Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏՈԼԱՐԱՅԻՆ ՑՆՑՈՒՄ

July 17, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՏՈԼԱՐԱՅԻՆ ՑՆՑՈՒՄ

 

Լիբանանցիներուն համար անհասկնալի պատճառներով, ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը անցնող երկու օրերուն ականատես դարձաւ անակնկալ մեծ ցնցումներու, հակառակ ոչ-աշխատանքային օրեր ըլլալուն: Շաբաթ օր նոյնիսկ հարիւր հազար լիրայի բարձրանալէ ետք վերստին նուազելու կողքին, երէկ կրկնուեցաւ գրեթէ նոյն դրութիւնը եւ տոլարին շուկայի փոխարժէքը հատեց 96 հազարի սահմանը: Ելեւմտական մասնագէտներէն ոմանք կարծիք յայտնեցին, որ տեղի ունեցածին պատճառը քաղաքայիններու մտավախութիւնն է ՙՍայրաֆա՚ հարթակի աշխատանքին առնչութեամբ, մինչ ուրիշներ պնդեցին, որ ծառայութիւններու մեծ ընկերութիւն մը կառավարութենէն ստացած է լիբանանեան լիրայով վճարում, ապա տոլար գնած է շուկայէն, ստեղծելով որոշ ցնցում: Երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաղորդագրութեամբ մը հաւաստիացուց, որ ՙՍայրաֆա՚-ն կը շարունակէ գործել ըստ 2023-ի Մարտին յայտարարուած կարգերուն: Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք տոլարին փոխարժէքը վերստին նուազելով վերադարձաւ իր նախկին, արդէն սովորական դարձած վիճակին:

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

Next Post

ՋՈՒՐԻ ԵՒ ԱՐՕՏԱՎԱՅՐԻ ԽՆԴԻՐ

Next Post

ՋՈՒՐԻ ԵՒ ԱՐՕՏԱՎԱՅՐԻ ԽՆԴԻՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.