: Կը մնայ ամոքել վէրքերը, համալրել ուժերը, համախմբել կենսունակ ու լաւատես տարրերը եւ ընթանալ լիիրաւ անկախութեան ճանապարհով:

Հայրենի հողը առանց պետականութեան` ենթակայ է կորստեան: Նոյնպէս, պետականութիւնը առանց հողի` դատապարտուած է չքացման: Իսկ այս երկուքը պահողն ու պահպանողը բնականաբար ժողովուրդն է իր բանակով ու մտաւորականութեամբ, բանուորական ուժով թէ գիւղացիութեամբ, կրթական համակարգով ու մշակոյթով, տնտեսութեամբ եւ հոգեմտաւոր արժէքներով: Այսօր տօնն է այս բոլոր մասնիկներուն, որոնք ջանադիր ու հետեւողական, ամէնօրեայ ճիգ ու ջանքով ոտքի կը պահեն Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւնը: Անոնք է, որ հաւատարիմ նախնիներէն հրիտակուած ժառանգութեան, անկախութեան հուրը վա՛ռ կը պահեն ի հեճուկս ոսոխներու եւ բազում դասալիքներու: Այս յատկանշական օրուան առիթով, յատկապէս պարտաւոր ենք խոնարհիլ հայոց բանակի նահատակ զինուորներու յիշատակին առջեւ, որոնք տարբեր ճակատներու վրայ անմահացան` յանուն հայրենիքի անվտանգութեան: Իրենց արեամբ ոռոգեցին հայրենի հողը եւ կուրծքով պաշտպանեցին անկախութեան գաղափարականը: Անոնց անունները, մէկ առ մէկ, մաս կազմեցին մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն: Փա՛ռք հերոսներու անմար յիշատակին:

Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ծննդեան օրուան այս արշալոյսին, մեր սիրտի խորերէն եւ լիահագագ կը գոչենք` ՓԱՌՔԴ ՇԱ՜Տ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ:

 

 

 

Share88Tweet55
Previous Post

ՙԶՈՒԱՐԹՆՈՑ՚

Next Post

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ Է ԴԱԴԻՎԱՆՔԻ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ

Next Post
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ Է ԴԱԴԻՎԱՆՔԻ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ Է ԴԱԴԻՎԱՆՔԻ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.