ՙՄենք պիտի շարունակենք աշխատիլ ու պայքարիլ մինչեւ մեր գրիչներուն մէջ հոսող թանաքի վերջին կաթիլը եւ երակներուն մէջ հոսող արեան վերջին կաթիլը՚: Հինգշաբթի, 4 Մայիս 2023-ին, այսպէս յայտարարեց Լիբանանի գործող կառավարութեան մէջ տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մաքարի, որպէս հովանաւոր ՙԱրարատ՚ օրաթերթի կազմակերպած ՙՆոյն Ճակատագրով՚ ոգեկոչումի հանդիսութեան, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին եւ լիբանանեան մամուլի գործիչներու նահատակութեան 107-ամեակին եւ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեանի ու անդամներու, Ս.Դ.Հ.Կ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեանի, դեսպանութեան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի եւ մշակութային կցորդ Ստեփան Գէորգեանի, Պէյրութի նահանգապետի ներկայացուցիչ` Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արամ Մալեանի, քոյր թերթերու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հայրերու, առաքինազարդ քոյրերու, Լիբանանի մամլոյ խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզէֆ Քոսէյֆիի, մամուլի եւ լրատուութեան գործիչներու, հայ ու արաբ հանդիսատեսներու:
Նախարար Մաքարի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ՙԱրարատ՚ օրաթերթին, որ ՙյիշեցուց մեզի, թէ ողջ ժողովուրդ ենք, յաղթած ենք մահին եւ նուաստացումին` հասնելու համար ազատ եւ արժանապատիւ կեանքի՚: Խօսելով նոյն դահիճին ձեռամբ անոնց կրած տառապանքին մասին, Մաքարի շեշտեց, որ հայերն ու լիբանանցիները երկու ժողովուրդ չեն, այլ մէկ` յանուն իրենց արդար դատի պայքարին, միաժամանակ աշխարհին շնորհելով բացառիկ ուղեղներ: ՙՈմանք փորձեցին ցեղասպանութեան ենթարկել ժողովուրդ մը եւ վերացնել ուրիշի մը պարագլուխները, սակայն ականատես դարձան փիւնիկի վերածնունդին: Հոս հաւաքուած ենք տօնելու յաղթանակը անոնց դէմ, որոնք խորհեցան թէ կրնան քօղարկել պատմութիւնը եւ ջնջել քաղաքակրթութիւնը՚, յայտարարեց Զիատ Մաքարի:
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն եւ Մայիս 6-ի լիբանանցի նահատակներու յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Լիբանանի մամուլի խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քոսէյֆին: ՙՆահատակներուն հայրենիքը ազատութիւնն է: Կ’ողջունեմ ոգեկոչումի նման հանդիսութեան մը կազմակերպումը, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Մայիս 6-ի զոյգ ոճիրները կը հետապնդէին նոյն երկու նպատակները` ճզմել ազատութիւնը եւ տապալել բազմազանութիւնը՚, ըսաւ Քոսէյֆի եւ հաւաստիացուց, որ ի վերջոյ պիտի ապրի Ազատ նահատակներուն յիշատակը, իսկ բռնակալութիւնը պիտի տապալի: Մամուլի խմբագիրներու սենտիքայի նախագահը դրուատեց իրենց հայրենիքէն տեղահանուած հայերուն ու եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը իրենց լեզուին, պատմութեան եւ սովորութիւններուն: Քոսէյֆիի խօսքով, հայերը իրաւունք ունին չմոռնալու տեղի ունեցածը, վստահեցնելով որ տարածաշրջանային եւ միջազգային իրականութիւններու փոփոխութիւնը չի կրնար ժողովուրդներու յիշողութենէն ջնջել արիւնալի էջերը, հետեւաբար հաշտութիւն եւ մերձեցում կարելի է միայն առերեսուելով իրողութիւններուն:
Լիբանանցի բեմադրիչ Գարմէն Լապաքի իր խօսքին մէջ պատմեց ՙԼիբանանի Հայերը՚ եւ ՙԱնունս Արամ է՚ վաւերագրական զոյգ շարժապատկերներուն մասին, որ թողարկած էր անցնող տարիներուն: Լապաքի խօսեցաւ, թէ ինչպիսի վտանգներ դիմագրաւած էր Թուրքիոյ մէջ նկարահանումներուն ընթացքին` խուսափելու համար թրքական ճնշումներէն: Ան ցաւ յայտնեց, որ այսօր դժուար պիտի ըլլար գտնել այն ամէնը ինչ շուրջ 20 տարի առաջ նկարահանած էր հայ ժողովուրդի պատմական հայրենիքին մէջ: Լապաքի անդրադարձաւ նաեւ կրօնափոխ հայերուն, որոնց հետ զրուցած է Թուրքիոյ մէջ եւ որոնց դիմագիծն իսկ կը բացայայտէ իսկական ինքնութիւնը, սակայն կը փորձեն քօղարկել իրենց ընտանիքներուն պատմութիւնը: Վաստակաւոր բեմադրիչը ահազանգեց պատմական արդարութիւնը միջազգային քաղաքականութեան եւ շահերու զոհը դարձնելու վտանգաւոր երեւոյթէն: Լապաքի շեշտեց, որ հայ ժողովուրդին նոր սերունդը պէտք է անպայման այցելէ սուրիական անապատի այն շրջանները, ուր հազարաւոր հայեր զոհուեցան Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ ուր շրջանի ցեղախումբերուն մօտ վերապրեցան բազմաթիւ հայ որբեր, որոնց զաւակներէն եւ թոռներէն շատեր տակաւին գիտեն իրենց պապերուն հայկական ինքնութեան մասին:
Լրատուութեան եւ հաղորդակցութեան արաբական համադաշնակցութեան անդամ Հայաթ Հապիպ Աուն իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Մայիս 6-ի ոճիրը օրինակներ են մշակութային ահաբեկչութեան, ազատ միտքի եւ խօսքի ոտնակոխումի: Կարեւորելով ազատ խօսքը, Հայաթ Հապիպ Աուն խօսեցաւ վերջերս իր մասնակցութեամբ մշակուած գիրքի մը մասին, ուր կ’արծարծուի տպագիր մամուլին դերը արաբական աշխարհին մէջ եւ ուր յատուկ կեդրոնացում կայ ՙԱրարատ՚ օրաթերթին վրայ, որպէս փառաւոր ուղի անցած թերթ: ՙՅիշողութիւնը պահպանող ժողովուրդ մը չի կրնար մեռնիլ՚, ըսաւ Հայաթ Հապիպ Աուն:
ՙԱրարատ՚ օրաթերթի տնօրէնուհի Ընկ.հի Անի Եփրեմեան իր երախտագիտական խօսքին մէջ յիշեցուց, որ թրքական ոճրագործութիւններուն զոհերը եղած են ինչպէս քրիստոնեաները, այնպէս ալ մահմետականները, ինչպէս հայերը, այնպէս ալ շրջանի բոլոր ժողովուրդները` ներառեալ լիբանանցիներն ու սուրիացիները: ՙՀայոց դատը կը վերաբերի համայն մարդկութեան եւ անհրաժեշտ է լիբանանցիներուն ու արաբներուն միշտ յիշեցնել, որ իրենց պապերը եւս զոհուեցան օսմանցի թուրքերուն ձեռամբ` նոյն համաթուրանական նպատակներով՚, ըսաւ Ընկ.հի Եփրեմեան: Ան նաեւ պատմեց, որ 1916-ի Մայիս 6-ին Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցածէն տարի մը առաջ, նոյնը տեղի ունեցած էր Պոլսոյ մէջ, ուր օսմանցի թուրքը հետապնդած եւ կոտորած էր հայ մտաւորականութիւնը: Ան բուռն քննադատեց Թուրքիան, Արեւմուտքը եւ միջազգային ընտանիքը, որոնք տակաւին կը խուսափին ճանաչումէն եւ հատուցումէն, վստահեցնելով որ հերոս նահատակներուն արիւնը եւ սերունդներու անէծքը ընդմիշտ պիտի շարունակեն հետապնդել Թուրքիան, իսկ ՙՊատմական Հայաստանի արեւածագը պիտի վերականգնուի, արդարութեան եւ իրաւունքի արեւը վերստին պիտի փայլի Արցախի բարձունքներուն վրայ՚:
Նշենք, որ ՙԱրարատ՚ օրաթերթի կազմակերպած ՙՆոյն Ճակատագրով՚ ոգեկոչումի հանդիսութեան բացումը կատարեց եւ զայն վարեց Տալիտա Սալպաշեան, իսկ հանդիսութեան ընթացքին երաժշտութեամբ ու երգերով հանդէս եկան Արէն եւ Ալեք Տօներեան եղբայրները, Ընկ. Յովիկ Թաֆրանեանն ու Լիւսի Աւետիսեանը: Իսկ ոգեկոչումի հանդիսութեան աւարտին, հանդիսատեսները միասնաբար երգեցին ՙՍարդարապատ՚-ի յաղթերգը` որպէս յանձնառութիւն մեր բիւրաւոր նահատակներու պատգամին եւ կառչածութիւն` հայկական դատի գալիք յաղթանակին: