Պէյրութի դատարանը դատաւոր Մահէր Շըհիթոյի նախագահութեամբ վճռեց կասեցնել դատական քննարկումը Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէի բանտարկութեան հարցով: Սալամէի փաստաբան Հաֆէզ Զախխուր հետապնդումի կասեցումի պահանջ ներկայացուցած էր:
Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, Սալամէի կայսրութեան անկումը դիւրին հարց չէ, որովհետեւ անոր առնչուած են երկրի քաղաքական ղեկավարներուն մեծ մասը, որոնք օգտուեցան Ռիատ Սալամէի դրամական օժանդակութենէն: Դիւրին չէ համակարգի մը անկումը, որմէ օգտուեցան տասնեակ մը ղեկավարներ երկար տարիներու ընթացքին: