Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏª Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒՆ

June 19, 2023
in Գաղութային
0
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏª Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒՆ

 

Կիրակի, 18 Յունիս 2023-ին, Նոր Հաճնոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ ի յիշատակ 15 Յունիս 1915-ին Պոլսոյ մէջ կախաղան բարձրացած Հնչակեան Քսան նահատակներուն, նախաձեռնութեամբ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն: Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ Ա. Քհնյ. Հեճինեան, իսկ Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց հայր Սարգիս աբեղայ Աբրահամեան, ներկայութեամբ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեանի եւ անդամներուն, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի, ՀԿԲՄ-ի ատենապետ, Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արամ Մալեանի, կուսակցութեան մասնաճիւղերու անդամներու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներու:

Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւնª ի յիշատակ Քսան անմահներուն, իսկ ՀԿԲՄ-ի դարմանատան սրահին մէջ մատուցուեցաւ հոգեսուրճ: Հայր Սարգիս աբեղայ Աբրահամեան շեշտեց, որ հայը պէտք է ըլլայ խորագէտ, նկատի առնելով որ թուրքը խորամանկ է եւ գիտէ, որ գաղափարը անմահ է եւ այդ գաղափարին միջոցաւ կրնայ ժողովուրդ մը պառակտելով կործանել: ՙՄենք չարին մէջ պէտք է կարենանք բարին ընտրել եւ այդպէս ընթանալ՚, ըսաւ անª կոչ ուղղելով ազգային խնդիրներուն մօտենալու միասնականութեամբ, որովհետեւ ՙմիայն այն ատեն կը զօրանանք ու իրենք չեն կրնար մեր դէմ կանգնիլ՚: ՙՔսան կախաղանները նահատակուեցան վասն այս գաղափարին, թող որ իրենց յիշատակը անմար մնայ՚, ըսաւ հայր Սարգիս աբեղայ Աբրահամեանª յիշեցնելով, որ մեր նահատակները պահպանած ու մեզի փոխանցած են մեր ազգին ուսուցումներն ու արժէքները:

Խօսք առաւ ՍԴՀԿ ՙԺիրայր-Մուրատ՚ մասնաճիւղի վարչական Ընկ. Յարութիւն Շիշմանեան, իսկ Ընկ. Քէօշկէրեան երախտագիտութեան խօսք յղեց հայր Աբրահամեանին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ան նաեւ անդրադարձաւ նահատակներու սխրագործութեան ու կտակին:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԿԲՄի դարմանատունը արդէն պատրաստ է ձեզ ընդունելու ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ£

Next Post

Հարցազրոյց

Next Post
Հարցազրոյց

Հարցազրոյց

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.