Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզէֆ Աուն երէկ այցելեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններու ապահովական գրասենեակը, ուրկէ հաւաստիացուց, որ բանակը կը շարունակէ կատարել իր պարտականութիւններըª աւազակախումբերուն եւ օրինազանց խմբակներուն դէմ պայքարելու առումով: ՙՄեր նպատակն է պաշտպանել Լիբանանն ու ժողովուրդը: Հայրենիքը արժանի է ամէն տեսակի զոհողութեան՚, ըսաւ զօրավար Աուն: