Ուքրանիա հակադարձեց ռուսական յայտարարութեան, որուն մէջ կ’ըսուէր, թէ բոլոր նաւերը, որոնք կ’ուղղուին ուքրանական նաւահանգիստներ պիտի սեպուին թիրախներ: Ուքրանիան ալ իր կարգին յայտարարեց, թէ բոլոր նաւերը, որոնք կ’ուղղուին Սեւ ծովուն վրայ գտնուող ռուսական նաւահանգիստները պիտի համարուին թիրախներ 21 Յուլիսէն սկսեալ: