Ալինայի իտէալական սիրոյ ըմբռնումը կը կայանայ անոր անտեսանելի եւ անհասելի զօրութիւն մը ըլլալուն մէջ: Տիեզերքի ստեղծագործութեան գաղտնիքը սէրն է հաստատապէս ու կարողութիւնը ունի թէ՛ ստեղծագործելու եւ թէ՛ խորտակելու միանգամայն: Արդեօք ո՞ւր կարելի էր գծել իր սիրոյն սահմանը, մինչեւ մա՞հ, թէ՞ մահէն ալ անդին: Նման գաղափարներով ներշնչուած մեր հերոսուհին անկասկած որ պիտի ունենար խոր յուսախաբութիւններ եւ այդ հոգեվիճակը կարմիր թելի պէս կ’անցնի վէպի էջերուն ընդմէջէն:
Ալինայի մտերիմ բարեկամուհի եւ խորհրդատու Մաթիլտի կանխատեսումները` անոր ունենալիք խոր հիասթափութեան Արէտի հետ սիրային յարաբերութեան նկատմամբ, իրականութիւն կը դառնան: Ան կը հաւատար, որ Արէտ պիտի վիրաւորէր, տառապեցնէր եւ խորտակէր Ալինայի կեանքը: Ազնուական ընտանիքի մէջ ստացած դաստիարակութիւնը, մաքուր գաղափարներով մեծցած եւ գեղեցիկի ճաշակով լեցուած աղջկայ հոգին պիտի ըմբոստանար իր բացակայութեան Արէտի մշակած մտերմութեան դէմ` Նազիկի նման մակերեսային եւ թեթեւամիտ աղջկայ մը հետ: Այդ տղուն սէրը պիտի դժբախտացնէր Ալինան ու մահացնէր անոր զգայուն հոգին: Մաթիլտ ներքին մտավախութիւնը ունէր, որ Ալինա պիտի չկարենար բուժուիլ այդ ճակատագրական սէրէն եւ ուժ գտնէր իր մէջ Արէտը իր կեանքէն դուրս մղելու: Արէտ ալ, իր կարգին, համոզուած էր, որ Ալինայի նման մեծցած աղջիկ մի պիտի չկարենայ կանգնիլ ծնողքին կամքին, ընկերութեան չար օրէնքներուն եւ ցուրտ տրամաբանութեան դէմ: Ծնողքը երբեք պիտի չընդունէին, որ աղքատ ուսուցիչի մը կինը դառնար Ալինան: Ալինա չէր բաժներ Արէտի այս տեսակէտը եւ համոզուած էր, որ սիրող կնոջ համար ընկերութեան տրամաբանութիւնը կշիռ չունի եւ երբ անոնք կը սիրեն, պատրաստ կ’ըլլան նուիրաբերելու ամէն ինչ: Ալինա Արէտի սիրոյն զոհաբերեց իր գերագոյնը: Արէտ կը փոխադրուի Սկիւտար զինուորական ծառայութեան, Ալինայի տան մօտակայ շրջաններուն մէջ: Ալինա ծերունի կնոջ մը ներկայութեան կը մնար, իրենց տունը Սկիւտար, մինչ ընտանիքը կը գտնուէր մեծ կղզիին մէջ: Արէտ երեկոները այցելութեան կու գար Ալինային ու միասնաբար շատ մտերիմ պահեր կ’անցընէին իրարու հետ, հակառակ որ Հրանդի հետ Ալինան հաստատած էր պաշտօնական կապ` ոսկեմատանիով ամրագրուած: Արէտի եւ Ալինայի հոգեկան կապը հետզհետէ կը զօրանար, որուն կը միանար ֆիզիքական յարաբերութիւնը, որ կը յեղաշրջէ ամէն ինչ: Ալինա կը զգայ, որ բան մը ընդմիշտ փոխուած է իր մէջ, որուն դէմ կ’ըմբոստանայ, կը փշրուի իր էութիւնը, որ ցեղային եւ ընտանեկան աւանդութիւններուն վրայ կաղապարուած էր: Ինչպէ՞ս կրնար մօտենալ ծնողքին, մանաւանդ մօրը, եւ յայտնել իր գործած սխալին ահաւորութիւնը: Ինչպէ՞ս կրնար այդ գաղտնիքը պահել ընտանիքէն եւ ինչպէ՞ս պիտի կարենար մարդոց աչքերուն նայիլ: Ինք Արէտի կինն է այլեւս ու այս լուրը կայծակնահար պիտի ընէր իր հայրն ու մայրը: Միակ լուծումը կը գտնէ անձնասպանութեան մէջ եւ արդէն թոյնի սրուակ մը ունի անկողնին կողքին: Որոշած է երկտողներ գրել հրաժեշտ տալով անոնց, որ զինք մահացուցին իրենց օրէնքներով եւ անոր որ զինք մահացուց իր սիրով: Ինչպիսի բարեբաստիկ զուգադիպութեամբ Արշամ զարմիկը իր բնակարանէն կը նշմարէ Ալինայի տան հարեւանութեան մէջ ծագած հրդեհը եւ կը վազէ հասնելու Ալինայի օգնութեան: Ալինայի քայքայուած եւ խորապէս ցնցուած արտաքին տեսքին ի տես Արշամ կը մտնէ սենեակ ու կը տեսնէ թոյնի սրուակը, որ կը փշրէ իսկոյն: Կ’ենթադրէ որ Ալինայի նշանուած ըլլալու հանգամանքը Հրանդին հետ եւ Արէտի հետ սիրային զօրաւոր կապը պատճառ եղած են որ ան նման քայլի մը դիմէ: Կը ծրագրէ այս լուրջ հարցը քննել Ալինայի ծնողքին հետ եւ դիւրացնել անոր լուծումը երիտասարդ զոյգին համար:
Յաջորդ տարեշրջանին Ալինա Աղջկանց Ամերիկեան Գոլէճի ուսանողուհի է արդէն, սքանչելիօրէն համարկուելով միջազգային ուսանողութեան շարքերուն: Ամերիկացի տնօրէնուհին իր կամքի ուժով հիմնած էր այդ վարժարանը հայու մը պատկանող հողի վրայ, ուր մեծ թիւով հայ աղջիկներ եկեր էին ուսանելու: Ալինայի ուսանողութեան ժամանակաշրջանին, 1918 թուին, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի զինադադարը կը հռչակուի: Հայասէր տնօրէնուհին դասախօսութիւն մը կու տայ ուսանողներուն` խօսելով Հայաստանի վերաբերեալ ամերիկացի նախագահ Ուիլսընի ծրագիրներու շուրջ մեծ խանդավառութեամբ եւ ցոյց կու տայ Ուիլսոնեան քարտէսը ընդարձակ սահմաններով: Մեծ հպարտութիւն կը պատճառէ հայ ուսանողուհիներուն համար այս պատմական իրադարձութիւնը: Ալինայի խանդավառութիւնը մեծ էր եւ ան վճռած էր իր հայրենի սրբազան հողը փորել իր իսկ մատներով ու վերաշինել իր հայրենիքը: Ան կը ծրագրէր իր ամերիկացի տնօրէնուհիին օրինակով հայ աղջիկներու համար դպրոցներ հիմնել, հայուհիներու համար երկրորդական կրթօճախներու ցանց մը ստեղծել Հայաստանի մէջ:
Ալինայի շրջանաւարտութեան հանդէսին հայոց պատրիարքը ներկայ կ’ըլլայ եւ կը հարցնէ հայ աղջիկներուն, թէ ինչ պիտի ընեն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք: Ալինա առաջինը կը պատասխանէ մեծ ոգեւորութեամբ. ՙՀայաստան պիտի երթանք՚: Պատրիարք Հայրը կը զգուշացնէ` ըսելով, թէ ՙՀայաստանը դեռ խոպան է, աւերակ: Ձեր ազնիւ կօշիկներով կարելի չէ Հայաստան երթալ՚: Ալինան կը սրտնեղի, թէ մեծերը ինչպէս կը խամրեցնեն նոր սերունդին մէջ ամէն երազ ու տեսիլք: Ան վճռած է մասնակցիլ հայրենիքի վերաշինութեան գործին, որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները: Հիմա որ կարեւոր փուլ մը բոլորած է իր կեանքին մէջ եւ տիրացած է երկրորդական ուսման, ան պատրաստ կը զգայ իր կարողութիւնները ի սպաս դնելու ազգի յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման սրբազան գործին: Ալինայի խոր հաւատքն է, որ հայ ժողովուրդը, որ յաղթանակներ ապահոված է պատմութեան ընթացքին հին յոյներու, պարսիկներու, բիւզանդացիներու, մոնղոլներու դէմ եւ կրցած է պահել իր մշակոյթը, կրօնքը, հայրենիքը, ան նոյն վճռակամութեամբ պիտի շարունակէ իր յաղթական երթը ներկայ ժամանակներուն մէջ: 1915-ի ազգային ողբերգութենէն ու աղիտալի ջարդերէն ետք կարելի՞ էր պատկերացնել, որ հայ ժողովուրդը կարող էր վերընձիւղիլ վերանորոգ կամքով ու ազգային փայլուն ապագայի մը վառ յոյսերով եւ երազներով: Այսպիսին էր Ալինայի խոր համոզումը:
Ալինայի երկրորդական ուսումը զինք օժտած էր նաեւ իր անձնական տաղանդները դրսեւորելու պատեհութիւններով: Իր դերասանական արտակարգ ձիրքը կը դրսեւորուէր դպրոցի թատերական ներկայացումներու ընդմէջէն: Հանդիսատեսները ապագայ արհեստավարժ դերասանուհին կը տեսնէին իր մէջ: Ուսուցիչները ապագայ գրողը կը նշմարէին Ալինայի մէջ, հետեւելով իր գրաւոր աշխատանքներուն` շարադրութիւն, էսէյներ կամ ուսումնասիրութիւններ: Ֆրանսական եւ միջազգային գրականութեան խոր իմացումը զինք պիտի առաջնորդէր այդ նիւթերու ուսուցման հայ վարժարաններու մէջ:
Ամերիկեան Գոլէճի շրջանաւարտութենէն ետք Ալինա անդամ կը դառնայ Պոլսոյ Միջազգային Ակումբին եւ կը շփուի ամերիկացի, անգլիացի եւ եւրոպացի զինուորականներու հետ: Անոնցմէ Հերրին ամուսնութիւն կ’առաջարկէ Ալինային, որ կը մերժէ` պատճառաբանելով որ կ’ուզէ գրական աշխատանքներու նուիրուիլ ու ազգի ծառայութեան լծուիլ: Զինք շրջապատող բարեկամները կը զարմանան, որ նման երիտասարդ փայլուն թեկնածու մը ինչպէս Ալինա կը մերժէ: Ան վստահ էր, որ ծնողքը պիտի չընդունէր նման օտար ամուսնութիւն մը, սակայն բուն դրդապատճառը իր մերժողական պատասխանին կը կայանար Արէտի հանդէպ իր ունեցած արմատացած եւ իտէալական սիրոյն մէջ: Արէտ Ֆրանսա մեկնած էր ուսանելու ու Ալինայի սիրտը խորտակուած էր: Իր սիրտը դամբան մըն էր այլեւս, ուրկէ ներս ոչ ոք կրնար մուտք գործել: Իր փոթորկոտ հոգեկան ելեւէջներուն որպէս հակազդեցութիւն Ալինա ինքզինք կը նետէ թեթեւ հաճոյքներով յատկանշուող կեանքի մը մէջ: Կ’ընդունի նշանուիլ անգլիացի զինուորական Լիի հետ եւ իր ժամանակը անցընել ճաշարաններու եւ գիշերային վայրերու մէջ: Չունենալով որեւէ հասարակաց հետաքրքրութիւն իրար հետ, ժամանակ մը ետք Ալինայի համար կապը կը դառնայ ձանձրացուցիչ ու անհեռանկար եւ ստիպուած կ’ըլլայ յայտնելու Լիին, թէ կ’ուզէ վերջ դնել իրենց նշանուած կեանքին, խոր ցաւ պատճառելով զինք մեծ սիրով սիրող երիտասարդին: Խոր յուսահատութեան մատնուած Լի ինքզինք կը նետէ գինեմոլութեան գիրկը: Ալինա զղջում կ’ունենայ եւ կը ջանայ վերականգնել իրենց յարաբերութիւնը, սակայն լաւ գիտնալով որ այդ քայլը առնուած էր իրեն հանդէպ գութի զգացումներով, կը մերժէ Ալինայի առաջարկը` վերամիաւորուելու: Այս շրջանին Ալինայի առողջութիւնը կը տուժէ եւ ան ծանրօրէն կը հիւանդանայ, հասնելով մինչեւ մահուան շեմին: Իր ճակատագիրն ու հայրենիքի ճակատագիրը նոյն շրջանին փլուզում կ’ապրէին: Սեւրի դաշնագրի չեղարկումը, Մուսթաֆա քեմալ Աթաթուրքի մարտահրաւէրները, Հայաստանի սովը եւ պատերազմը դրացի երկիրներու հետ, զինք դիւրագրգիռ եւ յուսահատ դարձուցած էին: Նման հոգեվիճակներու մէջ ան կ’ուղղուի դէպի փոքրիկ մատուռ մը տան մօտիկ, կ’աղօթէ եւ հաղորդութիւն կ’առնէ: Երբ անցեալի կեանքը կը փակուի ու կ’անհետանայ երազի մը նման, Ալինա խաղաղութիւն մը կը զգայ իր հոգիին մէջ: Ջերմօրէն կը հաւատայ, որ Նազովրեցի Յիսուս ներում շնորհած է իրեն այդ օրը:
Ալինայի ազգային ծառայութեան գլխաւոր թիրախը կը հանդիսանայ Պոլսոյ մէջ հիմնուած որբանոցը տղոց եւ աղջիկներու առանցին շէնքերով: Որպէս անգլերէնի եւ Հայոց պատմութեան ուսուցչուհի, ան բծախնդրօրէն եւ լրջութեամբ կը մօտենար իր դասաւանդութեան եւ կը նախապատրաստուէր պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ: Կը ջանար իր հոգիին բոլոր քնքշութիւնը, իր հարուստ կրթութեան ամբողջ հմայքը հասցնել այդ զրկուած եւ բանուոր դասակարգի տղոց եւ աղջիկներուն կեանքէն ներս: Ան պատրաստ էր իր լաւագոյնը ընելու ճակատագրէն հարուածուած այդ դժբախտ սաներուն: Անոնց մէջ մաքուր, գաղափարական եւ ազնիւ զգացումներ կ’ուզէր դրոշմել: Որբերը Հայոց պատմութեան դասերը այնքան կը սիրէին, որ չէին ուզեր որ անոնք վերջ գտնեն: Կը խանդավառուէին Հայկի, Արամի, Սասունցի Դաւիթի եւ այլ հերոսներու քաջագործութիւններով: Այս որբերը յոյսն էին մոխիրներու մէջէն զարթնող Հայ ցեղին: Որբուհիները տարբեր պատկեր մը կը ներկայացնէին եւ անյուսօրէն քանդուած հոգեվիճակ մը կը պարզէին: Ալինա կը ջանար քաջալերել զանոնք եւ ժպիտ դրոշմել անոնց դէմքին վրայ: Անոնք ի վիճակի չէին մոռնալու իրենց ապրած վայրագութիւնը թուրք ասկարներու կողմէ: Որբուհիներու վերակացութիւնը ստանձնած տիկինները եւս չունէին պատրաստութիւնը եւ քնքշութիւնը վերականգնելու անոնց խորտակուած կեանքերը: Ալինայի հոգածութեան առարկայ էին այդ որբուհիները եւ մխիթարութիւն էր իրեն համար տեսնել անոնց օր ըստ օրէ բարելաւուող հոգեվիճակը եւ ձերբազատումը անցեալի դառն փորձառութեանց այրող յուշերէն: Այս առնչութեամբ մեծ դեր կատարեցին Ամերիկայէն ժամանած հայ երիտասարդները, որոնք եկան փրկելու հայ աղջիկները, որոնք զոհ դարձած էին թուրքերու գործադրած սեռային բռնաբարումներուն, առեւանգումներուն եւ մարմնական ու հոգեկան տանջանքներուն: Անոնք ամուսնութիւն առաջարկեցին իրենց ցեղակից հայ աղջիկներուն եւ ատով ալ ազատեցին զանոնք մարդկային եւ ընկերային ծանր դատապարտութենէ: Ալինայի հոգիին մէջ անհուն սէր եւ օրհնութիւն կար այդ երիտասարդներուն հանդէպ, որոնք եթէ չկրցան զէնքով սրբել ամօթը իրենց ազգին, վեհոգի իրենց նուիրումով երջանկութիւն բերին այդ դժբախտ հայուհիներու կեանքին մէջ:
Ատաբազարի վանք դպրոցէն Ալինայի ընկերուհի Վարդուշն ու աոր եղբայրը Մինան գիշերօթիկ եկած էին Ափրիկէէն: Հակառակ անոնց թուխ մորթին, որ կը զատորոշուէր մնացեալ սպիտակամորթ աշակերտներէն, Ալինա դարձաւ անոնց մտերիմը, յատկապէս Մինայի երաժշտական եւ թատերական մարզերու մէջ ցուցաբերած ձիրքերուն եւ կարողութիւններուն պատճառաւ: Մինայի համար Ալինա անգերազանցելի էր իր արտասանական, թատերական եւ գրական հետաքրքութիւններով: Գիտնալով հանդերձ որ Ալինայի սիրտը գրաւուած էր Արէտի կողմէ, ան չէր դադրեր իր սէրն ու հիացումը արտայայտելէ Ալինայի նկատմամբ: Իրենց բաժանումը շրջանաւարտութենէն ետք դիւրին չեղաւ երբեք, քանի որ անոնք ճակատագրուած էին ապրիլ տարբեր աշխարհամասերու մէջ:
Մեծ անակնկալ մը եղաւ Մինայի նամակը Ալինային ուղղուած: Ալինա շատ տխուր ու քայքայուած հոգեվիճակ մը ունէր Արէտի Ֆրանսա մեկնումով ու իր տառապանքին մէջ Մինայի նամակը յոյսի շող մը արթնցուց իր հոգիէն ներս: Ան կու գար վերահաստատելու իր սէրը Ալինայի նկատմամբ եւ կը խոստանար իրականացնել անոր երազները գրական աշխարհէն ներս, յայտնելով իր խոր հաւատքը Ալինայի ապագայ նուաճումներուն նկատմամբ: Ալինա մեծապէս յուսադրուած այս խոստովանութենէն կը հաւատայ, որ տակաւին կարելի է փրկել իր հոգին ամբողջական քայքայումէ: Մինա ափսոսանքով կը յայտնէր, որ Արէտը պատճառ եղած էր, որ ինք ուշացումով յայտնէ իր մտադրութիւնը ամուսնութեան վերաբերեալ: Մինչդեռ Ալինային համար ուշ չէր եւ յարմարագոյն պահն էր ընդունելու Մինայի ամուսնութեան առաջարկը: Ան անհամբեր սկսած էր դառնալ Մինայի ժամանումին: Մինա կը վերադառնար Ալինայի համար ընդունելի եւ փափաքելի ծրագրով մը: Ամուսնութիւն եւ ճամբորդութիւն դէպի Նափոլի, բարեկամի մը հրաւէրով, անոր ծովեզերեայ շքեղ առանձնատան մէջ անցընելու ամառնային արձակուրդը բնութեան գրկին մէջ, Մինայի սիրոյն ու գուրգուրանքին առարկայ Ալինան կ’ապրէր իր երջանիկ պահերը: Զարմանալիօրէն, Ալինա այս մթնոլորտին մէջ իրեն համար մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող սիրոյ թեման կ’արծարծէ Մինայի հետ: Անոր իտէալական սիրոյ սկզբունքը կ’ընդգրկէր նաեւ ամուսնութեան մէջ սիրոյ անդաւաճան եւ հաւատարիմ բնոյթը: Իրեն համար անընդունելի էր, որ կին մը կրէ իր ամուսնի անունը, վայելէ անոր սէրը, խնամքը, պաշտպանութիւնը, նիւթական ապահովութիւնը եւ խաբէ ու դաւէ անոր: Ալինայի համար նման կին մը աւելի խղճալի էր քան կեանքի թշուառագոյն էակը: Մինայի հետ համակարծիք էր, որ եթէ զոյգը բոլորովին հակոտնեայ նկարագրեր ունի եւ անկարելի է նոյն երդիքին տակ ապրիլ, ամուսնալուծումը լաւագոյն լուծումն է: Անկասկած փոքրիկներ նման թունաւոր մթնոլորտի մէջ պէտք չէ մեծնան: Սակայն ընկերութիւնը բռնակալ իր տիրոյթով ոչ մէկ օգնութիւն կ’ընձեռէ ամուսնալուծուած կնոջ: Արգելք կ’ըլլայ, որ ան նոր կեանք մը սկսի եւ զինք կ’ենթարկէ ամենախիստ դատապարտութեան: Ի հակադրութիւն այս կեցուածքին, ներողամտութեամբ կը վերաբերի նոյն կացութեան մէջ գտնուող այր մարդուն: Դժբախտաբար կնոջ սեռակիցները կ’ըլլան զինք առաջին քարկոծողները եւ հալածողները: Ալինա ընդվզումով կը լեցուի Ամերիկեան Գոլէճի հայ աղջիկներու դէմ, երբ Ատաբազարի աղջկանց դպրոցի դասընկերուհի Սոնան գոլէճ կու գայ արձանագրուելով որպէս մասնակի դասանիւթերու ուսանողուհի: Իր մասին լուրը արագօրէն կը տարածուի, որ անոր սիրած հայ երիտասարդը բանտարկուած է ու Սոնան յղի է: Դատապարտութեան եւ բամբասանքի ալիքը շուտով կը տարածուի հայ ուսանողուհիներու շրջանակին մէջ: Ալինա համոզումով կը պաշտպանէ Սոնայի սէրը ու կը պախարակէ չարամիտ հայ աղջիկները: Սէրը գերագոյն արժէք դաւանող Ալինան ոչ մէկ սխալ կը տեսնէ երկու սիրող սրտերու գերագոյն նուիրաբերումը իրարու նկատմամբ: Ինչպիսի ապագայ մը կը սպասէր այդ հայ երիտասարդին համար բանտի խուցին մէջ: Այդ էր հիմնականը Ալինային համար: Ան կը թելադրէ Սոնային հեռու մնալ գոլէճի ուսանողական շրջանակներէն եւ կը յայտնէ իր զօրակցութիւնը անոր ներկայ դժուարին կեանքի պայմաններուն մէջ:
Նափոլիի իրենց կեցութեան օրերուն Ալինա եւ Մինա կը վայելէին Վահրամի եւ տիկնոջ հիւրընկալութիւնը դասական երաժշտութեան ունկնդրութեամբ, գրական երկերու ընթերցանութեամբ եւ բանիմաց խօսակցութիւններով: Չ՛ուշանար սակայն այն պահը, երբ մթնոլորտը խանգարող երեւոյթի մը ականատես կը դառնան այս զոյգերը: Վահագն մտածումը ունեցած էր հրաւիրելու իր մէկ բարեկամը` Արէտը, որուն Ֆրանսայի իր ուսանողական տարիներուն ծանօթացած էր եւ շատ տպաւորուած անոր մտաւորական եւ գրականագիտական հմտութենէն: Ան վստահ էր, որ Արէտի ներկայութիւնը շատ պիտի գնահատուէր այս երիտասարդ խմբակին կողմէ: Բոլորովին անտեղեակ Արէտի եւ Ալինայի զգացական խորունկ կապէն, կը նկատէ Ալինայի հոգեվիճակի խանգարումը եւ մեկնելու մտադրութիւնը: Մինչդեռ Մինա կը վճռէ մնալ եւ պատրաստ ըլլալ դիմակայելու Ալինայի ընտրութիւնը իր եւ Արէտի միջեւ: Արէտ առիթը պատեհ կը նկատէ վերահաստատելու իր սէրը Ալինայի հանդէպ, որ կը խոսոտովանէր, որ միշտ իր կեանքին ուղեցոյցը հանդիսացած էր: Ալինա եւս կը հաստատէ իր սէրը, որ նոյն ուժգնութեամբ ներկայ եղած է իր կեանքին մէջ: Արէտ իր քայքայուած առողջութեամբ կը փափաքի վերջ տալ իր կեանքին եւ մեռնիլ Ալինային հետ միասին: Ալինա այս խռովայոյզ հոգեվիճակին մէջ ծանրօրէն կը հիւանդանայ իր կեանքին սպառնացող վտանգի առկայութեամբ: Քանի մը օր անց, Վահագն կը թելադրէ Ալինային այցելել Արէտին, անոր տրամադրուած փոքրիկ տնակին մէջ: Ալինա կը կատարէ Վահագնի փափաքը եւ հազիւ մօտեցած Արէտի տան մուտքին, կը տեսնէ Նազիկը որ շքեղ հագուածքով եւ արդուզարդով եկած էր Արէտին այցելութեան: Ալինա մեծապէս ցնցուած այս տեսարանէն տուն կը վերադառնայ քայքայուած հոգիով: Վահագն կը խոստովանի Ալինային, որ սխալ մըն էր Արէտը Նափոլի հրաւիրելը: Կ’ուզէր նաեւ, որ Ալինա ներէր Արէտին` Նազիկի հետ անոր պահած բարեկամութեան համար: Կը զարմանար, որ Ալինայի նման քնքուշ հոգի մը ինչպէս տառապեցուցած էր Արէտը եւ այսքան երկար ժամանակ չէր ներած իրեն: Ալինա, իր կարգին, կը խոստովանի որ ինք սիրած է եւ ներած է Արէտին իր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Սակայն իր իտէալական սիրոյ ըմբռնումը արգելք եղած է որ ան շարունակէ իր յարաբերութիւնը Արէտի հետ, որ խորտակած է երկու սիրող հոգիներու կեանքը: Շուտով կը հասնի Արէտի մահուան լուրը, յայտնապէս ան չէր տոկացած սիրոյ պատճառած հոգեկան եւ ֆիզիքական տանջանքներուն:
Արէտի մահէն ետք Ալինան կը վերափոխուի ամբողջովին: Ան կ’որոշէ շարունակել իր կեանքը Մինային հետ. կեանք մը, որ կը հաւատար պիտի բնորոշուէր օրհնութիւններով եւ երազներու իրականացումով: Խաղաղութիւն մը իջած էր իր հոգիին մէջ, ուր ապրելու տենչը հետզհետէ կը զօրանար: Արէտի հանդէպ ունեցած սէրը փոխանցուած էր Մինային եւ կեանքը պիտի շարունակուէր նոր խորքով եւ իտէալներով: Լաւատեսական այս հոգեվիճակով ալ Սեզա կ’աւարտէ իր վէպը:
ՙԽորտակուած կեանքեր՚ վէպին մէջ Սիրան Սեզա կը ներկայացնէ տիպարներ, որոնց կեանքը կը խորտակուի հայ ժողովուրդի ապրած արհաւիրքին որպէս հետեւանք: Կը խորտակուին Ալինայի եղբօր` Տիրայրի, ինչպէս նաեւ Արէտի ու Արշամի կեանքերը: Անոնք մտաւորական եւ արուեստագէտ երիտասարդներ էին, որոնց կեանքը վատնուեցաւ, տաղանդներն ու ապագան փճացան զինուորական պարտադիր ծառայութեան մէջ: Հայ մտաւորականութիւնը եւ ազգային ղեկավարութիւնը ամբողջութեամբ նահատակուեցաւ եւ ամբողջ ժողովուրդ մը ջարդի ենթարկուեցաւ: Կեանքեր խորտակուած են նաեւ ընկերութեան անզիջող օրէնքներուն պատճառաւ: Ալինայի ամուսնութիւնը Արէտին հետ անկարելի էր իրականացնել ծնողաց յարուցած ընկերային, տնտեսական, ընտանեկան եւ այլ խոչընդոտներուն պատճառաւ: Ալինա իր փայփայած իտէալական սիրոյն չափանիշերով ինք եւս արգելք կ’ըլլար այդ սիրոյ վերջնական յաղթանակին:
Սեզայի հեղինակած սոյն վէպը առաջին անգամ հանրութեան սեփականութիւնը կը դառնայ ներկայ օրերուն: Այսօրուան հայ իրականութիւնը 20-րդ դարու սկզբնական տարիներու բարքերէն եւ ընկերային սահմանափակումներէն շատ հեռու է: Այդ ժամանակաշրջանին ապրած Սիրան Սեզայի կեանքի ըմբռնումներուն եւ արժէքներուն հետ սերտօրէն առնչուած վէպի հերոսուհի Ալինայի տիպարը հիացումով կը լեցնէ ընթերցողը, որպէս լուսամիտ, տաղանդաւոր, ուսեալ, ազգասէր եւ անկախ մտածողութեան տէր հայ երիտասարդուհի: Ան յանդգնութիւնը կ’ունենայ իր ուրոյն կեանքի ճանապարհը գծելու խիստ պահպանողական եւ զգուշաւոր ընկերութեան մը մէջ, հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենածանրակշիռ տարիներու ընթացքին` 1910-էն 1920 թուականներուն: Գրականագիտական տեսակէտէ ալ ան կը ներկայացնէ Սիրան Սեզայի արժանիքը որպէս վիպագիր եւ արձակագիր, ինչպէս նաեւ արեւմտահայ լեզուամտածողութեան որպէս անխոնջ ջահակիր: Հատորը անկասկած յաւելում մը կը հանդիսանայ Սեզայի գրականութեան վաստակին վրայ եւ ատով ալ կը նկատուի խիստ ողջունելի հրատարակչական նախաձեռնութիւն մը մեր ժամանակներուն համար:
ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ