Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ԱՊԱՑՈՅՑՆ Է՚

ՓԱՇԻՆԵԱՆ.

March 15, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՙԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ԱՊԱՑՈՅՑՆ Է՚

 

Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորը իր իսկ ստանձնած պարտաւորութեամբ` Ռուսիոյ Դաշնութիւնն է, ԼՂ-ի մէջ կայ նաեւ պաշտպանութեան բանակ, եթէ Ատրպէյճանի կողմէ ԼՂ-ի մէջ հայութեան ցեղասպանութեան վտանգ չըլլայ, ԼՂ-ն առնուազն այդ մասշտաբով պաշտպանութեան բանակ ունենալու կարիք չ՛ունենար:

Այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` անդրադառնալով հարցին, թէ Արցախի ուղղութեամբ հնարաւոր մագլցողութեան պարագային Հայաստանը պիտի ապահովէ՞ Արցախի անվտանգութիւնը, Հայաստանը պիտի շարունակէ՞ ըլլալ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը:

ՙ2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը ինչո՞ւ ստորագրեցի: Շատ պարզ պատճառով մը` ընկալելով, որ այդ իրավիճակին մէջ Հայաստանը չի կրնար, ձեզի յայտնի հանգամանքներու բերումով, ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան լիարժէք երաշխաւոր: Եւ, հետեւաբար, պէտք էր ստեղծել համակարգ մը, որ պիտի երաշխաւորէր ԼՂ-ի անվտանգութիւնը: Եւ եռակողմ յայտարարութեամբ ու անկէ յետոյ Ռուսիոյ Դաշնային խորհուրդին կայացուցած որոշմամբ, որով Ռուսիոյ նախագահին թոյլ տուին զօրքեր ուղարկել ԼՂ, արձանագրուած է, որ ԼՂ անվտանգութեան երաշխաւորը Ռուսիոյ Դաշնութիւնն է՛ ոչ թէ որ Հայաստանը կը հրաժարի անկէ, այլ որովհետեւ Հայաստանը, ցաւօք, 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան պատճառով չի կրնար լիարժէք կատարել այդ գործառոյթը: Եւ, հետեւաբար, այդ բոլոր փաստարկները իմի բերելով` պէտք է արձանագրենք, որ իր իսկ ստանձնած պարտաւորութեամբ` ԼՂ անվտանգութեան երաշխաւորը Ռուսիոյ Դաշնութիւնն է՚, յայտնեց վարչապետը:

Ան ընդգծեց, որ, միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայ պաշտպանութեան բանակ, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ ներկայացնել որպէս Հայաստանի բանակ: Փաշինեանը վերահաստատեց, որ Հայաստանը բանակ չունի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ատրպէյճանը նաեւ կը փորձէ պնդել, որ ԼՂ պաշտպանութեան բանակը պէտք է լուծարուի, գոյութիւն չունենայ:

ՙԵթէ ԼՂ հայութեան ցեղասպանութեան վտանգ չըլլայ (ԼՂի մէջ, այդ նեղ վիճակին մէջ միլիառներ կը ծախսեն բանակը պահելու համար), առնուազն այդ մասշտաբով պաշտպանութեան բանակ ունենալու կարիք չ՛ըլլար: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պաշտպանութեան բանակի գոյութիւնը ամենամեծ ապացոյցն է ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտումներու նախապատրաստութիւններու՚, նշեց Փաշինեան:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆՆ ՈՒ ԱՍԻԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴԼԱՅՆԵՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿԸ

Next Post

ՆԱԹՕ-Ի ՆԱԽԿԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՍԿԶԲՆԱՄԱՍ

Next Post
ՆԱԹՕ-Ի ՆԱԽԿԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՍԿԶԲՆԱՄԱՍ

ՆԱԹՕ-Ի ՆԱԽԿԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՍԿԶԲՆԱՄԱՍ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.