Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան ամբողջ հայութեան կոչ ուղղեց գիտակցելու, թէ Արցախի հարցը նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան եւ հայկական աշխարհի պահպանութեան հարցն է: ՙԱրցախահայութիւնը կը դիմակայէ անմարդկային զրկանքներª արժանապատիւ կեանք ունենալու եւ սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու համար՚, հաստատեց Վարդանեան: Ան կեղծ համարեց այն թեզերը, որ յանձնելով Արցախը, Հայաստան պիտի ունենայ խաղաղութիւն, որովհետեւ Ատրպէյճան պիտի չբաւարարուի Արցախով, այլ անոնց նպատակները շատ աւելի հեռու կ’երթան: