Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանը նոր ծրագիրներու, մասնագիտութիւններու եւ նորարար մօտեցումներու շնորհիւ 2023 թուականին արձանագրած է դիմորդներու մեծ աճ. 951 դիմորդ` նախորդ տարուան 793-ի փոխարէն:
Այս մասին ըսաւ Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի ընդունելութեան յանձնաժողովի ղեկավար Հայկ Սարգսեանըª ընդգծելով, որ դիմորդներու թուաքանակի աճը պայմանաւորուած է երկու բաղադրիչով` առաջինը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ մատուցուող ծառայութիւններուն, այսինքն` կրթութեան որակով եւ երկրորդը` շուկայի պահանջարկով:
ՙՀիմնական շեշտադրումը անոր մէջ է, որ մասնագիտութիւնը կրնայ ըլլալ շատ պահանջուած ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ ամբողջ աշխարհին մէջ, բայց քու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ դիմորդներուն թիւը ըլլայ պակաս, որովհետեւ անոր մատուցած կրթութեան որակը չբաւարարէ դիմորդներուն եւ աշխատաշուկային: Այսինքն` բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մատուցած կրթութեան որակը, յաւելեալ կրթութիւնը, դասընթացքները, որոնք հիմնական գիտելիք կու տան ուսանողին, որուն շնորհիւ ան վստահ քայլերով կ՛երթայ յառաջ, իսկ այս ամէնուն արձագանգին շնորհիւ ալ հետագային կ՛աճի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան դիմորդներուն թիւը՚, նշեց Սարգսեան:
Անդրադառնալով Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի նոր ծրագիրներուն ան նշեց, որ այս տարուան նորամուծութիւններէն է ՙԱշխարհագրական տեղեկատուական համակարգեր՚ մասնագիտութեան ընդգրկումը, որ ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ պահանջարկ ունի, սակայն, քանի որ այս տարի այս մասնագիտութեամբ ընդունելութեան առաջին տարին է, դիմորդներուն թիւը բաւականին պակաս է, այս պահին նոր մասնագիտութեամբ առկայ են թափուր տեղեր:
ՙՍա ի գիտութիւն մեր այն բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան ուսանողներուն համար, որոնք դրական միաւորներով դուրս կը մնան, կրնան Յունիս 19-26 յայտարարուող երրորդ յաւելեալ փուլով պայքարիլ թափուր տեղերուն համար ոչ միայն այս մասնագիտութեան, այլ նաեւ միւս բաժիններուն մէջ առկայ թափուր տեղերուն համար: Երրորդ փուլով դիմորդները կրնան դիմել նաեւ շինարարական մասնագիտութիւններով, լոկիսթիք, ինֆորմաթիքս եւ երկրաբաշխութեան մասնագիտութիւններով՚, ըսաւ ան:
Մասնագէտը ընդգծեց, որ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը, բացի հիմնական կրթական ծրագիրներէն, ամբողջ ուսումնառութեան ընթացքին ուսանողներուն հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ բացարձակ անվճար մասնակցելու օտար լեզուներու եւ համակարգչային մասնագիտացուած ծրագիրներու ուսուցման: Այն թոյլ պիտի տայ ուսանողներուն աւելի մեծ գիտելիքներով դուրս գալ համալսարանէն եւ հեշտ համարկուիլ աշխատաշուկային մէջ:
Ան նշեց, որ նմանատիպ քայլերուն յաջորդականութիւնը նաեւ կը բերէ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան պահանջուածութեան եւ դիմորդներու թիւի աճին:
ՙԲաւականին սերտ է նաեւ գործատուներուն հետ կապը: Մենք դասընթացքները կ՛անցընենք գործատուներու հետ, եւ շատ պարագաներուն իրենք համալսարանէն ալ կը տանին իրենց անձնակազմերը: Շատ են նաեւ տեղական եւ արտասահմանեան գործուղումները, որուն շնորհիւ մեծ թիւով ուսանողներ եւ դասախօսներ կը վերապատրաստուին փոխանակման ծրագիրներով, որ աւելի կը նպաստէ մեր ուսանողներու կարողութիւններու բարձրացման՚, եզրափակեց համալսարանի ընդունելութեան յանձնաժողովի ղեկավարը:
Մասնագէտը նշեց, որ ըստ դիմորդներու այս տարի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ ամենապահանջուած մասնագիտութիւններն են ճարտարապետութիւնն եւ տնտեսագիտութիւնը: