Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

 ԼԻԲԱՆԱՆ ՃԱՄԲՈՐԴԵԼՈՒ ԱՐԳԵԼՔ

August 8, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
 ԼԻԲԱՆԱՆ ՃԱՄԲՈՐԴԵԼՈՒ ԱՐԳԵԼՔ

 

 

Ծոցի արաբական երկիրները կը շարունակեն հաղորդագրութիւններով իրենց քաղաքայիններուն յորդորել, որ չճամբորդեն Լիբանան եւ այստեղ գտնուելու պարագային հեռանալ ապահովական անկայունութեան ականատես դարձող շրջաններէն: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին գործերու նախարարութիւնը երէկ իր քաղաքայիններուն կոչ ուղղեց գործադրելու Լիբանան չճամբորդելու մասին նախապէս հրապարակուած որոշումը, առանց բացայայտելու անոր դրդապատճառները: Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպանութիւնը երկրի քաղաքայիններուն կոչ ուղղեց ուշադրութեամբ շրջագայելու եւ գործադրելու ապահովական ցուցմունքները, հեռու մնալով զինեալ բախումներու ականատես դարձող շրջաններէն: Նմանօրինակ յայտարարութիւն մը հրապարակեց Տոհա եւ քաթարցիներէն պահանջեց անհրաժեշտութեան պարագային կապ հաստատել լիբանանեան առնչակից կառոյցներուն հետ: Սուրիոյ մէջ Պահրէյնի դեսպանութիւնը Լիբանան գտնուող պահրէյնցիներուն զգուշացուց վտանգաւոր շրջաններ այցելելէ, յորդորելով շուտով հեռանալ լիբանանեան հողերէն: Իսկ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութիւնը հերքեց, որ գերմանացիներուն կոչ ուղղած է հեռանալու Լիբանանէն:

Նշենք, որ Ծոցի արաբական երկիրներու նշեալ զգուշացումները հրապարակուեցան Այն Հըլուէի բախումներուն եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամի անտեղի յայտարարութիւններու լոյսին տակ: Նշենք, որ Սալամ առաջարկած էր, որ Քուէյթ կառուցէ Պէյրութի նաւահանգիստի ցորենի գուփերը, պնդելով որ այդ կարելի է իրագործել ՙգրիչի մէկ հարուածով՚: Նշեալ յայտարարութիւնը զայրոյթ յառաջացուց Ծոցի երկիրներուն, նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր շատեր Սալամի յայտարարութիւնը համարեցին միջամտութիւն Քուէյթի որոշումներուն: Իսկ Սալամ պնդեց, որ իր նպատակը եղբայրական երկիր մը վիրաւորելը չէր, աւելցնելով որ Քուէյթ միշտ կանգնած է Լիբանանի կողքին: ՙՉէի ուզեր դիւանագիտական ճգնաժամ պատճառել Քուէյթի հետ, ոչ ալ միջամուխ դառնալ անոր ներքին հարցերուն՚, ըսսւ Սալամª պարզաբանելով, որ ինք պարզապէս ըսած էր որ ծրագիրը կարելի է:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի փորձեց մեղմել Ծոցի զայրոյթը եւ հաւաստիացուց, որ Լիբանան կը յարգէ այլ երկիրներու ներքին հարցերուն միջամուխ չդառնալու սկզբունքը: ՙՔուէյթ միշտ օգնութեան ձեռք մեկնած է մեզի՚, ըսաւ Միքաթի ու վերահաստատեց Պէյրութ-Քուէյթ յարաբերութիւններուն ջերմութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ 2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

ՊԱՏՈՒՀԱՍԻ՞, ԹԷ՞ ՊԱՏԵՀՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Next Post
ՊԱՏՈՒՀԱՍԻ՞, ԹԷ՞ ՊԱՏԵՀՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

ՊԱՏՈՒՀԱՍԻ՞, ԹԷ՞ ՊԱՏԵՀՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.