Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

June 9, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

 

Լիբանանի խորհրդարանն ու քաղաքական խմբաւորումները կը պարաստուին 14 Յունիսին գումարուելիք նոր նախագահի ընտրութեան նիստին: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ շիի խմբակցութիւնները ընտրութեան պիտի մասնակցին ոչ թէ սպիտակ քուէաթերթիկով, այլ Մարատա հոսանքի նախագահ Սըլէյման Ֆրանժիէին զօրակցելով: ՙԵթէ համաձայնէին մասնակցիլ երկխօսութեան նիստերուն, որոնց մասին յայտարարած էի երկու անգամ, պիտի չհասնէինք այսօրուան ծանր վիճակին՚, ըսաւ խորհրդարանի նախագահը:

Ազգային ազատ հոսանքը, իր կարգին, յայտարարութեամբ մը յայտնեց նախկին նախարար Ժիհատ Ազհուրին զօրակցելու մասին, մերժելով ՙմիւս խմբաւորումին պարտադրած թեկնածուն, որ կարողութիւն չունի իրականացնելու բարեկարգումներ՚: Ընդդիմադիր երեսփոխան Ուատտահ Սատէք յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը յանձնառութիւն յայտնած է առնուազն 17 քուէ հաւաքելու ի նպաստ Ժիհատ Ազհուրին: Ան սակայն ահազանգեց ապահովական հաւանական միջադէպերէ, որոնք կրնան խոչընդոտել նախագահի ընտրութեան նիստի գումարումը:

Մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալը Պքըրքէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց տեղական զարգացումներըª ներառեալ նոր նախագահի ընտրութեան թղթածրարը, Ռահիի Ֆրանսա եւ Վատիկան կատարած այցելութիւններու լոյսին տակ: Պատասխանելով Պու Սաապի հարցադրումներուն, Ռահի ժխտեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին քննադատելու մասին տարածուած լրատուական տեղեկութիւնները եւ յիշեցուց, որ Պքըրքէի դիրքորոշումները կը հրապարակուին պաշտօնական յայտարարութիւններով միայն:

Share61Tweet38
Previous Post

ԺԱՆ ԻՎ ԼՈՏՐԻԱՆ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ

Next Post

ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ

Next Post
ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ

ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.