Ամերիկեան բանակը յայտարարեց, թէ Սեւ ծովուն վրայ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարք մը եւ ռուսական ռազմական օդանաւ մը բախած են իրարու:
ԱՄՆ-ի նախագահութեան գրասենեակը դատապարտեց ռուսական օդանաւին անպատասխանատու արարքը, որ ամերիկեան սարքի կործանումին պատճառ դարձաւ: Ըստ ամերիկեան աղբիւրներու, անօդաչու թռչող սարքը կը գտնուէր միջազգային շրջանի մէջ եւ որեւէ վտանգ չէր սպառնար ռուսական կողմին: