Միջազգային յայտնի ՙJust Drinks Excellence Awards՚ ոգելից ըմպելիներու մրցոյթը ամփոփեց 2023 թուականի արդիւնքները` ՙARARAT՚-ին երկու պատուաւոր մրցանակ շնորհելով:
Այսպէս` ՙARARAT՚-ը իր համահոտային շարքի ՙARARAT Cherry՚-ով յաղթող ճանչցուած է ՙՆորարարութիւններ՚ եւ ՙԱրտադրանքի լաւագոյն ներկայացում՚ անուանակարգերուն մէջ:
ՙՙARARAT՚-ը իր համահոտային շարքով Հայկական քոնեակին կը հաղորդէ բացառապէս նոր հարթութիւն` բանալով անոր համար լիովին նոր հնարաւորութիւններ` սպառման նոր ձեւեր եւ նոր լսարան՚, ըսուած է մրցանակաբաշխութեան յայտարարութեան մէջ:
Միաւորելով ոլորտի լաւագոյն մասնագէտները` գիտնականներէն մինչեւ համտեսողներ, ՙJust Drinks Excellence Awards՚ մրցոյթը տարեկան կը դիտարկէ հազարաւոր յայտեր աշխարհի տարբեր երկիրներէ:
Յիշեցնենք, որ ՙARARAT՚-ի համահոտային շարքը մեկնարկած է 2019 թուականին եւ կը ներառէ հետեւեալ տեսականին` ՙARARAT Apricot՚, ՙARARAT Coffee՚, ՙARARAT Cherry՚ եւ բոլորովին վերջերս թողարկուած ՙARARAT Honey՚-ն: