Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նաժիպ Միքաթի շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները Ֆըթրի տօնին առիթով եւ մաղթեց որ տօնը աշխարհի բոլոր իսլամներուն բերէ բարօրութիւն: Ան աւելցուց, որ համագործակցութեամբ կարելի է վերացնել բոլոր խոչընդոտները, որոնք կը գտնուին երկրին առջեւ: Միքաթի կոչ ուղղեց մէկ կողմ դնելու բոլոր տարակարծութիւնները եւ համախմբուելու Լիբանանը փրկելու գործին շուրջ: