Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՐԱՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

June 12, 2023
in Միջազգային
0
ԻՐԱՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

 

Իրանի իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամինէի յայտնեց, որ հիւլէական համաձայնագրի մը ստորագրումը հնարաւոր է, պայմանաւ որ չվտանգուին Իրանի հիւլէական արդիւնաբերութեան ենթակառոյցները:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին առնչութեամբ զրուցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքընի հետ ու շեշտած, որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ հիւլէական որեւէ համաձայնութիւն պարտաւորիչ պիտի չըլլայ Իսրայէլին: Ըստ Նեթանիահուի, ՙհիւլէական որեւէ համաձայնութիւն վերջ պիտի չտայ Իրանի հիւլէական ծրագրին, այլ պարզապէս հնարաւորութիւն պիտի տայ նիւթական գումար փոխանցելու շրջանին մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն՚:

Իսկ Ծոցի արաբական երկիրներու համագործակցութեան կազմակերպութիւնը շեշտեց, որ Իրան իր հիւլէական ծրագրին առնչութեամբ պէտք է յանձնառու մնայ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ ամբողջական համագործակցութեան պարտաւորութեան: Կազմակերպութեան նախարարական խորհուրդի 156-րդ նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ խաղաղ նպատակներով եուրանիւմի հարստացումին հարցով Թեհրան պէտք չէ հատէ արտօնուած սահմանը, իսկ բանակցութիւնները պէտք է ներառեն Ծոցի արաբական երկիրներուն ապահովական մտահոգութիւնները եւս: Ժողովականները շեշտեցին, որ Ծոցի երկիրները պէտք է մասնակից դառնան Իրանի բանակցային բոլոր փուլերուն:

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԱՍԻԼ` ԸՀՏԷՆԻ ԿՈՏՈՐԱԾԻՆ ՄԱՍԻՆ

Next Post

ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԻՆԳ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ՄՕՏ 806 ՀԱԶԱՐ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿ

Next Post
ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԻՆԳ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ՄՕՏ 806 ՀԱԶԱՐ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿ

ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԻՆԳ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ՄՕՏ 806 ՀԱԶԱՐ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.