Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙՌՈՒՍԱՄԷՏ՚, ՙԱՐԵՒՄՏԱՄԷՏ՚, ՙՀԱՅԱՄԷՏ՚. Ո՞Ր ՄԷԿԸ ԸՆՏՐԵԼ…

September 8, 2023
in Յօդուածներ
0
ՙՌՈՒՍԱՄԷՏ՚, ՙԱՐԵՒՄՏԱՄԷՏ՚, ՙՀԱՅԱՄԷՏ՚. Ո՞Ր ՄԷԿԸ ԸՆՏՐԵԼ…

 

 

Ներկայիս հայ քաղաքական միտքը բացայայտօրէն կþապրի կողմնորոշուելու անորոշութիւն մը: Այս օրերուն, ՙռուսամէտ՚ եւ ՙարեւմտամէտ՚ հոսանքները դուրս եկած են քաղաքական շրջանակներէն եւ բաւական կարծրացած են հասարակական կեանքին մէջ, երբ պետական մակարդակի վրայ քննուելիք հարցերը անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ կþարծարծուին ՙռուսամէտ՚ կամ ՙարեւմտամէտ՚ տրամաբանութեամբ: Այս երկու խումբերը բացասական կարծիք ունին մէկը միւսին մասին եւ անոնք սովորաբար իրենց նախընտրած ուղղութիւնը կը նկատեն կատարեալ բարիք եւ կը ՙդիւայնացնեն՚ դիմացինինը:

Կան նաեւ այս առումով չէզոք կամ թերեւս աւելի անորոշ կողմնորոշում ունեցող անհատներ եւ խումբեր: Անոնք սովորաբար իրենք զիրենք կը նկատեն ՙհայամէտ՚` մերժելով միւս երկուքը, բայց, տարբերելով միւսներէն, անոնց հայամէտութիւնը հիմնականօրէն ունի յուզական բնոյթ, իսկ տնտեսական ու քաղաքական ծրագրերու մասին խօսելու ատեն ակամայ կը թեքին այս կամ այն կողմը:

Իրականութեան մէջ, այս կամ այն կողմնորոշուելու խնդիրը հայ ժողովուրդին մօտ գոյութիւն ունի արդէն շատ երկար ժամանակէ ի վեր: Քաղաքական ինքնորոշման այս երկուութիւնը ոչ թէ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու պատճառով է, այլ` Հայաստանի աւանդաբար շատ կարեւոր խաչմերուկի վրայ գտնուելու հետեւանք:

Հայերու մօտ կողմնորոշման երկբեւեռութեան զօրաւոր դրսեւորումներու կը հանդիպինք նոյնիսկ ասկէ հազար հինգ հարիւր տարի առաջ, երբ Հայաստանի մէջ իրարու դէմ գրեթէ զինեալ պայքար կը մղէին իրարու հանդէպ ատելութեամբ լեցուած հայկական իշխանական տոհմերը: Եւ այն ժամանակ եւս քաղաքական երկբեւեռութեան հարց կար: Եթէ ներկայիս վէճը ՙՌուսիա թէ Արեւմուտք՚ ընտրելու միջեւ է, այդ ժամանակ նոյն հարցը կը դրուէր ՙՀռոմ թէ Պարթեւստան՚, աւելի ուշ` ՙԲիւզանդիոն թէ Պարսկաստան՚, ՙարաբներ թէ Բիւզանդիոն՚ եւ այդպէս շարունակ: Նոյնիսկ եղած են ժամանակներ, երբ ընտրութեան հարց կը դրուէր երկու թրքական կամ թուրքմէնական ցեղերու միջեւ: Յատկանշական է, որ նոյնինքն այդ բոլորը կայացուց հայ ազատագրական առասպելը, որուն ընտրեալները կը փոխուէին ըստ աշխարհաքաղաքական իրադրութեան:

Հոս հարցը ոչ թէ թեկնածուներն են, այլ, ինչպէս արդէն նշուեցաւ, քաղաքական ինքնորոշման հայեցակարգը: Լայն քննարկման ժամանակ սովորաբար որպէս պատճառ կը բերուի զինուորական օտար ուժերու անընդհատ ներկայութիւնը Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ եւ հայերու` ստիպուած ընտրութիւնը ՙվատին ու վատագոյնին միջեւ՚:

Բայց այդ զինուորական գործօնները միակը ու թերեւս ամենակարեւորը չեն: Ռազմական գործողութիւնները համեմատաբար կարճ ու արագ կþընթանան ի տարբերութիւն մշակոյթին ու տնտեսութեան, որոնց կայացումը երկարատեւ ու շարունակական գործընթաց կþենթադրէ:

Հայկական Լեռնաշխարհը ո՛չ միայն պարզապէս խաչմերուկ է, այլեւª քաղաքակրթական, սկզբունքային տարբերութիւններու խաչմերուկ: Հայկական Լեռնաշխարհը եղած է (որոշ չափով կը շարունակէ մնալ) այն բաժանարար գիծը, որ իրարմէ անջատած է տարբեր հայեցակարգեր ունեցող պետութիւններ, տարբեր մտածելակերպ, բարոյականութիւն, տնտեսութիւն, աշխարհագրութիւն ունեցող հասարակութիւններ: Եւ երբ Արեւմուտքն ու Արեւելքը սկսած են ճակատիլ, այդ վիճակին մէջ գտնուող հայ ժողովուրդը ստիպուած եղած է բաժնուելու երկու աշխարհներուն միջեւ, միաժամանակ իրարու դէմ հանելով հաւասարաչափ կարելիութիւններ: Ու նոյնիսկ յարաբերական խաղաղութեան ժամանակ, Հայկական Լեռնաշխարհի աշխարհագրականօրէն արեւմտեան ու արեւելեան մասերու բաժնուած հատուածները կրած են համապատասխանաբար Արեւելքի ու Արեւմուտքի ազդեցութիւնները:

387-ին, երբ Հայաստան առաջին անգամ պաշտօնապէս բաժանուեցաւ Արեւմուտքի (Հռոմէական Կայսրութիւն) եւ Արեւելքի (Սասանեան Պարսկաստան) միջեւ, յստակ էր, որ տարածաշրջանը պիտի ենթարկուի քաղաքակրթական ազդեցութեան` աւելի որոշակի սահմաններով, այսինքն տարաբաժանումները աւելի յստակ պիտի ըլլային: Անկէ ետք, Հայաստան բազմաթիւ անգամներ վերաբաժանումներու ենթարկուեցաւ տարբեր ուժերու կողմէ եւ ամէն անգամ հայ ժողովուրդի սահմանային հատուածները աւելիով սկսան կրել իրենց կողմի ուժին ազդեցութիւնը:

Սահմանային բաժանումները նաեւ կը նշանակէին, որ աշխարհը երթալով կը փոքրանար: Այլեւս չկային անծայրածիր աշխարհի մասին պատկերացումներ. աշխարհը կը դառնար յստակ գծուած, չափուած հողակտոր: Աշխարհաքաղաքական գործընթացները ոչ միայն փոքրացուցին աշխարհի անվերջանալիութեան մասին պատկերացումները, այլեւª Հայաստանը: Անցեալ դարերու համեմատաբար մեծ ու լայն տարածաշրջանը փոխարինուած է փոքրիկ հանրապետութեամբ մը, որուն բնակիչները, ենթարկուելով քաղաքակրթութիւններու անըդհատ բախումներուն, կþենթարկուին անոր ազդեցութեան, որ կը դրսեւորուի կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Երկու աշխարհներու միջեւ յայտնուած հայկական բարդ ու զարմանալի ճակատագիրը լեցուն է հոյակապ եւ աղէտալի էջերով: Կարելի է անվերջ վիճիլ ՙնախընտրելիներու՚ եւ ՙփրկիչներու՚ մասին, նոյն շրջապտոյտը կրկնել անվերջ, նշել փորձանքները, բայց եւ չմոռնալ, որ այս բոլորին մէջ կայ հաստատուն եւ ամուր երեւոյթ մը, որ իրարու կը կապէ (կը միաւորէ) երկու տարբեր աշխարհներ եւ կը լեցնէ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող պարապը. այդ հայերն են: Հայերը, ըստ էութեան, պատմութեան ընթացքին ունեցած են տաշելու, փափկացնելու, հարուածը թուլացնելու ուժը, եղած են այն զսպանակը, որ թոյլ չէ տուած, որ երկու, իրարու բախող աշխարհները փշրուին հարուածի ուժէն` յատկապէս հայկական պետականութիւններու գոյութեան ժամանակ: Թերեւս պէտք է նշել, որ Արտաշէսեաններու, Արշակունիներու, Կուսակալական, Բագրատունեաց ժամանակաշրջաններուն գոյութիւն ունեցած Հայաստանը այն ուժն էր, որ ճնշելն ու շրջանցելը անկարելի էր եւ որ պէտք էր հաշուի առնել: Եւ այդ Հայաստանի գոյութիւնը կը զսպէր նաեւ երկու հսկաները: Հայաստան եղած է այն գօտին, սեւի ու սպիտակի միջեւ գտնոուղ այն հատուածը, որ մեղմացուցած է Արեւելք-Արեւմուտք սկզբունքային տարբերութիւններու ցաւոտ բախումները: Անոր փոխարէն տուժած են հայերը: Այդ ցաւոտ գինը եղած է այն դիրքին եւ նշանակութեան, որ ճակատագրով բաժին ինկած է հայերուն:

Այս բոլորը հարց է, եթէ հայերը չկարողանան վերագտնել իրենց կշիռը եւ դերը տարածաշրջանին մէջ, եւ անփոխարինելի զէնք է, եթէ հայկական պետութիւնը ի վիճակի ըլլայ վերստին դառնալու տարածաշրջանի քաղաքակրթական համադրողը: Այդ մէկը աւելի զօրաւոր զէնք է, քան որեւէ այլ միջոց եւ աւելի կայուն, քան որեւէ համակարգ: Այդ մէկը հայերու վերահսկիչի եւ կարգաւորողի դերն է, որ հայերը կատարած են միշտ ու յաճախ նաեւ տուժած:

Հայկական զօրաւոր պետութիւնը երաշխիք է երկու աշխարհներու միջեւ չճզմուելու, չքամուելու, քաղաքակրթութիւններու միջեւ միջնորդ ու հաշտարար ըլլալու, սեփական բացառիկութիւնը չկորսցնելու: Հակառակ պարագային, հայերը պիտի շարունակեն ճզմուիլ երկու աշխարհներու միջեւ` շարունակաբար փոխելով Արեւելք-Արեւմուտքի ներկայացուցիչները եւ զերոյի հաւասարեցնելով հայկական ներուժի եւ ներկայութեան դերը սկզբունքներու, մտածելակերպի, հոգեբանութեան ու բարոյականութեան անվերջանալի բախման շրջապտոյտին մէջ:

 

 

ԱՐԱՅԻԿ ՄԿՐՏՈՒՄԵԱՆ

 

Նկարը` քաղուած EVN Report-էն, յատուկ պատրաստուած ՙAttempts to Restore Statehood and Armeniaþs Last Crowned King՚ յօդուածին համար

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԵՆԱԿ ՉԷՔ, ՄԻԱՍԻՆ ԵՆՔ, ՄԷԿ ԵՆՔ՚ ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ՄԱՐՏՆՉՈՂ ՈՒ ԽԻԶԱԽ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ԾԱՒԱԼԵԼՈՒ

Next Post
ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ԾԱՒԱԼԵԼՈՒ

ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ԾԱՒԱԼԵԼՈՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.