ՙՊլումպըրկ՚ լրատուական գործակալութիւնը յայտարարեց, թէ Ռուսական դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի այցելէ Չինաստան յաջորդ ամիս: Այս պիտի ըլլայ Ռուսիոյ նախագահին առաջին այցելութիւնը արտերկիր, Միջազգային քրէական դատարանի իր դէմ արձակուած ձերբակալութեան հրամանագիրի հրապարակումէն ետք: Ռուսական դաշնութիւնը, իր կարգին, պատժամիջոցներ հաստատած էր այդ որոշումը կայացնող Միջազգային Քրէական դատարանի դատաւոր Քարիմ Խանի դէմ: