Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Միջազգային դատարանին որոշումըª դատական հետապնդումի ենթարկելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, ոչ մէկ օրինական կամ գործադիր հիմք ունի իրենց համար:
Միջազգային դատարանը վճռած էր ձերբակալել Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը Ուքրանիոյ մէջ իր գործադրած ոճիրներուն ամբաստանութեամբ: Դատաւորները յայտարարեցին, թէ բաւարար փաստ ունին, թէ ինչպէս Փութին ուքրանացի երեխաներ փոխադրած է Ուքրանիայէն Ռուսիա ապօրինի ձեւով:
Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտարարած էր, թէ Ռուսիա չի ճանչնար Հոլանտայի Լահէյի մէջ իր կեդրոնը ունեցող Միջազգային դատարանին վճիռները: