Թիւ 7
ՙԱնկեղծութիւնը եւ ճշմարտութիւնը ամէն առաքինութեան հիմն են՚:
Քոմփիկիոս, Ք.Ա. Զ. դարու չինացի փիլիսոփայ
Որքան խորանանք մարդոց կեանքի վերլուծումին մէջ, գնահատելու համար անոնց առաքինութիւնները եւ յոռի յատկանիշերը, այնքան կը գնահատենք գիւղացիին նիստուկացը, համեստութիւնը, առաքինութիւնները: Գիւղացին համեստ, անկեղծ եւ առաքինի մարդն է, անշուշտ բացառութիւններ յարգելով: Ան հողի մշակն է, հովիւը, բնութեան մօտ եղող մարդը: Բնութենէն կ’առնէ իր հոգիի եւ միտքի մաքրութիւնը: Քաղաքին մէջ կրնայ կորսուիլ մարդը… Կրնայ կորսուիլ ու դառնալ թիւ հաւանաբար: Գիւղին մէջ ան անուն ունի, ամէն մարդ կը ճանչնայ զինք, որովհետեւ քիչ է բնակչութիւնը: Մէկը միւսին գիտէ եւ երբեմն մէկը միւսին կը գովէ կամ կը բամբասէ: Այս է պատճառը որ գիւղի մարդը աւելի անկեղծ է, ճշմարիտ ու համեստ: Ասոր ամենամեծ օրինակը վանականներն են: Գիւղացիներ աւելի դիւրութեամբ վանական կը դառնան, որովհետեւ վարժուած են վանականի չարքաշ, համեստ ու մենակեաց կեանքին:
Գիւղագրութիւնը գիւղի կեանքը ներկայացնող երկն է: Անոր մէջ կը տեսնենք գիւղի համեստ մարդը, կինը, որ կապուած է իր հողին, ապրուստին, ընտանիքին: Այս սեռը կը ներկայացնէ այդ մարդոց կեանքը: Ծածուկ կոչ մը կայ այդ երկերուն մէջ համեստ մարդուն կեանքը գնահատելու, առաքինութիւնները յայտնելու եւ յոռի յատկանիշերը սրբագրելու: Անկեղծութիւնը եւ ճշմարտութիւնը բարենիշերն են գիւղի մարդուն: Անոնցմով ան կը հպարտանայ: Գիւղագրութիւնը նաեւ ներկայացումն է մարդ-բնութիւն յարաբերութեան իր բոլոր կողմերով: Այդտեղ մարդը կը յարգէ բնութեան բոլոր մասնիկներըª բոյս, ծառ, անասուն, ջուր, հող: Մարդը իր դրական լիցքով արժէք կ’աւելցնէ բնութեան: Բնութիւնն ալ կը զգայ մարդուն բարի ընթացքը ու կը գնահատէ զայն իր տուած բերքով ու բարիքով:
Մեծ պաստառի հայազգի բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեան, արեւելահայ արձակագիր Ակսէլ Բակունց եւ լիբանանցի արձակագիր Մարուն Ապպուտ հիւրերն են մեր այսօրուան ՙՄշակոյթի Անդրադարձ՚ին:
ՍԻՆԵՄԱՐՈՒԵՍՏ
ՌՈՒԲԷՆ ՄԱՄՈՒԼԵԱՆ (1897-1987)
Ռուբէն Զաքարի Մամուլեան կը համարուի 20-րդ դարու ամենամեծ բեմադրիչներէն մէկը: Ան առաջինն էր որ կատարեց սթիւտիոյէն դուրս նկարահանում շարժող տեսախցիկով: Նաեւ առաջինն էր որ օգտագործեց քանի մը խօսափող (microphone) եւ մոնթաժ մէկ տեսերիզի վրայ: ՙՔաղաքի փողոցները՚ ֆիլմին մէջ առաջին անգամ հնչած է ձայնը£ ՙՊեքքի Շարփ՚ ժապաւէնը սինեմայի պատմութեան առաջին գունաւոր լիամեթրաժ ժապաւէնն է£ ՙՈւրախ աւազակը՚ 1936 թուականին Նիւ Եորքի սինեմայի քննադատներու կողմէ համարուած է տարուան ամենալաւ ժապաւէնը£ ՙԱրիւն եւ Աւազ՚ ժապաւէնը 1940 թուականի Վենետիկի սինեմայի փառատօնին արժանացած է իրաւարարներու յատուկ մրցանակին որպէս ամենալաւ գունաւոր ժապաւէն:
Ծնած է Թիֆլիս: Կանուխ տարիքէն մայրը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է պատանի Ռուբէնի վրայ: Ան Թիֆլիսի Հայկական թատերական միութեան նախագահն էր: Ուսանած է Մոսկուայի եւ Լոնտոնի համալսարաններու իրաւաբանական դպրոցներուն մէջ£ Որոշ ժամանակ յաճախած է Եվկենի Վախթանգովի թատերական դպրոցը: Վերադառնալով Թիֆլիսª Մամուլեան Լեւոն Քալանթարի եւ Ս. Ի. Խաչատրեանի հետ 1918 թուականին կը հիմնէ բեմական արուեստի սթուտիօ: 1920 թուականէն Լոնտոնի եւ Փարիզի, 1923 թուականէն Նիւ Եորքի թատրոններուն մէջ իրականացուցած է շուրջ 60 թատերական եւ երաժշտական բեմականացումներ, որոնք մեծ ազդեցութիւն ձգած են ամերիկեան թատրոնի եւ սինեմայի ձեւաւորման եւ զարգացումին վրայ£ 1929 թուականէն նկարահանած է ժապաւէններ, ուր իրագործած է շարք մը նորարարութիւններ£
Իր ամենալաւ գործերէն ենª ՙՔաղաքի փողոցները՚ (1931), ՙՏոքթոր Ճեքիլ եւ Մըսթըր Հայտ՚, ՙՍիրիր ինձ այս գիշեր՚ (1932), 1933 թուականին Մամուլեան նկարահանած է ՙԵրգ-երգոց՚ ժապաւէնը, ՙՔրիսթինա թագուհին՚ պարգեւատրուած է մրցանակով, ՙՆորից ապրում ենք՚ (Լէօ Թոլսթոյի ՙՅարութիւն՚ վէպի սենարիոյով)£ 1964 թուականին գրած եւ հրատարակած է մանկական ՙԱպիկէյլ՚ գիրքը£ Թարգմանած է Շէյքսփիրի ՙՀամլէթ՚ը: 1968 թուականին այցելած է Հայաստան£
Մամուլեանի անունով աստղ կայ Հոլիվուտի փառքի ծառուղիին վրայ£
ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԿՍԷԼ ԲԱԿՈՒՆՑ (1899-1937)
Ակսէլ Բակունց բնութեան երգիչն էր, բառին բուն իմաստով: Բեգունց տոհմի զաւակ, ան ծնած է Գորիսի մէջ: Ալեքսանդրապոլցի, ներկայիս կիւմրեցի իր հօր ընկերները նուէր ղրկած են իրեն, երբ ծնած է ան ու իրմէ խնդրած են զաւակը կոչել Ալեքսանտրª իրենց քաղաքին ի պատիւ: Հայրը կատարած է անոնց փափաքը: Սակայն, պատանեկան շրջանին ան դեր մը կը վերցնէ նորվեկիացի թատերագիր Պիորնսընի ՙՆորապսակները՚ թատրերգութեան մէջ, կատարելով Ակսէլ անունով դերասանի մը դերը, ու այդպէս ան զինք կը կոչեն Ակսէլ: Աւարտելէ ետք Ս. Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանը, կը նուիրուի ազգի ծառայութեան: Կը մասնակցի Աշկալայի, Իլլիճայի, Արտահանի ճակատամարտերու եւ Սարդարապատի ճակատագրական ճակատամարտին:
Բակունց եւ Չարենց ճակատագրակից ընկերներ էին: Երկուքն ալ ազգային կամաւորական շարժումի անդամ, ապրեցան ու գործեցին հայրենիքի փրկութեան սրբազան առաքելութեան համար: Երկուքն ալ ապագային զոհ դարձան ամբոխավարութեան, Սթալինի ճնշիչ համակարգին: Նուիրուեցան իրենց սիրած հայրենիքին, գրիչով, ոգիով, խօսքով եւ իրենց ամենթանկագինը նուիրեցին անորª իրենց կեանքը:
1927 թուականին կ’աւարտէ Խարքովի գիւղատնտեսական համալսարանը եւ կը վերադառնայ հայրենի լեռնաշխարհ, ուր կ’աշխատի որպէս գիւղատնտես եւ գիւղին կեանքը կը նկարագրէ իր գրիչով: ՙՄթնաձոր՚ երկին մէջ, Բակունց կը ներկայացնէ Հայաստանի գեղեցիկ բնաշխարհը: Ան գիւղին զաւակն էր ու նկարագրեց բնութիւնը իր գեղեցկութեամբ, նաեւ ներկայացուց գիւղացին իր անբիծ յատկանիշերով: Նաեւ իր կեանքին դժուարութեամբ, տգիտութեամբ եւ անոր որպէս հետեւանք ապրած ցաւերով: ՙՄթնաձոր՚ի մէջ յարգուած էր բիրտ ուժը, ուր կ’իշխէր զօրաւորը, կամայականութեան հերոսը: Այս էր պայքարը, որ կը տանէր գրողը իր գրիչով, անօրէնութեան դէմ…, որուն զոհը դարձաւ քիչ ետք: Բնութեան լեզուն հասկցողն էր Բակունց: Հայրենի երկրի ամէն մէկ հողի կտոր սուրբ էր իրեն համար:
Ճակատագիրը իսկապէս զարմանալի է: Ծիծեռնակաբերդը, ուր ներկայիս կը գտնուին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ թանգարանը, 1937 թուականի ամառնային օր մը դարձաւ Ակսէլ Բակունցի գնդակահարութեան վայրը… Բակունց նահատակուեցաւ, սակայն ան կը մնայ թարմ իր ընթեցողին յիշողութեան մէջ: Ամէն անգամ որ կը կարդանք Բակունցի պատմուածքներէն մէկը, անոր յիշատակը կը թարմացնենք:
Մթնաձոր
Մթնաձորում այժմ էլ թաւուտ անտառներ կան, ուր ոչ ոք չի եղել£ Մի ուրոյն աշխարհ է Մթնաձորը, քիչ է ասել կուսական ու վայրի£ Թւում է, թէ այդ մոռացուած մի անկիւն է այն օրերից, երբ դեռ մարդը չկար, եւ բրածոյ դինոզավրը նոյնքան ազատ էր զգում իրեն, ինչպէս արջը մեր օրերում£
Վայրի վարազի պէս է անտառապահ Պանինը£ Մի հրէշ է անտառապետի տարազով£ Անտառում յանկարծ կ’երեւայ, փայտահատի կողքին կը կանգնի, կը նայի, թէ ինչպէս հատում է ծառը£ Մէկ էլ թաքստոցից դուրս կը գայ… Լեղապատառ փայտահատին մնում է կամ փախչել, կամ օձի պէս ծռմռուել Պանինի մտրակի հարուածների տակ£
Պանինը որսորդ է£ Վեց կատաղի շուն ունի£ Շների հետ որսի է գնում Մթնաձորի խորքը£ Պանինից վախենում են: Ոչ ոք չգիտի նրա ազգութիւնը, հաւատը, ծագումը£ Ասում են, որ նախկին սպայ է, մարդ է սպաննել, նստել է բանտում, յետոյ անտառ գնացել£ Հիւսիսի անտառներից մէկում նա իր կնոջն է սպաննել որսի մի գիշեր, աւելի ճիշդª շներին հրամայել էր յօշոտել կնոջը£
Գիւղում Ավին լաւ որսորդի համբաւ ունի£ Տան ապրուստի մի մասը նա Մթնաձորի խորքից է հոգում£ Բացուտներում միրհաւ է որսում, արտերի մօտ կաքաւ ու լոր, թակարդ էր լարում աղուէսի համար… Եւ եթէ Պանինից երկիւղ չի անում, կամ տեղեակ է լինում, որ անտառապահը Մթնաձորում չի, չոր ցախերից էլ մի շալակ է անում, ծածուկ մի տեղ պահում գիշերով տուն տանելու համար£
Այդ օրն էլ նա որսի էր գնացել£ Ավին մի հետքով գնաց եւ հենց որ բլրակի գլուխը բարձրացաւ, տեսաւ երկու աղուէս£ Մինչեւ կրակելն աղուէսները փախան£ Եւ որովհետեւ այդ օրը Պանինը անտառ չպիտի գար (նա լսել էր, որ անտառապահը հիւանդ է), Ավին գերադասեց մի շալակ ցախ տանել տուն£ Ավին շալակի ցախը դրեց քարին, նստեց մի կոճղիª մի քիչ շունչ առնելու£ Որսի մի շուն երեւաց, հոտոտեց Ավուն, անցաւ£ Երեւաց երկրորդը, երրորդը, յետոյª Պանինը£ Երբ Պանինը բարձրացրեց մտրակը, Ավին մէջքը ծռեց, գլուխը ձեռների մէջ առաւ£ Պանինը կնուտը ետ քաշեց եւ առաջարկեց կամ քսան ռուբլի տուգանք անտառից փայտ գողանալու համար, կամ էլ Մթնաձորի մի արջ սպաննել£ Ավին տեղից վեր թռաւ եւ եկած ճամբով գնաց Մթնաձոր£ Անտառի եւ ոչ մի արջ Պանինի տուգանքի գինը չունէր£ Ձորում յետեւից ճիւղի կոտրուելու ձայն լսեց£ Վեր բարձրանալիս զգաց, որ մէկը հետեւում է իրեն£ Արջ է: Ավին երեք անգամ կրակեց: Բայց վիրաւոր արջը ետեւից ընկաւ: Ավին շատ մօտ զգաց գազանի տաք շունչը: Ծանր հարուածն իջաւ մէջքին, բրդոտ մի թաթ ճանկերը խրեց ծոծրակի մորթու մէջ£ Լսուեց մի կրակոց, բայց Ավին ոչինչ չզգաց£ Պանինը սատանայի պէս քրքջում էր, ոտքն արջի դիակի վրայ£
Ավին հիմա էլ ողջ է£ Զարհուրանքով կարելի է նայել նրան, երբ փողոցի անցուդարձ անողներից պահուած, սրա-նրա համար տրեխ է գործում£ Ավու հագին չուխա է, ունի սովորական մարմին, առողջ ձեռքեր, որոնք շատ վարժ կար են անում£ Սակայն գլխի տեղ ունի մարդկային գանկ, ամբողջովին կլպուած, առանց մազի, առանց մորթու£ Արջը թաթի մի հարուածով ծոծրակի փափուկ մսի մէջ է խրել սուր ճանկերը եւ ողջ զայրոյթով իրան քաշել գանկի մորթին, հետն էլ գլխի մազերը, ունքերը, աչքերն ու քիթը£ Ավին շրթունքներ չունի£ Ոսկորների բաց ճեղքից երեւում են ատամները, բաց է քթի խոռոչը, եւ երբ համրի պէս խօսում է, շունչը քթի խոռոչովն է դուրս գալիս£ Երբ Մթնաձորի անուն են տալիս, երեւում է, որ ատամներն աւելի է դուրս գցում, կոկորդից ընդհատ ձայներ է հանում£ Ու չգիտեսª զայրանում է, թէ ժպտում հին որսորդը…
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՐՈՒՆ ԱՊՊՈՒՏ (1886 – 1962)
Լիբանանցի մեծ գրող եւ գիւղագիր: Ծնած է Ժպէյլ գաւառի Այն Քֆահ գիւղը: Գիւղի կեանքի ամենամեծ ներկայացնողն էր ան: Իր հերոսները պարզ մարդիկ են, գիւղացիներ: Այդ համեստութեան մէջ կը նկատէ Մարուն Ապպուտ մարդուն ամենամեծ առաքինութիւնը: Ան կը ներկայացնէ գիւղի մարդուն կեանը իր լաւ եւ յոռի երեսներով: 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկիզբը լիբանանցի գիւղացին կը տառապէր օսմանեան եւ տեղական, աւատապետական ընտանիքներու լուծէն: Այդ տառապանքը ներկայացուց Մարուն Ապպուտ: Քննադատեց տիրող հասարակարգը եւ կոչ կար իր երկերուն մէջ փոփոխութեան, բարեկարգումի: Ան նաեւ կատարած է թարգմանութիւններ, ֆրանսացի գրող Շաթոպրիանի երկերէն ՙԱթալա՚ն եւ ՙՌընէ՚ն արաբերէնի թարգմանելով: Մարուն Ապպուտ ազգային ջիղ ունեցող գրողն էր: Ան կատարած է վերլուծում Լիբանանի պատմութեան եւ ներկայացուցած է Լիբանանի քաղաքական կարեւոր դէմքերը եւ ժամանակաշրջանները: Իր երկերը թարգմանուած են ռուսերէնի եւ ֆրանսերէնի:
Հայրը կը փափաքէր որ զաւակը դառնար քահանայ, սակայն Մարուն այլ կարծիք ունէր: Ան Հըքմէ վարժարանին մէջ շարունակեց իր ուսումը եւ այս քայլը քաջալերեց իր գրական վերելքը: Հոն ծանօթացաւ լիբանանցի գրողներ Ռաշիտ Թաքիյատտինին, Ահմատ Թաքիյատտինին եւ Սայիտ Աքլին:
Իր ՙԱհատիս Ալ Քարիա՚ կամ ՙԳիւղի Պատմուածքեր՚ երկը իսկապէս կը ներկայացնէ գիւղացիին առօրեայ կեանքը իր լաւ ու տառապալից երեսներով: Մարուն Ապպուտի ոճը հեզասահ է, դիւրին հասկնալի, նաեւ զաւեշտ կայ իր հերոսներու ներկայացումին մէջ: Օրինակի համար, իր ՙԱյրին՚ պատմուածքին հերոսը այրի տիկին Մարինան էշուն վրայ նստած ատեն կը ձգէ սանձը եւ կ’իյնայ գետին, խնդուք պատճառելով գիւղացիներուն:
ՙԱյրին՚ կամ ՙԱլ Արմալա՚ն դրուագ մըն է Ամերիկա գաղթած, որոշ գումար շահած եւ գիւղ վերադառնալէն ետք տուն մը գնած ընտանիքի մը կեանքէն: Ամուսինըª Ժըրժըս յանկարծամահ կ’ըլլայ գնած տան նորոգութիւնը աւարտելէն ետք: Մարինան կը մնայ մինակ կեանքի փորձութեան առջեւ իր դեռահաս զաւակներով: Պատմուածքը կը ներկայացնէ կնոջ դժուար կեանքը լիբանանեան գիւղի մը մէջ, իր աւանդական սովորութիւններով, ուր կինը պէտք է պահէր իր պատիւը եւ ընտանիքը:
Գիւղի քահանան ալ քննադատութեան թիրախ ընտրուած է գրողին կողմէ, իր յոռի վարք ու բարքին պատճառով: Ան փոքր օրինազանցութեան մը համար դատ կը բանայ գիւղացիներուն վրայ եւ անոնք մեծ դժգոհութեամբ կը ստիպուին իջնել գաւառին սերայը կամ դատարանը, իրենց դէմ եղած հայցին լուծում գտնելու համար: Անոր ձեռքէն քիչ մարդիկ փրկուած են ցարդ: Այստեղ գրողը կը քննադատէ կրօնականի մը վարուելակերպը, որ շատ հեռու է քրիստոնեայ եկեղեցւոյ դաւանանքէն: Մարինան ալ անոր զոհերէն մէկն էր: Ան կը պահանջէ անշարժ գոյք մը, որ իր ամուսնոյն ժառանգն էր եւ որու վրայ ձեռք դրած էր այս քահանան: Ան կը պահանջէ իր իրաւունքը, սակայն կ’արժանանայ խիստ վերաբերմունքի:
Մարուն Ապպուտի երկերուն մէջ կը նկատենք քրիստոնեայ մարդուն հաւատքը, անոր աղօթքը, պահանջը սուրբերէն, Աստուծմէ, իր կեանքը հաւասարակշռելու: Այս արեւելքցի մարդն է իր գեղեցիկ սովորութիւններով, որոնց գլխաւորը աստուածավախութիւնն է: Հոն կը գտնենք նաեւ քննադատութիւն Եկեղեցիի վարուելակերպին մարդոց հանդէպ: Եկեղեցին քրիստոնեային տունն է, պահապանը եւ ոչ թէ զայն ընչազուրկ դարձնող կողմը, քաղաքացիին իրաւունքը յափշտակողը: Արդար է Մարուն Ապպուտ: Ան մինչեւ մահ մնաց համեստ մարդուն բարեկամը, անոր իրաւունքը պաշտպանողը եւ տգիտութեան դէմ պայքարող մարտիկը:
ՊՐԻՍՄԱԿ