ՙ
Լիբանանահայութիւնը, 1 Սեպտեմբեր 2023-ին, լրիւ օրուան մը ստորագրահաւաքով, երեկոյեան համախմբումով եւ գիշերուան մոմավառութեամբ եկաւ իր զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի հողին իրաւատէր ու պաշտպան արցախահայութեան, որ, հակառակ Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած շրջափակումին, մարդասիրական ծանր ճգնաժամին, հացի, դեղորայքի եւ կենսական նշանակութեան պայմաններու բացակայութեան, կը շարունակէ ապրիլ իր հարազատ տարածքին վրայ, կառչած է իր զաւակներուն արեամբ եւ բիւրաւոր նահատակներուն շնորհիւ ձեռքբերուած հողին, կը մերժէ ատրպէյճանական ամէն տեսակի կեղծ օժանդակութիւն, խիզախօրէն կը պայքարի եւ դժուարութեամբ կը գոյատեւէ` հաւատալով, որ պիտի գայ օրը, երբ արդարութիւն պիտի հաստատուի, իր մարտնչումը պիտի աւարտի յաղթանակով եւ ինքնորոշման իրաւունքի հաստատումով:
Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, 1 Սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտէն սկսեալ, լիբանանահայ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, համայնքապետեր, պատասխանատուներ, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու անդամներ, հայորդիներ, նոյնիսկ օտարներ իրենց ստորագրութիւնը զետեղեցին Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ զետեղուած Արցախի դրօշակին վրայ` հաստատելով, որ իրենք եւս պահանջատէր են արցախահայութեան իրաւունքներու յարգումին եւ զօրակից իրենց արցախահայ քոյր-եղբայրներուն:
Արցախի սրբազան դրօշակին վրայ ստորագրելէ ետք, ՙՎանայ Ձայն՚-ի ճամբով իրենց խօսքերը ուղղեցին հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ երեք համայնքապետերը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ խնդիրը հիմնականին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւումն է, նաեւ այն, որ ինչպէ՛ս ամբողջ աշխարհը լուռ, բարի սամարացիի արտայայտութիւններով հանդէս կու գայ, իսկ ան, որ կը ճանչնայ թուրքն ու ատրպէյճանցին, պիտի ակնկալէր, որ այս բոլորը պիտի պատահէին այսօր:
ՙԱյսօր 120 հազար մարդ, հայ մարդ, ծծկեր մանուկ, մայր, երեխայ, տարեց, անզէն երիտասարդներ, հայ մարդիկ սովամահութեան վտանգի դէմ-յանդիման են, եւ դարձեալ միայն կոչեր կ՛ուղղուին, դարձեալ միայն բարի տրամադրութիւններ կ՛արտայայտուին:
Ապա ան անդրադարձաւ 2 Սեպտեմբերի նախօրէին առաւօտէն մինչեւ կէս գիշեր, Պէյրութի մէջ, Պուրճ Համուտի մէջ, հայկական այլ թաղամասերու մէջ, մինչեւ Այնճար լիբանանահայութեան նախաձեռնութիւններուն` շեշտելով, որ ատիկա նուազագոյնն է: Արդարեւ, միշտ ալ երբ հրամայական եղած է, լիբանանահայութիւնը իր լաւագոյն տղաքը նուիրաբերած է եւ իր արեան տուրքը տուած է մեր ժողովուրդի մարտունակութիւնը արտայայտող արցախահայութեան` Յ. Բագրատունի նշեց, որ այսօր դժբախտաբար, ստորագրահաւաքով միայն կարելի է մեր մարտնչող քոյրերուն-եղբայրներուն ըսել, որ իրենք առանձին չեն, թէեւ անոնք իրենց մենութեան մէջ, սովի դռներուն կանգնած, կը նախընտրեն հպարտութեամբ, քաջութեամբ, յամառութեամբ անօթի մնալ, բայց ազատ մնալ` մերժելով ատրպէյճանական որեւէ օգնութիւն: ՙՄենք այդ կեցուածքն է, որ այսօր կը տեսնենք եւ այդ կեցուածքին կողքին ենք՚, նշեց ան:
Ապա ան խօսքը ուղղեց լիբանանահայութեան` դիտել տալով, որ պէտք չէ մոռնալ, թէ երբ այս գաղութը տագնապահար էր, Արցախի հայութիւնը նեցուկ կանգնեցաւ եւ օժանդակութիւն առաքեց մինչեւ Լիբանան: Առ այդ, ան կոչ ուղղեց միանալու բոլոր նախաձեռնութիւններուն, հոգիի պարտք կատարելու` այն հաւատքով ու վճռականութեամբ, որ Արցախի դրօշը մօտիկ ապագային պիտի ծածանի ոչ միայն Ստեփանակերտի, այլ նաեւ այն բոլոր շրջաններուն մէջ, որոնք բռնօրէն, դաւադրաբար գրաւուեցան մեր ժողովուրդէն:
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան անդրադարձաւ Արցախի մօտաւորապէս 265 օրուան պաշարումին` զայն նկատելով ցեղասպանութիւն: Ան ըսաւ, որ եղածը նաեւ ոճիր է համայն մարդկութեան դէմ, եւ համայն աշխարհը պէտք է պարտադրէ արցախահայութեան ինքնորոշման ազատ իրաւունքը` աւելցնելով, որ բացարձակապէս մերժելի է տարածքային ամբողջականութեան հարցը: ՙԿը զօրակցինք արցախահայութեան մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն` իրենց ինքնորոշման իրաւունքին մէջ:
Բացայայտօրէն կ՛ըսենք միջազգային հանրութեան, որ պէտք է զօրավիգ կանգնին մեր հերոսական Արցախի բնօրրանին տիրոջ` արցախահայութեան: Բացարձակապէս կը մերժենք Բերձորի փոխարէն Աղտամի անցքը: Չենք ընդունիր այդ մարդասիրական կեղծ արարքը Ատրպէյճանի կողմէ, եւ ինչպէս տեսանք մեր արցախահայ քոյրերն ու եղբայրները կը նախընտրեն սոված մնալ, քան ընդունիլ այդ ՙմարդասիրական՚ արարքը՚, յայտնեց ան:
Աւետիս Տաքէսեան յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը եկած է իր զօրակցութիւնը յայտնելու արցախահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն` շեշտելով, որ հայկական եռամիասնութեամբ Հայաստան, Սփիւռք եւ Արցախ` բռունցքը միշտ պէտք է մնայ, որպէսզի Արցախը անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը ստանայ, որովհետեւ անկարելի է այլ ցեղի լուծին տակ ըլլալ:
Խօսքը արցախահայութեան ուղղելով` ան հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը անվերապահօրէն զօրավիգ է անոր մինչեւ յաղթանակ. որքան ալ փշոտ եւ քարքարոտ ըլլայ ճամբան, անոնք պէտք չէ յուսահատին, որովհետեւ մինակ չեն:
ՍԴՀԿ-ի Լիբանանի Վարիչ մարմինի փոխատենապետ Ընկ. Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեան, իր կարգին, անդրադարձաւ արցախահայութեան ներկայ դժուար վիճակին եւ նշեց, որ ոչ ոք ձեռք կ՛երկարէ անոր, միջազգային մարմինները, դատարանները երբեմն սլաքաձեւ նշումներ կ՛ընեն, բայց իրենց կարեւորութիւն տուող չկայ, ուստի մենք մեր գլխուն ճարին պիտի նայինք: ՙԺամանակն է, որ ազգովին կանգնինք Արցախի կողքին, որովհետեւ արցախահայութիւնը մեր ժողովուրդին մէկ մասնիկն է, մեր սիրտն է, անոնք ենթարկուած են տեղահանութեան, թերեւս ալ բնաջնջման. այսօր թշնամիին կողմէ արցախահայութեան ներկայացուած բոլոր առաջարկներն ալ մերժելի են, մեզի կը մնայ արցախահայութեան անկախութիւնը եւ կապը պահպանել Հայաստանի հետ՚, դիտել տուաւ ան:
Ընկ. Մարտիկ Ժամկոչեան եզրափակեց, որ միասնական ուժով` Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ, պէտք է ձեռք-ձեռքի տանք եւ արցախահայութիւնը դուրս բերենք այս անել վիճակէն:
Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան իր կոչ-խօսքին մէջ ըսաւ, որ ներկայիս Արցախի մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը մատնուած են ծանր կացութեան, օրհասական պայմաններու մէջ կը գոյատեւեն, սակայն անոնք կ՛ապրին խիզախօրէն` պահանջելով իրենց մարդկային իրաւունքը, ինչպէս նաեւ այն անկախութիւնը, որ ձեռք բերին մարտնչումներով, պայքարներով, արեան հեղումով:
Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ այդ բոլորին մասնակից էր նաեւ Սփիւռքը, որովհետեւ հայրենի հողի աւանդին ազատագրութեան համար մղուեցաւ այդ պայքարը, եւ այդ պայքարն է, որ կը շարունակուի Արցախի մէջ բնակող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, ինչպէս նաեւ ողջ հայութեան գիտակից կեցուածքով: ՙՀետեւաբար Արցախի կողքին էինք եւ կը շարունակենք Արցախի կողքին մնալ՚, ընդգծեց սրբազան հայրը:
Առաջնորդ սրբազան հայրը նաեւ շեշտեց. ՙԻնչպէս քանի մը օր առաջ երեք համայնքապետերուն անունով կ՛ըսէր մեր հրապարակած կոչը, այնքան ատեն որ Արցախը ի՛նք մեզի նահանջ չի թելադրեր, պարտաւոր ենք Արցախի կողքին կանգնիլ խիզախօրէն` ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ հայրենիքի անկախութիւնը պաշտպանելու, եւ նաեւ ներկայ գտնուելու պայքարի դաշտին վրայ ամբողջ հայութեան ունեցած մարդուժով, միասնականութեամբ, ինչպէս նաեւ աննահանջ կորովով ու հաւատքով՚:
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ եւ Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան ըսաւ, որ մարդկութիւնը իր բնազդով կ՛առաջնորդուի իր շահով եւ դիմացինին ուժով, ուստի ան զարմանալի չնկատեց, որ բոլոր պետական, միջազգային կազմակերպութիւններու, մարդկային իրաւանց խումբերու, նաեւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու, պետութիւններու կոչերէն ետք կացութիւնը շատ չփոխուի, որովհետեւ մարդկային բնազդը ուժով եւ իր շահով կ՛առաջնորդուի:
Վերապատուելի Հայտոսթեան նշեց, որ ան որ այս օրերուն չունի ֆիզիքական, մարդկային, ռազմական, քաղաքական, դիւանագիտական ուժ, նուազագոյնը պէտք է գործէ իր ներքին ուժականութեամբ եւ իր կամքով, որ դիւրին չէ կոտրել, նոյնիսկ եթէ մէկը բանտարկուած է կամ այսօրուան նման սովամահութեան պարտադրուած:
Ան նշեց, որ մենք` իբրեւ հայ ժողովուրդ, ունինք ամէնէն կարեւորը` ո՛չ միայն կանգնիլ Արցախի մէջ շրջափակուած եւ կանգուն մնացող մեր ժողովուրդին հետ, այլ նաեւ մնալ իբրեւ ազգ մեր բարձրագոյն չափանիշերուն վրայ, որոնք են` հայ մարդու, հայրենիքի եւ հայրենի հողի բարձր արժանապատուութիւնը: Այդ ըլլայ մեր առաջին աշխատանքը. եթէ մենք մեզ չյարգենք, մեր ներքին ուժը չփաստենք, որուն մէջ կայ քաղաքական, հոգեւոր քրիստոնէական, մտաւորական եւ փոխադարձ յարաբերութիւններու ուժ, ուրիշը պարտաւոր չէ եւ պիտի չմօտենայ մեզի եւ ի նպաստ հայուն պիտի չգործէ:
ՙԵս չեմ բաւարարուած շրջափակման խնդիրներու նիւթով, ո՛չ ալ սովամահութեան, ո՛չ ալ ցեղասպանութեան այդ միտումին եւ ուղղութեան նիւթով մեր պայքարին մէջ: Մենք պէտք չէ մոռնանք, որ մեր նպատակը միայն ժողովուրդը ֆիզիքական սովէն կամ շրջափակումէն փրկելը չէ, մենք պէտք է միաժամանակ ըսենք, որ որքան ալ իրենք ազատին այս մարդասիրական խնդիրներուն մէջ իրենց ծանր կացութենէն, մենք ունինք այլ իրաւունքներ, որոնք մարդասիրականէն շատ անդին են, եւ պէտք չէ մարդասիրական այդ խնդիրը շեղեցնէ մեզ իր սեփական հողին վրայ ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքին համար պայքարէն՚: Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեան շեշտեց, որ մեր միասնականութիւնը շատ կարեւոր է մանաւանդ այս օրերուն` կոչ ուղղելով բոլոր հայորդիներուն, որ մէկ սիրտ ու մէկ հոգի դառնան, եւ ասիկա չըլլայ միայն խօսք, այլ գործի անցնինք բոլորս:
ՙԻնչ որ ինծի զարմանք կը պատճառէ այն է, թէ ինչպէ՛ս 21-րդ դարուն տակաւին մենք կը պահանջենք ամէնէն տարրական իրաւունքները, մարդկային ամէնէն պարզ սկզբունքները, կը խնդրենք յարգել սկզբունքը ապրելու ազատութեամբ, սկզբուքը` մեր հողը ունենալու, սկզբունքը` յարգելու ամէն մէկուն միտքը, գաղափարը. այս պահանջներն են, որ կարծես թէ այսօր կրկին անգամ կը հաւաքուինք զանոնք բարձրացնելու՚, ըսաւ Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեան:
Ան մեր Արցախի քոյրերուն եւ եղբայրներուն ըսաւ, որ իրենք առանձին չեն: ՙՄենք ձեզի հետ ենք եւ պիտի փորձենք ամէն ինչ ընել, որպէսզի ձեզ ձեր շրջափակումէն ու բանտէն ազատենք՚, ըսաւ գերապայծառը:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ համախմբում, որ ընթացք առաւ նոյն օրուան ամբողջ տեւողութեան կատարուած ստորագրահաւաքին լիբանանահայերու ստորագրութիւնները կրող դրօշակներուն օրհնութեամբ:
Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն անունով օրուան պատգամը ուղղեց Շահան Գանտահարեան, որ, անդրադառնալով աշխարհի տարածքին կազմակերպուող Արցախի զօրակցական նախաձեռնութիւններուն, յայտնեց, որ հայութիւնը ամբողջ սփիւռքի տարածքին կը բախէ դռներ, կ՛արձանագրէ բողոքներ, որպէսզի մարդասիրական օժանդակութիւն հասնի արդէն 9-րդ ամիսը թեւակոխած պաշարուած, շրջափակուած Արցախին: ¥Ամբողջական խօսքը տեսնել առանձին¤£
Համախմբումին ազգաին յեղափոխական երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերին Հրաչ Կայծակեան, Վիգէն Տիշչէքէնեան, Շաքէ Պաղտասարեան, Յովիկ ճիւնիոր, Յովիկ Թաֆրանեան, Լորի Կիւլիւմեան, Էտի Նալպանտեան, Ռաֆֆի Կէօվօղլանեան եւ Կարէն Գազանճեան, նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՕՍՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ
Յարգելի ներկաներ,
Այս օրերուն, աշխարհի տարածքին, տարբեր երկիրներու մէջ տեղի կ՛ունենան Արցախի զօրակցութեան տարբեր հաւաքներ, ցոյցեր, դեսպանատուներու այցելութիւններ եւ յուշագրերու յանձնումներ: Հայութիւնը ամբողջ Սփիւռքի տարածքին կը բախէ դռներ, կ՛արձանագրէ բողոքներ որպէսզի մարդասիրական օժանդակութիւն հասնի արդէն 9-րդ ամիսը թեւակոխած պաշարուած, շրջափակուած Արցախին:
Թող թոյլ տրուի սակայն արձանագրել, որ տարբեր երկիրներու մէջ ծայր առած հաւաքներուն մէջ եզակի՛ է լիբանանահայութեան նախաձեռնածը իր բնոյթով, էութեամբ եւ մանաւանդ խորհուրդով:
Այս գաղութի զօրակցութիւնը եզակի է տարբեր հանգամանքներով: Արցախի հայութեան կը զօրակցի եւ անոր պաշարումին վերացումը կը պահանջէ համայնք մը, որ անցած է պատերազմի ուղիէն եւ կրած պաշարումի բոլոր տեսակի հետեւանքները պատերազմի տարբեր փուլերուն:
Կը զօրակցի գաղութ մը, որ Արցախի հայութեան նմանողութեամբ ի՛նք եւս ստիպուած էր դիմել ինքնապաշտանութեան, երբ իր ֆիզիքական գոյութեան սպառնացած էին տարբեր ուժեր:
Արցախի ժողովուրդին կը զօրակցի համայնք մը, որ տարբեր փուլերու ի՛նք եւս դիմագրաւած է հացի տագնապ, դեղորայքի չգոյութիւն, որ զրկուած է ելեկտրականութենէն, ջուրէ եւ արտաքին աշխարհի հետ ամէն տեսակի կապէ:
Որ ի՛նք եւս ենթարկուած է թէ՛ ծովային, թէ՛ օդային եւ թէ՛ ցամաքային պաշարումներու:
Որուն պարտադրուած են անցակէտեր եւ այդ անցակէտերուն վրայ տեղի ունեցած են սպանութիւններ, առեւանգումներ, յար եւ նման Բերձորի միջանցքի այսօրուան պատահարներուն: Այդ անցակէտերը ճեղքելու ընթացքին ունեցած է անհետ կորածներ: Որ այսօր ունի ընտանիքներ որոնց զաւակները մինչեւ օրս չեն եկած լոյսին, չեն վերադարձած իրենց տուները:
Այո՛. թող թոյլ տրուի հաստատել, որ ա՛յս գաղութը ամէնէն շատը կը զգայ Արցախի ժողովուրդին տառապանքը, որովհետեւ ինք եւս կրնար ենթարկուիլ ժողովրդագրական զտումի եթէ չդիմէր ինքնապաշտպանութեան:
Այս համայնքը, որուն անդամը այսօր Արցախի զինուորներուն հետ գերեվարուած է եւ կը շարունակէ պահուիլ Պաքուի բանտերուն մէջ, ենթարկուելով ամէնէն անմարդկային կտտանքներուն:
Մենք ունինք Արցախի խրամատներուն մէջ կողք-կողքի կռուած արցախցիներ եւ լիբանանահայեր:
Ունի՛նք Արցախի հողին իրենց արիւնը խառնած արցախցիներու կողքին լիբանանահայեր:
Ունի՛նք հայրենի հողին մէջ արցախցի նահատակներու կողքին հանգչող լիբանանահայեր:
Տակաւին. Արցախի հայութեան կը զօրակցի եզակի համայնք մը, որ իր տնտեսական ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ մասնակցած է արցախաշինութեան տարբեր ծրագրերուն, գիւղերու հիմնումին, որ Լիբանանի հանրային կարծիքին յաջողած է փոխանցել հակամարտութեան էութիւնը եւ հակազդել լիբանանեան լրատուադաշտ մուտք գործած Ատրպէյճանի նենգափոխումը տարածող գրչակներուն:
Այս համայնքը, որուն անդամները Պուրճ Համուտի, Հաճընի, Խալիլ Պատաուիի հայկական թաղամասերուն թէ հայկական Այնճարի մէջ գիտցած են ամէն պարտադրուած փուլի իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնել, իրազեկե՛լ լիբանանցի ժողովուրդը եւ բոլոր միջոցներով զօրակցիլ Արցախին:
Ա՛յս համայնքը, ուր գործող հայ քաղաքական կուսակցութիւններու պատասխանատուներ, Արցախի ղեկավար ներկայացուցիչներու կողքին, համալրած են Ատրպէյճանի սեւ ցուցակը եւ Պաքուի կողմէ յայտարարուած իբրեւ անցանկալի անձեր:
Այս եզակի համայնքը, որուն երիտասարդութիւնը քաղաքական կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ տարբեր առիթներու ցուցական աքթերով բացայայտած է Ատրպէյճանի ոճրագործ դիմագիծը, ցեղասպանական քաղաքականութիւնը եւ ռազմական յանցագործի կարգավիճակը:
Այս համայնքին երիտասարդութիւնը, որ ցոյցերով պաշարած է Ատրպէյճանի դեսպանատունը: Միջազգային օրէնքով ատրպէյճանական տարածք համարուող դեսպանատունէն խոյս տուած են ատրպէյճանցի դիւանագէտները, այնպէս ինչպէս արցախեան ազատամարտին անոնց զինուորները խուճապով լքեցին իրենց դիրքերը:
Այս համանքի քաղաքական գործօնին աշխատանքներն են, որ ոչ միայն միջազգային համագումարներուն Լիբանանի ներկայացուցիչին անաչառ կեցուածքը կ՛ապահովեն արցախեան հարցին, այլ նոյնիսկ իսլամական վեհաժողովներուն իրենց ձայնը լսելի կը դարձնեն լիբանանցի դիւանագէտներուն ճամբով չմիանալու Ատրպէյճանի հակահայ բանաձեւերուն:
Պաքուն այս բոլորին շատ լաւ գիտակից է: Այդ պատճառով ալ ձայն ու ծպտուն չի հաներ երբ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու համապատասխան բաժանմունքները աշխատանքներ կը տանին լիբանանեան պետական, քաղաքական, դիւանագիտական տեղեկատուական շրջանակներուն մէջ Արցախի հարցին էութիւնը լուսաբանելու եւ Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը բացայայտելու առումով:
Այս գաղութն է տակաւին, որ Անթիլիասի մէջ վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ իր քաղաքական, յարանուանական եւ սփիւռքեան համահայկական միութիւններով կը հաւաքուի օրհասական պահերուն եւ Արցախի ուղղութեամբ իր աշխատանքները կը համակարգէ միասնաբար ճշդելով համասփիւռքեան օրակարգերն ու աշխատանքի ուղենիշերը:
Արցախի հակամարտութիւնը վերստին միազգայնացած է. Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդը իրերայաջորդ արտակարգ նիստեր կը գումարէ Արցախի ապաշրջափակման հարցով:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր համագումարներուն մեր միացեալ աշխատանքը պիտի ըլլայ անշեղ պահել Լիբանանի կեցուածքը` պահանջելու պաշարումի վերացումը, եւ մարդկային բոլոր տեսակի իրաւունքները յարգումը:
Քաղաքական երեք կուսակցութիւնները կը վերահաստատեն միջազգային ընտանիքին ներկայացուցած տարբեր առիթներով իրենց պահանջը` պատժելու համար ռազմական յանցագործութիւններ իրականացուցած եւ ցեղային զտումի քաղաքականութեան հետամուտ Ատրպէյճանը:
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միացեալ ու համակարգուած աշխատանքը պիտի յաջողի նաեւ այս երկրին մէջ չէզոքացնել Ատրպէյճանի ամէն փորձ` նենգափոխելու հարցին էութիւնը, կրօնական հանգամանքը շահարկելու եւ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին վրայ ազդելու ամէն սադրանք:
Սիրելի Արցախի հայրենակիցներ,
Տարբեր փուլերու բազմիցս պաշարուած եւ պաշարումի հետեւանքները կրող լիբանանահայութիւնը համախմբուելով հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն շուրջ պիտի շարունակէ պայքարիլ Արցախի տարածքային վերականգումին եւ անկախութեան ճանաչումին համար, թոյլ պիտի չտա՛յ, որ Ատրպէյճանը այս երկրին մէջ յաջողի քարոզչութիւն կատարել եւ փոխել հակամարտութեան էութիւնը. բոլոր կողմերուն պիտի շարունակէ բացատրել, որ հարցը կրօնական բնոյթ չունի, այլ մարդու եւ ազգերու տարրական իրաւունքին հետ կապուած է ազատ ու անկախ ինքնորոշուելու իրեն պատկանող տարածքներուն վրայ:
Պիտի շարունակէ ապահովել Լիբանանի ներկայացուցիչներուն արդար դիրքորոշումը` Արցախի հարցին միջազգային քննարկումներուն եւ քուէարկութիւններուն ընթացքին:
ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչէն կը պահանջենք, որ
1- Դատապարտէ Ատրպէյճանի գործած ռազմական յանցագործութիւնները,
2- Պահանջէ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու որդեգրումը,
3- Կողմ քուէարկէ Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը բացայայտող բանաձեւի նախագիծին,
4- Իբրեւ ցեղային զտում ճանչնայ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շրջափակման քաղաքականութիւնը,
5- Սատարէ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման անհրաժեշտութիւնը շեշտող յայտարարութիւններուն եւ այդ ճամբով մարդասիրական օժանդակութիւններուն Արցախ ուղարկումին,
6- Պահանջէ Ատրպէյճանէն, որ յարգէ եռակողմ համաձայնութիւնը, հրադադարը եւ ըստ այդ համաձայնութեան անմիջապէս վերացնէ Բերձորի միջանցքին տեղակայած իր անցակէտերը,
7- Անյետաձգելիօրէն պահանջէ հայ ռազմագերիներու վերադարձը, որոնց շարքին լիբանանահայ ռազմագերիին Լիբանան վերադարձը,
8- Դատապարտէ միջազգային ահաբեկչութեան ներգրաւումը Արցախեան պատերազմին, Ատրպէյճանը համարելով ահաբեկչական պետութիւն:
Եւ վերջապէս սատար կանգնի Արցախի հայութեան ինքնորոշման եւ բոլոր տեսակի իրաւունքներուն, շեշտելով որ Արցախը չի կրնար մաս կազմել ահաբեկչական պետութեան մը ղեկավարած երկրին:
Լիբանանը բոլոր պատճառներն ու հիմնաւորումները ունի իբրեւ պատմութեան մէջ սովամահութեան ենթարկուած երկիր, յայտարարելու, որ ինչպէս Լիբանանը չէր կրնար շարունակել մաս կազմել այնպիսի կայսրութեան մը, որ զանգուածային սովամահութեամբ ցեղային զտումի քաղաքականութեան դիմեց լիբանանցի ժողովուրդին դէմ, այնպէս նաեւ Արցախը չի կրնար մաս կազմել մարդասիրական ճգնաժամով եւ ցեղասպանական սովամահութեամբ Արցախի հայաթափումը նպատակադրած Ատրպէյճանին:
Մենք գիտենք, որ թուրքեւատրպէյճանական դաշինքի քաղաքական փլաթֆորմը, այլ խօսքով, գրաւուած Շուշիի մէջ հրապարակուած հռչակագրով Անգարան եւ Պաքուն ծրագրած են միասին դէմ դնել Արցախին, Հայաստանին եւ Սփիւռքին: Սփիւռքի մարտադաշտին վրայ լիբանանահայ համայնքը առաջնագծի վրայ է, ինչպէս որ կանգնած է Արցախի զինուորը ռազմաճակատի առաջին դիրքերուն վրայ:
Ինչ տեսակի ալ ըլլան լիբանանահայութեան դէմ պարտադրուող պաշարումները կամ թուրքեւատրպէյճանական սադրանքները, մենք համոզուած ենք, որ հերթական անգամ լիբանանահայութիւնը Արցախին զօրակցելու իր պայքարին մէջ յաղթական դուրս պիտի գայ. եւ Սփիւռքի առաջնագիծը ամուր պահելով նպաստած պիտի ըլլայª
– Շուշիի եւ Հատրութի վերաազատագրումին,
– Արցախի հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումին,
– Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչումին:
Չկայ փրկութիւն առանց վերականգումի եւ ճանաչումի:
Ուրեմն. Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անունով կը յայտարարենք, որ շեղում չկայ այս պայքարէն մինչեւ որ
– Ճեղքուի պաշարումը,
– Տեղ հասնի մարդասիրական օժանդակութիւնը,
– Վերականգնի Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը:
Մինչեւ որ յարգուի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ ապահովուի Արցախի անվտանգութիւնը:
Արցախի հրաշալի ժողովուրդը մինակ չէ իր գոյակռիւին մէջ: Սփիւռքի բոլոր համայնքներէն առաջ եւ վերջ Արցախի կողքին միշտ եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ զանազան փուլերու գոյակռիւներ շահած, միաւորուած եւ միասնական լիբանանահայութիւնը: