Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՏՈՒՆ՚ ԿԵԴՐՈՆԸ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ 876-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՀՀ ՄԱՐԶԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ՏԱՐԱԲՆՈՅԹ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

August 31, 2023
in Հայաստան
0
ՙՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՏՈՒՆ՚ ԿԵԴՐՈՆԸ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ 876-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՀՀ ՄԱՐԶԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ՏԱՐԱԲՆՈՅԹ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

 

Մոսկուայի 876-ամեակին առթիւ Երեւանի եւ ՀՀ մարզերուն մէջ պիտի կազմակերպուին շարք մը միջոցառումներ: Այս մասին ըսաւ ՙՄոսկուայի Տուն՚ մշակութային գործարար կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Վահրամ Կարապետեանը:  Մայրաքաղաքին եւ մարզերուն մէջ  միջոցառումները պիտի կազմակերպէ ՙՄոսկուայի Տուն՚ կեդրոնը:

ՙԱռաջին միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ 31 Օգոստոսին: ՙԿազփրոմ՚ի դպրոցին մէջ պիտի բանանք Մոսկուայի անկիւնը: Այնտեղ պիտի ներկայացուին գիրքեր Մոսկուայի պատմութեան վերաբերեալ եւ պիտի ունենան թեմատիկ խորագրեր` մարզական Մոսկուա, թատերական Մոսկուա, ֆիլմի Մոսկուա: Նման միջոցառման փորձ ունինք, որովհետեւ անցեալ տարի կազմակերպեցինք Կապանի եւ Երեւանի Փուշքինի անուան դպրոցին մէջ՚, նշեց Կարապետեանը:

Անոր փոխանցմամբ` յաջորդ  միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ 2 Սեպտեմբերին` ՙՄոսկուայի Տուն՚ կեդրոնին մէջ, ուր ռուսական աշխարհագրական միութեան հետ համատեղ պիտի բացուի Մոսկուային նուիրուած ՙԱմենագեղեցիկ քաղաքը՚ խորագրով լուսանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Այցելուները կրնան տեսնել Ռուսաստանի մայրաքաղաքի ամենագեղեցիկ ու տեսարժան վայրերը, պատմամշակութային կոթողներն ու յուշարձանները, կրնան պատկերացում կազմել ինչպէս 16-րդ դարի Մոսկուայի, այնպէս ալ մեր օրերուն աշխուժօրէն զարգացող մեկափոլիսի մասին: Նոյն օրը Հայաստանի շախմատի ակադեմիային մէջ տեղի պիտի ունենայ արդէն աւանդական դարձած շախմատի կայծակնային 4-րդ մրցաշարքը` նուիրուած Մոսկուայի օրուան:

ՙՆախատեսած ենք եւս մէկ հետաքրք ականմիջոցառում, որ տեղի պիտի ունենայ Իսահակեանի անուան գրադարանին մէջ: Այնտեղ այցելուներու ուշադրութեան պիտի ներկայացուի Մոսկուայի մասին պատմող փաստավաւերագրական ֆիլմ, ինչպէս նաեւ պիտի բացուի գիրքերու ցուցահանդէս՚, տեղեկացուց Կարապետեանը:

Նախապէս ծրագրուած միջոցառումներու ծիրին մէջ, 9 Սեպտեմբերին Հայաստանի շաշկիի ֆետերասիոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ ռուսական շաշկիի (Checkers) ամէնամեայ (թիւով չորրորդ) մրցաշարքը` նուիրուած Մոսկուայի օրուան, որուն պիտի մասնակցին նաեւ 12-18 տարեկան մարզասէրները: Կարապետեանի պնդմամբ` մրցաշարքին հանդէպ հետաքրքրութիւնը տարուէ տարի կը մեծնայ եւ այդ մասին կը վկայէ նաեւ մասնակիցներուն քանակական աճը:

ՙՄարզական միջոցառումներու ծիրին մէջ, 10 Սեպտեմբերին Երեւանի գեղասահքի եւ հոքիի մարզադպրոցին մէջ տեղի պիտի ունենայ սառցէ ներկայացում, որուն ընթացքին ցուցադրական համարներով պիտի ներկայանան դպրոցի սաները: Անոնք անհամբեր եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասեն այդ միջոցառման, աշխուժօրէն կը պատրաստուին՚, ըսաւ բանախօսը:

Կարապետեան տեղեկացուց, որ 14 Սեպտեմբերին Երեւանի Արաբկիրի համալիր մարզաձեւերու մանկապատանեկան ՙՏիւշես՚ մարզադպրոցին մէջ տեղի պիտի ունենայ արդէն ամէնամեայ դարձած սուսերամարտի առաջնութիւնը, ուր պատանիները պիտի մրցին չորս մրցաձեւի մէջ: Ան յիշեցուց, որ նախորդ տարի կազմակերպուած միջոցառման հրաւիրուած էր ողիմպիական ախոյեան Եանա Եկորեանը: Անոր ներկայութիւնը  ոգեւորած էր պատանի մարզիկները եւ առանձին շուք հաղորդած էր միջոցառման:

Մոսկուայի 876-ամեակի միջոցառումները բնականաբար չեն շրջանցած Հայաստանի մարզերը: Մասնաւորապէս` Արմավիրի ռուսական կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ գրադարանավարներու վերապատրաստման դասընթացքներու մեկնարկը: Երեւանի մէջ  ՙՄոսկուայի Տուն՚ կեդրոնը Հայաստանի Ազգային գրադարանին հետ սկսած է մասշտաբային ծրագիր, որուն ընթացքին ՀՀ մարզերու գրադարանավարները պիտի մասնակցին վերապատրասման դասընթացքներու: Ծրագիրը տեղի կ’ունենայ ԿԳՄՄ նախարարութեան աջակցութեամբ: Նոյն օրը Արմավիրի մշակոյթի տան մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի 6 մարզերու (Արարատ, Արագածոտն, Արմավիր, Վայոց ձոր, Շիրակ եւ Կոտայք) ստեղծագործական համոյթներու ներկայացումները:  Կարապետեանի գնահատմամբ` միջոցառումը աննախադէպ է, քանի որ կը ստեղծուի մշակութային երկխօսութիւն ՀՀ մարզերուն միջեւ:

ՙՄոսկուայի տարեդարձին նուիրուած միջոցառումները պիտի ամփոփուին Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ, ուր 17 Սեպտեմբերին կայանալիք երաժշտական երեկոյի ընթացքին առասպեթական ճազ նուագող Լեւոն Մալխասեանը պիտի կատարէ Արամ Խաչատրեանի ճազային ստեղծագործութիւնները: Համերգասրահի ցուցասրահին մէջ պիտի բացուի նաեւ նկարներու ցուցահանդէս, ուր պիտի ներկայացուին Արամ Խաչատրեանի լուսանկարները  տարբեր հիւրախաղերէ: Այս տարի Երեւանի մէջ ՙՄոսկուայի Տուն՚ կեդրոնը մշակութային մեծ ծրագրով նշած է աշխարհահռչակ երաժշտահանին 120-ամեակը՚,  ըսաւ Կարապետեան:

Մոսկուայի օրուան առթիւ Կապանի մէջ պիտի բացուի նաեւ ռուսական կեդրոն:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ԻՆՏՈՆԵԶԻՈՅ ՄԷՋ

Next Post

ՀՀ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԼՂ-Ի ՄԷՋ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԸ

Next Post
ՀՀ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԼՂ-Ի ՄԷՋ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԸ

ՀՀ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԼՂ-Ի ՄԷՋ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.