ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՍԽԱԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԸ
Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը այս շաբթուան սկիզբը հասաւ վտանգաւոր տեղ մը, երբ լիբանանեան ոսկիին փոխարժէքը ԱՄՆ տոլարին դիմաց հասաւ 110 հազար լիբանանեան ոսկիի մէկ տոլարի դիմաց: 2023 տարուան սկիզբէն ի վեր լիբանանեան ոսկին կորսնցուցած է իր փոխարժէքը 138 առ հարիւր համեմատութեամբ:
Տարիներու ընթացքին, իրերայաջորդ կառավարութիւններու վարած տնտեսական սխալ քաղաքականութեան պատճառով երկիրը կրած է մեծ վնաս: Պարտքի վրայ հիմնուած եւ ոչ-արտադրող հատուածներուն կարեւորութիւն տուող կառավարութիւններ պարտքի դրամ առնելով փակեցին երկրին առեւտրական եւ ամավարկի կամ պիւտճէի բացերը: Ըստ տնտեսական հաշուարկի մը, 2000-2021 թուականներուն միջեւ երկիրը ունեցած 257 միլիառ ԱՄն տոլարի առեւտրական բաց: Այս հսկայ գումար մըն է նկատի առնելով Լիբանանի նման փոքր երկիր մը: Երբ երկիր մը երկար տարիներու ընթացքին կը ծախսէ իր շահածէն աւելի, արդիւնքը կ’ըլլայ ինչ որ ունինք ներկայիս: Դրական քայլ առնելու եւ երկրի արտադրող հատուածը զարգացնելու ժամանակը շատոնց հասած է:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԴՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեան Ազգային ժողովի Ընկերային հարցերու յանձնախումբին ներկայացուց իր նախարարութեան անցեալ տարուան իրագործումները եւ ապագայի ծրագիրը: Անցեալ տարի կառավարութիւնը իրագործած է իր ծրագիրներուն 98.7 առ հարիւրը: Նկատի առնուած են թոշակի ապահովութեան, ժողովրդագրական վիճակի բարելաւումի, անապահով ընտանիքներու պաշտպանութեան եւ ընկերային ծրագիրներ: Ըստ նախարարին, Հայաստանի մէջ 76 հազար ընտանիք ընկերային օժանդակութիւն կը ստանայ: Նախարարը յստակացուց, որ գործով կ’ապահովուին այդ անապահով ընտանիքներու անդամներ, զանոնք այդ վիճակէն դուրս հանելու համար: Ըստ նախարարութեան ծրագիրին, 2021-2026 տարիներուն պիտի լուծեն ծայրայեղ աղքատութեան հարցը: Անցեալ տարի, 10 հազար ընտանիք դուրս ելած է անապահով ընտանիքներու ցանկէն, շնորհիւ կառավարութեան աշխատանքին:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ ԱՆԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ
Անցեալ շաբաթ մամուլի ամենակարեւոր լուրն էր Չինաստանի միջնորդութեամբ համաձայնութեան մը լուրը Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ: Երկու երկիրները 4 օր տեւած բանակցութիւններէ ետք, իրենց Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարներու մակարդակով, հասան համաձայնութեան մը, ըստ որուն, երկու ամսուան ընթացքին պիտի վերականգնուի դիւանագիտական յարաբերութիւնը անոնց միջեւ: Խոստում կայ նաեւ չմիջամտելու իրարու ներքին հարցերուն: Սէուտական Արաբիա նոյնիսկ յայտնեց, որ պիտի քննարկէ այն մարզերը, ուր կրնայ ներդրում կատարել Իրանի մէջ: Անշուշտ այս բոլոր քայլերը ան պիտի քննարկէ իր դաշնակիցներուն հետ եւ ապագային առնուելիք քայլերը կախեալ են այդ քննարկումի արդիւնքէն: Թագաւորը Իրանի նախագահ Ռայիսին հրաւիրեց այցելելու Սէուտական Արաբիա:
Իսրայէլի մէջ խորհրդարանի ընտրութեան արդիւնքները 1990-ական թուականներէն սկսեալ սկսան թեքիլ դէպի աջ եւ ծայրագոյն աջ: Իսրայէլի ներկայ կառավարութիւնը, գլխաւորութեամբ Պենիամին Նեթանիահուի, կը համարուի ամենածայրայեղը: ՙԼիքուտ՚ կուսակցութեան ղեկավար Նեթանիահու կը փորձէ փոխել սահմանադրութիւնը, դատաւոր նշանակելու պարագային, Գործադիր իշխանութեան քուէներու թիւը աւելցնելով: Ձեւով մը ան կ’ուզէ Գործադիր իշխանութեան հակակշիռը աւելցնել Դատական իշխանութեան վրայ: Այս քայլը ամիսներէ ի վեր պատճառ դարձաւ մեծ բաժանումներու եւ բողոքի ցոյցերու: ԱՄՆ-ի կողմէ Նեթաիահուէն խնդրուեցաւ սահմանափակել այս փոփոխութեան ազդեցութիւնըª երկիրը հեռու պահելու համար որեւէ ցնցումէ, աշխարհաքաղաքական անկայուն շրջանի եւ ժամանակի մը մէջ:
ԵՒՐՈՊԱ
ԱՆԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ
Ֆրանսայի մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ներկայացուցած թոշակի բարեկարգումի ծրագիրին դէմ: Սենտիքաներ դէմ կը դնեն այդ փոփոխութեան, ըստ որուն, թոշակի անցնելու տարիքը պիտի դառնայ 64 ներկայի 62-ին փոխարէն: Ըստ նախագահին, այդ բարեկարգումը անհրաժեշտ է պահելու համար թոշակի ներկայ վիճակը: Մաքրոն դիմեց սահմանադրութեան թիւ 49.3 յօդուածին, որ թոյլ կու տայ կարգ մը օրինագիծեր վաւերացնելու առանց խորհրդարանի քուէին, որոշ պարագաներուն: Հակառակ պարագային, ան կրնայ քանի մը տարիէն սնանկանալ: Նախագահ Մաքրոնի կառավարութիւնը փոքր տոկոսով փրկուեցաւ խորհրդարանին մէջ վստահութեան քուէէն: Թէեւ նախագահը կրցաւ պարտադրել իր կարծիքը, սակայն այնպէս կ’երեւի, որ այս պայքարէն ան դուրս պիտի ելլէ ժողովուրդի վստահութեան մեծ բաժինը կորսնցուցած: Ֆրանսան կամաց-կամաց կ’ուղղուի դէպի պետական համակարգ մը, ուր ընկերային ծառայութիւնները պիտի նուազին ամավարկի սեղմումներու եւ թոշակի կրճատումներու պատճառով:
ԱՄՆ
ԱՄՆ-Ի ՏՈԿՈՍԻ ՅԱՒԵԼՈՒՄԻՆ ՎՆԱՍԸ
ԱՄՆ-ի Կեդրոնական դրամատունը, 2008 թուականին պայքարելու համար տնտեսական անկումին դէմ, շատ ցած տոկոսով դրամ մտցուց շուկայ միլիառաւոր տոլար տպելով: Երկար ժամանակի վրայ այս գումարը ստեղծեց փուչիկ մը, որ ըստ մասնագէտներու, օր մը պիտի պայթէր: Այս դրամի հսկայ ծաւալին աւելցաւ Գորոնա ժահրին դէմ դնելու համար տպուած դրամի ծաւալը: Այս հսկայ գումարն է որ ստեղծեց սղաճ (inflation): Այդ սղաճին դէմ դնելու համար Կեդրոնական դրամատունը ունէր մէկ միջոցª աւելցնել պարտքին տոկոսը: Այդ տոկոսին յաւելումը նուազեցուց հին պարտամուրհակներուն (bonds) արժէքը, որովհետեւ նոր պարտամուրհակները ունէին աւելի բարձր տոկոս: Ուրեմն, այն դրամատուները որոնք ճիշդ ժամանակին չկրցան ծախել իրենց հին պարտամուրհակները եւ ունէին տրուած պարտքի դրամի մեծ ծաւալ, կրեցին պատիժը: ՙՍիլիքոն Վէլի՚ դրամատունը ունէր այս երկու վտանգները, եւ երբ յաճախորդները նկատեցին դրամատան շուրջ վտանգ մը, քաշեցին իրենց ի պահ դրած դրամը, սնանկացնելով դրամատունը: Այս վտանգը ներկայ է Արեւմուտքի շատ մը դրամատուներու մէջ: Զուիցերիոյ ՙՔրետի Սուիս՚ դրամատունն ալ ենթարկուեցաւ նոյն ճակատագիրին եւ զայն փրկողը եղաւ ՙԵու.Պի.Էս.՚ դրամատունը, որ գնեց զայն: Ուրեմն, պարտքի տոկոսին յաւելումը, պարտքի մեծ չափը եւ վտանգը ճիշդ ժամանակին չտնօրինելը պատճառներ էին այդ դրամատուներու սնանկացումին: ԱՄՆ-ի մէջ 200 դրամատուներ ունին նոյն վիճակը, որ պատճառ դարձաւ ՙՍիլիքոն Վէլի՚ դրամատան սնանկացումին:
Այս պատճառով, Կեդրոնական դրամատունը պէտք է արագօրէն չաւելցնէ պարտքին տոկոսը: Հակառակ պարագային սնանկացումի վտանգը պիտի աւելնայ: ՙՍիլիքոն Վէլի՚ դրամատունը կը համարուէր այն քիչերէն, որոնք գիտէին ներդրում կատարել նոր զարգացող արհեստագիտութեան ընկերութիւններու մէջ: Այդ դրամատան սնանկացումը մեծ հարուած պիտի հասցնէ այդ հատուածի զարգացումին, անշուշտ եթէ չառնուին պէտք եղած քայլերըª շրջանցելու համար այդ վնասը:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ՌՈՒՍԻԱ-ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
20 Մարտին Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ կատարեց դէպի Ռուսիա պաշտօնական իր այցելութիւնը: Այս այցելութիւնը ունի իր կարեւորութիւնը, որովհետեւ Չինաստան եւ Ռուսիա կը համարուին նոր հաստատուող աշխարհի համակարգի երկու սիւները: Անոնք ՊՐԻՔՍ տնտեսական մեծ կազմակերպութեան շարժիչներն են: 2011 թուականի Սուրիոյ տագնապէն ի վեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ երկու երկիրները օգտագործեցին վեթոյի իրաւունքը միասնաբար: 2022-ին սկսած Ուքրանիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Չինաստան չմասնակցեցաւ Ռուսիան պաշարումի ենթարկող Արեւմուտքի որոշումներուն: ՊՐԻՔՍ-ի անդամներ Հնդկաստան, Չինաստան, Հարաւային Ափրիկէ եւ Պրազիլ առաջնորդեցին աշխարհի այն երկիրները, որոնք մտիկ չըրին Արեւմուտքին: Այս էր հիմնական գործօնը, որ Ռուսիան ծունկի չեկաւ ցարդ: Չինաստան մնաց Ռուսիոյ Դաշնութեան ամենամեծ ուժանիւթի յաճախորդը: Շի Ճինփինկ շատ լաւ գիտէ, որ Ռուսիան ձախողելու պարագային, Արեւմուտքի յաջորդ թիրախը պիտի ըլլայ ինք: Այս է պատճառը որ Չինաստան ինքզինք կը պաշտպանէª Ռուսիան պաշտպանելով: Արեւմուտքը իր քաղաքականութեամբ պատճառ դարձաւ, որ Ռուսիան դառնայ դէպի Արեւելք եւ իր հարցերուն լուծումը գտնէ այնտեղ:
Չինաստան ներկայիս կը լեցնէ Արեւմուտքին թողած դատարկութիւնը Ռուսիոյ մէջ: Երկու երկիրները համաձայնեցան չինական եուանը դարձնել վճարումի դրամանիշ: Միացեալ ծրագիրներ օրակարգի վրայ են ու ապագան ականատես պիտի դառնայ այս համագործակցութեան բերելիք դրական արդիւնքին:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՈՒԹԻՒՆ (Productivity)
Արդիւնաւէտութիւնը տնտեսութեան մէջ իւրաքանչիւր պաշտօնեայի կամ գործաւորի արտադրած գործն է, որոշ կարելիութիւններ եւ հում նիւթ տալով իրեն: Արդիւնաւէտութիւնը համեմատութիւն մըն է: Որքան բարձր ըլլայ արդիւնաւէտութիւնը, կը նշանակէ որ այդ համակարգը կ’աշխատի ճիշդ ձեւով: Հակառակ պարագային, կը նշանակէ որ սխալ բան մը կայ այդ համակարգին մէջ, որ պէտք է փոխուիª վերադառնալու համար բարձր արդիւնաւէտութեան: Օրինակի համար, վերջին տարիներուն, ըստ մասնագէտներու, Արեւմուտքի զարգացած տնտեսութիւններու մէջ արդիւնաւէտութիւնը սկսած է նուազիլ, մանաւանդ 2008-ի համաշխարհային տնտեսական տագնապէն ետք: Ի՞նչ են պատճառները: Հիմնական պատճառն է պաշտօնեաներու մարզուած չըլլալըª կատարելու իրենց վստահուած գործը: Պաշտօնեան կամ գործաւորը մարզուած պէտք է ըլլան: Կեդրոնացումի պակասը նաեւ կ’ազդէ արդիւնաւէտութեան վրայ: Շատ գործ ստանձնելը կարճ ժամանակի մէջ նաեւ արդիւնաւէտութիւնը կը նուազեցնէ: Գործատեղիին մէջ ընկերային մթնոլորտի պակասը նաեւ կ’ազդէ արդիւնաւէտութեան վրայ: Տնօրէնութեան ցած մակարդակը նաեւ պատճառ է ցած արդիւնաւէտութեան: Տնօրէններ պէտք է ըլլան գործի մասնագէտներ:
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ