Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ պիտի չպահանջէ երկարաձգել Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութիւնը, ոչ ալ պիտի նշանակէ անոր յաջորդողը, որովհետեւ չ՛ուզեր խորացնել լիբանանցիներուն տարակարծութիւններըª ի տես նոր նախագահի ընտրութեան ձգձգումին: ՙԵթէ դրամատան փոխկառավարիչները հրաժարին իրենց պաշտօնէն, ապա ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարը անոնցմէ պիտի պահանջէ շարունակել աշխատանքը՚, ըսաւ Միքաթի: